ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Աշխարհին, այո՛, մաքրութիւն է պէտք...
Պարոյր Սեւակ
Աշխարհին մաքրութի՜ւն էր պէտք...
Մարդուն գործած աւերներէն,
Իր իսկ ստեղծած ապականութենէն անշնչելի,
Մոլեգին կեղեքումներէն բնութեան ու երկրին,
Անխնայ շահագործումէն հողին ու ընդերքին.
Աներեւոյթ վարակ մը տուաւ հանգիստ աշխարհին...
Շնչեցին ծառեր ու երկինք,
Մաքրուեցան երկիր ու հորիզոն,
Ակնթարթի մը մէջ...։
Աշխարհին խաղաղութի՜ւն էր պէտք...
Մարդուն գործած չարիքէն,
Ինքնաստեղծ վարակներէն,
Անվերջ պատերազմներէն,
Սպանութեան ու քանդումի մսխած գումարներէն,
Աներեւոյթ վարակ մը խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին,
Փակեց բերանը թնդանօթին,
Սպառնալիքները փոխադարձ,
Դադրեցան կռիւ ու պատերազմ յանկարծ,
Ակնթարթի մը մէջ...։
Աշխարհին զգաստութի՜ւն էր պէտք...
Անօթութիւն, զրկանք ու տառապանք։
Մսխում ու զեխութիւն անդին
Կլանած էին մարդկութիւնը համակ։
Աննշան վարակ մը
Զգաստութեան կոչ էր ու կոչնակ՝
Փրկելու մարդկութիւնը արատաւոր
Ու աշխարհն այս յոգնաբեկ։
Տեսան, ի վերջոյ, մարդիկ արժէքը
Երկրին, Ժառանգն այս թանկագին,
Ակնթարթի մը մէջ...։
Աշխարհին փրկութի՜ւն էր պէտք...
Մարդուն՝ ազատագրում չարիքներէն,
Մեղքերէն ու իր գործած աւերներէն,
Ու գիտակցութիւն՝
Իր անզօր մարդեղութեան.
Տեսաւ մարդը, թէ ինչքան նսե՜մ,
Խե՜ղճ ու ապիկար է
Անհո՜ւն տիեզերքին մէջ,
Ինչքան ագա՜հ, ընչաքա՜ղց է եղած
Աշխարհին, տիեզերքին հանդէպ։
Աննշան վարակ մը շնորհեց առիթ մը նոր,
Փոփոխութեան, վերանորոգութեան,
Ակնթարթի մը մէջ...։
Ու հաւասարեցան մեծն ու փոքրը,
Հարուստն ու աղքատը,
Նսեմացան պետութիւններ, երկրներ անզօր,
Փլուզուեցան արժեհամակարգեր,
Արժէք դարձաւ լոկ կեա՜նքը փխրուն,
Նոր հերոսներ ծնան, անշուք աւերակներէն,
Անկեղծութեան պահը դարձաւ հրամայական։
Աներեւոյթ վարա՜կ մը
Դարձաւ պահի թելադրանք եւ խթան
Ներհայեցողութեան,
Ինքնաճանաչողութեան,
Հաստատում հի՜ն, չհնացած իմաստութեանց,
Գուցէ ակնթարթի մը համար։
Բայց դեռ շա՜տ ժահրեր ու վարակներ տարատեսակ,
Երեւելի եւ աներեւոյթ,
Պիտի կրկին պատուհասեն հէք մարդկութիւնը
Ակնթարթի մը մէջ...եթէ ուշքի չգանք...
2020