Բովանդակութիւն
ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ...
Տասնամեայ շրջանի մը մէջ գրուած այս բանաստեղծութիւն-ները առաւելաբար կը պարփակեն երիտասարդական շրջանի մը տագնապները, երազները, խորհրդածութիւններն ու սէրերը…: Անոնք յատուկ կերպով կը կրեն դրոշմը Լիբանանեան պատերազմի ցաւալի առօրեային ու անորոշութեան: Այս ծիրին մէջ պէտք է տեսնել զայն գլխաւորաբար:
Հրատարակելով զայն, երկարատեւ վարանումէ ու մտածումէ ետք, հեղինակը կը միտի ազատագրուիլ այդ ներքին տարերքէն, որ իր հարազատ էութիւնն է եղած այդ տարիներուն ու ինքնանպատակ է աւելի քան որեւէ յաւակնութեան մը արտայայտութիւնը:
Աշխարհ եկած մարդը կը յաւակնի առաքելութեան մը նպատակը կրել: Այդ կարճատեւ ուղեւորութիւնը ունի հաւանաբար վախճանական նպատակ մը, բայց միշտ եղած է առարկայականօրէն անծանօթ ու ենթակայականօրէն տարերային ու յարափոփոխ:
Այս բանաստեղծութիւնները ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն չեն աւետեր, սակայն երկարատեւ հարցադրումներու եւ ներանձնական յոյզերու վիճակ մը կը պարզեն, նոյնինքն այդ ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ:
Լոյս ընծայելով զայն, հեղինակը կը յուսայ պարտք մը կատարած ըլլալ առաւելաբար իր խղճին հանդէպ, ո՛չ աւելի ո՛չ պակաս:
ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
«Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթը» բանաստեղծական երախայրիքս, լոյս ընծայուած 2003-ին, խթան դարձաւ աւելի հաստատ քայլերով եւ անբեկ համոզումով մը շարունակելու երթս գրականութեան անդաստանէն ներս: Գրական պարբերաթերթերու եւ մամուլի մէջ լոյս տեսան շարք մը նոր բանաստեղծութիւններ եւ ուրիշներ մնացին անտիպ: Գրախօսականներու եւ անկեղծ բարեկամներու մնայուն քաջալերանքը մղեց զիս որ հրատարակեմ այս գիրքը, որ կþընդգրկէ վերջին ութ տարիներու ընթացքին գրուած բանաստեղծութիւններու փունջ մը, յետ ընթերցման եւ սրբագրութեան: Այդ պատճառով ալ գիրքս կը կրէ «Դարասկիզբի Մտորումներ» խորագիրը:
Մարտահրաւէրներով յղի նոր դարաշրջանի մը մէջ կþապրինք, ընդհանրապէս, որպէս մարդկութիւն եւ ազգովին: Այդ մարտահրաւէրներն ու մարդկային տագնապները խոր շեշտ ու ազդեցութիւն կը թողուն մեր հոգեկան եւ իմացական ենթագիտակցութեան մէջ: Կը փորձենք յաղթահարել զանոնք, սակայն, չենք կրնար անտեսել անոնց դրոշմն ու ազդեցութիւնը մեր հաւաքական եւ անձնական կեանքին վրայ: Այդ կը յայտնաբերեն առաւելաբար այս գիրքին մէջ ընդգրկուած բանաստեղծութիւնները, որոնք հարազատ դրսեւորումն են իմ ներքին մտորումներուն եւ յոյզերուն, ու հարազատ ցոլքն են ապրած միջավայրիս եւ անոր տագնապներուն:
Ինչ որ զգացած եմ եւ ապրած, յանձնած եմ թուղթին ընդմէջէն ժամանակին, որ գերագոյն անաչառ դատաւորն է: Նոյնինքն դարասկիզբի ժամանակներու հարազատ ձայնն է որ կու գայ ներկայէն ու կþերթայ ապագային, ուղեւորութեան մը նման որ մարդուն անբաժանելի ճակատագիրն է այս աշխարհի մէջ:
Այս առիթով, իմ խորին երախտագիտութիւնս կþուզեմ յայտնել առաջին հերթին, կնոջս՝ Իրմային, որ գլխաւոր քաջալերողն է եղած միշտ իմ ստեղծագործական թափիս: Նոյնպէս, գրչեղբայրներուս, ի մասնաւորի, բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեանը ու Խաչիկ Իշխանեանը (Շահպան), որոնք սիրայօժար կերպով ընթերցեցին գիրքս եւ իրենց թելադրութիւններով ու լեզուական, քերականական ճշգրտութիւններու վերանայումով նուազ խոցելի դարձուցին զայն: Այսու, կը յայտնեմ իմ յատուկ շնորհակալութիւնս:
Երթը կը մնայ անաւարտ, խօսքը՝ տիրապետող: Հաճելի ընթերցում:
ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ
ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ
Հայ գիրքի տարուան առիթով եւ գրատպութեան 500ամեակին նուիրուած այս համեստ ներդրումը՝ բանին ու գեղեցիկին բագինին վրայ։ Թեմաները՝ աշխարհը, սէրը, մարդը, հայրենիքը, իմ ցեղը, ծննդավայր քաղաքս, հին փողոցները, հին ու նոր մտահոգութիւններն ու ապրումները, բայց հիմնականին մէջ՝ աշխարհն ու մարդը եւ ուղեւորութիւնը՝ կեանքի գուպարին մէջ նետուած մարդուն՝ միայնակ ու առանձին։
Ներփակ բանաստեղծութիւններու մէկ մասը լոյս տեսած է գրական թէ առօրեայ մամուլին մէջ, միւսները լոյս կը տեսնեն առաջին անգամ։ Կան նախորդ հատորէն դուրս մնացած բանաստեղծութիւններ, որոնք տեղ գտած են հոս առաջին անգամ։ Կ’ուզեմ յայտնել, որ կարգ մը լոյս ընծայուած բանաստեղծութիւններ ենթարկուած են բարեփոխումի, իսկ ուրիշներ փոխած են իրենց խորագրերը։
Երախտագիտական իմ խօսքս կ’երթայ ընտանիքիս, ու բոլոր անոնց, որոնք ուղղակի թէ անուղակի կերպով քաջալեր եղած են ու ե՛ն տակաւին, իմ երկնելու ճիգիս, հակառակ այն վատառողջ մթնոլորտին, որ կը շարունակէ յամենալ մեր շրջապատին մէջ, ու ի հեճուկս այսօրուան աշխարհի նիւթապաշտ իրավիճակին։ Ի վերջոյ, հայ գրողին համար աւելի բարենպաստ պայմաններ չեն եղած ոչ մէկ ատեն, ուստի, ան պիտի շարունակէ ստեղծագործել՝ իր խղճին համարատու ու իր ժողովուրդին ու մշակոյթին ծառայութեան ի խնդիր։
Հաճելի ընթերցում։