ՔԱՂԱՔԻՆ, ՈՐ Կ’ՕՏԱՐԱՆԱՅ
Քաղաքներէն՝ մաշուող, հիւծող,
Փողոցներէն հետզհետէ օտարացող,
Անուրջներու վերածուած անցելապաշտ յուշեր
Կը հեռանան տարանջատ,
Տատրակներուն նման մեղմաձայն․
Գունաթափուող պատկերը քաղաքին
Կը դառնայ մտորումներու
անդիմագիծ հոգեվիճակ,
Հինի ու նորի,
Կորսուածի ու ներկայի
Անսահմանելի եզրերու ստուգաբանութիւն անհեթեթ։
Ամբոխներ կ’այլակերպին,
Անուններ, հասցէներ կը փոխուին,
Դիմագծեր կ’աղօտին՝
Օտարացող մեր ժամանակներուն նման,
Ոգի՜ն կը հեռանայ անվերադարձ,
Կռունկին նման մոլորած։
2021