ԻՄ ՀՈԳՒՈՅՍ…

Իմ հոգւոյս տաճարին մէջ հուր

Պիտի մնաս յաւէտ՝ անմար կանթեղ մը բուրեան,

Ամէն գիշեր պիտի գամ գլխահակ ու լուռ՝

Նոր կա՜յծ մը տալու իմ գալիք օրուան։

Իմ հոգւոյս մատեանին մէջ սիրավառ,

Վերջին աստղն ես՝ մշտավառ.

Գիշերներուս մէջ մտերմիկ, առօրեայիս՝ գալարուած,

Կը մնաս հաստատ ուղին՝ նպատակասլաց։

Իմ հոգւոյս անդաստանին մէջ դրախտային,

Արեւաբոյր վարդն ես՝ սիրոյ տեսքով մեկին,

Ամէն գիշեր, ցերեկ, ժամ թէ վայրկեան,

Չարչրկած գոյութեանս կու տաս յոյս վաղուան։

Իմ հոգւոյս տաճարին մէջ ամայի,

Կը մնաս մշտաբորբոք ճրագը բոցավառ,

Որ կը լուսաւորէ իմ առօրեան դաժան

Ու գիշերներն իմ տարտամ...

2004