ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Անծանօթ աղջկան

Վաճառատան առջեւ կանգնած,

Հրճուանքով կը դիտեմ գաղտագողի նայուածքները

Անծանօթ աղջկան, պատշգամը կանգնած,

Որ մերթ ընդ մերթ կը մնայ սառած,

Չեմ գիտեր՝ ի՜նչ երազներով տարուած...

Թէեւ անծանօթ էակ մը ինծի,

Բայց երեւումը կը վերածուի պահանջքի,

Փոխադարձ, լուռ հրճուանքի,

Որ օրէ-օր կը ծաւալի,

Մի՞թէ անմեղ սէ՜ր մը կը հիւսուի...:

Մտածումներուս մէջ՝ թափառական,

Բնակութեամբ՝ դրացի,

Բայց կը մնաս երկչոտ, հեռո՜ւ,

Կարծես աստղ մ’ըլլաս անհասանելի...

Կը սպասեմ բախտաբեր հանդիպման,

Բայց ան կ’ուշանայ...

Կը մնայ աներեր ցանկութիւն մը նուիրական...։

1985