ՕՐԵՐ
Ինչքան ալ փորձեմ հասկնալ քեզ,
Բարձրանալ սանդուխներն ի վեր,
Պարզ ու յստակ տեսնելու ամէն բան,
Գիտեմ, որ կեղեւին մակերեսն եմ թափանցեր միայն,
Ու այնչափ խորն ես դուն, ինչքան ովկիանոսը խենթ,
Որուն տեսքն անգամ կ’առթէ վախ ու յարգանք:
Բայց տարիները կ’անցնին, սիրելի՛ս
Ու մենք սկսած ենք հաշուի նստիլ քեզի հետ,
Սկսած ես դառնալ պահանջկոտ, խիʹստ երբեմն,
Ու պատասխան է պէտք շատ հարցադրումներու,
Վեր աʹյն լօզունքներէն, որոնք ի վերուստ են հրամցուած.
Ի՞նչ պիտի գրենք փոխան վերջաբանի,
Աւարտող կեանքի մը անաւարտ վէ՞պ միթէ:
Ինչքան ալ բարձրանանք սանդուխներն ի վեր,
Որքան ալ ձայնդ դառնայ ջինջ ու յստակ,
Տարբեր՝ բոլոր ձայներէն ու խօսքերէն,
Կարիքն ունիմ դեռ վերծանելու քեզ,
Թափանցելու թաքուն խաւերդ բազմաշերտ,
Մի՛ զրկեր զիս քեզ հասկնալու երանութենէն,
Զի օրերը կ’անցնին արա՜գ, սիրելի՛ս,
Արդէն շատ մօտ ենք կեանքի վերջալոյսին:
Մնաք բարովի օրը կը մօտենայ արդէն…
2019
ԿԱՄԱՐ, թիւ 32-2019, էջ 68։