«ԽԵՆԹԵՐ»

գրչեղբայրներուս

Ի՜նչ փոյթ, բարեկամ,

Եթէ անունդ ապրի

Տասը տարի,

Հարիւր տարի,

Կամ իսպառ չքանայ

Պատմութեան ահեղ դատաստանին դիմաց...

Ի՜նչ փոյթ, բարեկամ,

Եթէ մարդիկ ուզեն կարդալ կամ ոչ քու մատեանը

Կամ յիշեն քեզ որպէս ոգի՜ն ժամանակի:

Ի՜նչ փոյթ, եթէ քու տապանաքարին պիտի այցի գան մարդիկ

Կամ փոխանցեն քու լոյսը սերունդներուն գալիք...

Դուն խի՜ղճն ես այն խե՜ղճ մարդկութեան,

Որ գիտէ մոռնալ իր անցեալը ցաւագին.

Դուն բաբախող, տագնապող սիրտն ես

հէք մարդկութեան,

Որ մոռցնել գիտէ զաւկին՝

աւանդը հօրմէն ժառանգած:

Դուն, բարեկամ, ապրեցա՜ր

Ժամանակիդ դառնութիւնն ու մորմոքը մարմնաւորած,

Ապրեցար հայեացքդ ձիւնածածկ գագաթին սեւեռած,

Ու կոտտացիր խոր վիհերուն մենութեամբ:

Երբ շուրջդ անտեսման քօղն էր անթափանց,

Յարեա՜ր ու բարձրացար փիւնիկի մը վեհութեամբ

բարձունքնե՜րը անհասանելի,

Եղար արտաքուստ աննշան ծղօտի մը հեզութեամբ,

Բայց ներքուստ պարփակեցիր մարդկութեան ցաւը

տակառի մէջ ճնշուած բարկ գինիին նման:

Գուցէ բացուի՜ տակառը օր մը բախտորոշ,

Ու ըմբոշխնեն քու գինին,

օրհնութեամբ մը լորձնաշուրթն,

կամ դոյզն գոհունակութեամբ մը մեկուսի:

Ուրեմն ի´նչ փոյթ, բարեկամ,

Եթէ անտեսեն քեզ մարդիկ

Կամ ալ երբեք չյիշեն աւանդդ ազնիւ.

Ի՛նչ փոյթ՝ անունդ ապրի

Տասը տարի,

Հարիւր տարի,

Կամ իսպառ չքանայ

Պատմութեան ահեղ դատաստանին դիմաց...

Դուն ապրեցա՜ր

Ժամանակիդ դառնութիւնն ու մորմոքը մարմնաւորած,

Ու անցար-գացիր

Ճիտիդ պարտքը վճարած ըլլալու

արդարացի բերկրութեամբ...