ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Ամբոխին մէջ կանգնած

Կը դիտեմ շուրջս բորբոքած.

Ամէնուրեք հանդէս է, բերկրանք,

Ու մարդիկ կը խայտան...

 

Երջանի՜կ են, նայեցէք անոնց, մեծ պաստառին վրայ,

Սելֆիներ ու խմբային  պատկերներ  կը նկարուին։

Անոնք վարիչներն են խաբկանքներու թռիչքին,

Անոնք մեզ կ’առաջնորդեն պայծա՜ռ գալիքին...

 

Ճառեր փողփողուն,

Հասակներ պարթեւ,

Ձայներ տրիբուն...

 

Երանելի՜ են

Ու հպա՛րտ՝ հարթակներուն վրայ,

Քանզի կ’առաջնորդեն հօտը ապահով փարախ.

Անոնց երախտիքը անսահման է, բեռն՝ ծանր անկասկած

Այս դարուս պարտուողական։

 

Ժպիտներ անհո՜ւն, անսակարկ,

Չքնաղ պատկերներ խմբային, միայնակ,

Անհունօրէն երջանիկ, գոհունակ.

 

Մի՛ բարկանաք անոնց յոխորտանքէն,

Շռայլ խօսքերէն՝ պատրանաթափ.

Անոնք մերօրեայ երանելիներն են,

Դափնիներ հագած կ’երթան գիշերուան խնջոյքին։

 

Զի անոնք հօտը ապահով փարախ տանող

Հովիւնե՜րն են ժրաջան...


2020