ՔԵԶԻ´, ՔԷՅԹ

Քեզի´, Քէյթ, կը գրեմ երգ մը

Ջինջ, խո՜ր էութեանդ պէս,

Որ դառնայ անմառ խօսք մը՝

Գալիք օրերս լուսաւորող:

Պարզ ու խաղաղ երեւոյթիդ մէջ,

Այնքան հեզ կերպարիդ խորերը,

Կայ վեհութիւն մը Աստուածային,

Որ կը պարտադրէ պաշտամունք ու սէր:

Երկա՜ր չարչրկեցի միտքս ու հոգիս,

Չզգալու աʹյն, ինչ կ’ապրիմ հիմա,

Բայց ընդունեցի վերջապէս

Որ կը սիրեմ քեզ մոլեգնօրէն:

Գիտեմ նաեւ, որ մեր բաժանումէն ետք,

Պիտի սկսի տառապանքի երկա՜ր շրջան,

Որուն վէրքը գուցէ երբէ´ք

Չկարողանամ ամոքել.

Ու կեանքի դաժան ընտրանքին դիմաց՝

Մնամ ո՜րբ ու միայնա՜կ,

Լոկ մեր ապրած սիրով մխիթար...:

1985