ՓՈՐՁԱՔԱՐ

Պատահական հանդիպում մը զոյգի,

Վերածուեցաւ ընդհուպ սիրոյ ոդիսականի

Ու աւարտեցաւ բաժանումով մը ուժգին.

Վերամիացումը մնաց ուխտ մը,

Միակ ցանկութիւնը երկուքին.

Ու ամէն նամակի հետ

Կը մնայ ան փորձաքար մը խի՜ստ:

Ու կրկին այս պահուն,

Յուշերու ալիք մը, տարերային,

Կը խուժէ հոգւոյս

Անհուն ոլորտներէն ներս,

Կը բորբոքէ սիրոյս մոխիրները թէժ:

Յամրընթաց օրերուն հետ խոժոռ,

Հոն ստեղծուեցաւ պարապ մը,

Ուր եղար միակ կէ´տը

Յիշատակելի, թէեւ անրջային,

Որ զիս պիտի կապէր այս աշխարհին,

Դառնար լուսաշող աւանդ

Ու կենսատու աւիշ...

Եւ հիմա, այդ կէտը կը վերածուի

Լարուած ականի,

Կլանող, անշքացնող մէկ գործիքի...

Երբեւէ այն գագաթը չէիր անհա՜ս,

Որուն նայէի խանդով մը սեւեռուն.

Երբեւէ սէրս տարերային չէր,

Ինչպէս է հիմա։ Հոգիս ու էութիւնս

Քեզի կը ձգտին, հոգի՛ս... այնպէս

Ինչպէս հիւլէները Երկրին կը ձգտին իրար,

Մագնիսական «բնազդ»էն թելադրուած...

Սիրոյս փորձաքարին դիմաց

Կանգնած եմ անզօ´ր ու զինաթափ...:

1985