ՔՈՇՄԱՐ
Մի՞թէ սա մղձաւանջ մը չէ՞ ծանր,
Գիշերին մէջ անաստղ, տագնապալի,
Որմէ երբ սթափինք,
Տեսնենք պիտի Արցախը հպարտ,
Խրոխտ արծուին նման,
Կը նայի հեռուներուն՝ անձկութեամբ,
Իր գալիք թռիչքին։
Պիտի գայ օրը, հիասթափինք անկասկած
Ծանր այս մղձաւանջէն,
Որուն մէջ կը գալարուինք,
Գիշերին մէջ, անայգաբաց ու հոգելլկող,
Ու տեսնենք կրկին
Արծիւը հպարտ,
Կը նայի հեռուներուն մթագնած։
2020