ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ...
Կ’ուզեմ անջատուիլ կապանքներէն մարդկային,
սահմանագծումներէն յարափոփոխ,
Հոգեկան կապերէն ներկայի՝ երկրային.
Կ’ուզեմ ըլլալ քիչ մը աւելի վեր
Քան մարդը կրնայ հիւսել ու հագուիլ,
Քան մարդը կրնայ ցանել ու հնձել,
Աւելի վեր քան նախանձի աշխարհները,
Աշխարհ մը, որ երազային չէ,
«իւթոփիք» ալ չէ,
Բայց ուր մա՜րդն է գերիվեր,
Ուր ճիգն է մարդկային, ազնիւ ու վեհ...
Կ’ուզեմ անէանալ գիշերուան անդորրին մէջ...
Ու երբ աչքերս բանամ կրկին,
Չըլլամ երբէք ա՜յն ինչ էի,
Չգտնուիմ հոն ուր միշտ եմ եղած
ու ոչինչ եղած,
Կ’ուզեմ ըլլալ աներեւոյթ հիւլէ մը,
Որ մարդկային գոյութեան կու տայ
իմաստ ու նպատակ,
Իր շրջապատին ուղեկորոյս
կու տայ նոր շունչ սփոփարար:
Կ’ուզեմ աշնանային օր մը հեռանալ լո՜ւռ,
Վաղ առաւօտեան աղջամուղջին մէջ լուսէ,
Ու աչքերս չբանալ այս տխուր աշխարհին երբէք.
Հոգիս լոկ միանայ իր սիրելիներուն,
ամէնուրեք ցրուած...
Ուզեցի ըլլալ ճրագ մը
Խաւարին մէջ համատարած,
Ուզեցի ըլլալ աւելին՝ քան էի ու կրնամ ըլլալ.
Կը զգամ սակայն այն ահաւոր պարապը
Որ կայ հիմա իմ մէջ,
Զոր կրեր եմ այսքան ժամանակ,
Հաւատացեր որ կրնամ լեցնել զայն.
Ափսո՜ս, այդ պարապը չկրցայ լեցնել
ոչ մէկ գնով,
Այդ պարապը ոչ ոք կրցաւ լեցնել
դարէ դար...:
1988