ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՀՈԳԻ
Յարաշարժ ովկիան մըն է հոգիս.
Տարերք մը կայ հոն, անզուսպ,
Վէրք մը՝ անմատչելի ու խո՜ր...:
Տագնապն է ան հայու ներկային,
Հայրենիքէն դուրս նահանջող հայուն,
Արմատներէն հեռացող սերունդներուն.
Հետզհետէ կը մարի անոնց մէջ հաւաʹտքը,
Երկիր վերադառնալու վճռականութիւնը...:
Ճաճանչափայլ աստղերու նման
Սփռուած աշխարհի երեսին,
Աւա՜ղ, կը թանձրանայ անոնց մէջ
Կա՜մքը մաքառումի,
Հաւա՜տքը գոյատեւումի,
Հուրը անշեղ սլացքի...:
Հրդեհ կայ սրտիս խորը.
Աւա՜ղ, կործանման եղերերգն է անիկա...:
1984