ՄԻ՛ ՆԱՅԻՔ ԻՆԾԻ…

Մի´ նայիք ինծի ձեր տարտամ աչքերով,

Այլ նայեցէք բիլ, միջօրէի յստակութեամբ.

Նայեցէք պարզ, առանց նախանձի ու կասկածի,

Ես կա´մ, ինչպէս կայ անձկութիւնը սիրահարի դէմքին,

կամ ժպիտը՝ մանուկի հոգիին.

Գուցէ լո՜ւռ ու անկիւն մը ծուարած՝

Ես կրնամ տեսնել ու ճանչնալ էութիւնը ձեր,

Կրնամ պիտակել ձեզ, ըստ արժանւոյն։


Մի´ դատէք զիս ձեր հասարակ յայտարարներով,

Այլ դատեցէք մարդու յաւերժական չափանիշերով.

Դատեցէք անշահախնդիր, ինչպէս որ ե´մ ու կա´մ,

Ինչպէս առաւօտեան ցօղը՝ տերեւին վրայ հանգչած։


Մի´ նայիք ինծի ձեր խանդոտ աչքերով,

Այլ նայեցէք բիլ, միջօրէի յստակութեամբ.

Նայեցէք ուղիղ իմ աչքերուն ու կը տեսնէք յստակ,

Թէ ինչքան փխրո՜ւն, խոցելի՜ է մարդը այս դարուն.

Պեղեցէք խո՜ր իմ հոգին, որ ժայթքի դուրս լաւան,

Ժայթքի առատօրէն՝ կեանքի մրուրը հոն ամբարուած։


Մի´ դատէք զիս այս անփառունակ դարու չափանիշով,

Այլեւ, բոլոր ժամանակներու անհուն արժէքներով.

Դատեցէʹք որպէս իր ժամանակի խիղճը տարագիր,

Դատեցէʹք որպէս նոր օրերու խոցուած սիրտ հիասթափ։


Ես կա´մ, կը մնամ ու պիտի հանդիպինք կրկին զիրար,

Աղջամուղջի փարատումէն ետք, նոյն վայրը անցեալի,

Ուր կը դեգերի իմ ոգին թեւաւոր, ձիթենիի ճիւղը բռնած։

2005