ԻՆԾԻ Կ’ԸՍԵՆ
Ինծի կ’ըսեն՝ ինչո՞ւ տխուր է հոգիդ,
Ու գիրդ դառնացա՜ծ այդքան,
Աշխարհը գեղեցիկ է ու վայելքը անպակաս,
Ինչո՞ւ երգդ տրտում է ու յուսահատ այսքան։
Կրնայի ուրախ ըլլալ անկասկած,
Եթէ անտարբեր ըլլայի՝ մարդոց ցաւին,
Աղքատին հառաչանքին,
Տկարին խեղդուկ ճիչին դիմաց՝ լուռ ու համր.
Բայց այդպէս չէ, բարեկամներ...
Ըմբոստ մըն եմ ես՝ անիրաւին դէմ,
Կեղծիքին դիմաց խաբեբայ մարդուն,
Անձին կոյր փառասիրութեան,
Ու անոր բազմատեսակ շահարկումներուն։
Հոգիս աշխարհին հայելին է միշտ եղած,
Մերթ ուրախ, մերթ տխուր,
Հոգիս մարդուն վիշտն ու տառապանքը,
Տուայտանքն է իր մէջ թանձրօրէն քամած.
Հոգիս երեխային նման յուզուած,
Երեխային ճիչն է՝ մօրմէն միայ՛ն հասկցուած։
Ու ինծի կ’ըսեն՝ ինչո՞ւ տխուր է հոգիդ,
Ու գրիչդ դառնացա՜ծ այդքան,
Կեանքը միայն ողբ ու ցաւ չէ,
Ինչո՞ւ խօսքերդ խոցող են այսքան։
Ըսեմ ձեզի, բարեկամներ անկեղծ.
Պատեհապաշտ մը, անտարբեր մը չե՜մ,
Ինչպէս են մարդիկ յաճախ։
Հաւատաւոր մըն եմ աշխարհին
ու արարչութեան,
Երկրպագուն եմ բնութեան հմայքին,
անկեղծ բարեկամութեան.
Խոնարհ սիրահարն եմ՝ բարի,
անսեթեւեթ ընկերութեան.
Հաւատաւորն եմ ցեղիս մեծութեան,
անոր հպարտ առաքելութեան.
Սակայն աշխարհն է ինկած
վատ ու ոխերիմ մարդոց
ճիրաններուն մէջ,
Իսկ բնութիւնը, բռնաբարուող կնոջ նման՝
դարձած է լուռ զոհ մը,
համակերպած՝ զինք լլկող
հրէշի կամքին,
Ու իմ ցեղը, զոհը՝ իր մշտաբորբոք ու անվերջանալի
ներքին քանդումին, դարէ դար։
Ու դեռ կ’ըսեն՝
Ինչո՞ւ տխուր է հոգիդ,
Ու գրիչդ միշտ դառնացած...։
2004