ՕՐ ՄԸ ԲԱԽՏՈՐՈՇ
Իմ հոգին թափուր
Վանած սէրերը երէկի,
Իմ հոգին միայնակ,
Որոնումի անդուլ ճիգին մէջ,
Կը ձգտի անծանօթ էակին,
Որ պիտի տենդոտ օր մը յայտնուի յեղակարծ:
Փոշի է պատած իմ փակ մատեանին,
Ժամանակի փոշին կլանած՝ անոր էջերը տժգոյն.
Հիմա փորձն է փախուստի,
Բանտարկեալի մը նման՝ անխոցելի զնտանէն.
Մենութեան պատերը ճեղքելու,
Անծանօթին յարատեւ փնտռտուքի ձգտումը
Ունի հոգիս,
Որ ցարդ եղաւ ճիգ մը միայն,
Չերգուած երգը իմ մատեանին.
Բայց իմ աշխարհը պիտի այլակերպուի
Ի վերջոյ անոր յայտնութեան դիմաց
Օր մը բախտորոշ...
Ու յեղաշրջէ պիտի կեանքն իմ տարտամ։
1989