ՕՐԵՐ

Ինչքան ալ փորձեմ հասկնալ քեզ,

Թափանցել խորքերդ մութ,

Գիտեմ, որ կեղեւն եմ թափանցեր միայն,

Օ՜հ, այնքան խորն ես դուն,

Ովկիանոսին նման անհո՜ւն,

Որուն տեսքը կ’առթէ ա՜հ ու պատկառանք։

 

Տարիները կ’անցնի՜ն, սիրելի՛ս,

Կարծես հաշուի ես նստած ինծի հետ,

Դարձեր ես պահանջկոտ, երբեմն՝ խիստ

Մեզ պատասխան է պէտք բազում հարցերու,

Վեր ա՛յն լոզունգներէն, որոնք ի վերուստ են հրամցուած։

Ի՞նչ վերջաբան գրենք պիտի.

Աւարտող կեանքի մը անաւարտ վէ՞պը գուցէ։

 

Ինչքան ալ թեւերն իմ սլանան աստղե՜րն ի վեր,

Ձայնդ դառնայ վճի՜տ ու տիրակա՛ն,

Կարիքն ունիմ հասկնալու քեզ,

Թափանցելու թաքուն խաւերդ բազմաշերտ։

Մի՛ զրկեր զիս քեզ ճանչնալու երանութենէն,

Երբ աղեղը ձգտումներուս սլացիկ է դեռ։

 

Իսկ տարիները կ’անցնին արա՜գ, սիրելի՛ս,

Մի գուցէ մօտ ենք կեանքի վերջալոյսին,

Ողջերթի պահն ալ կը մօտենայ արդէն...

2019