ՏՐՏՈՒՆՋՔ
Թախիծն է, հին տօնակարգի մը նման,
Հանդիսաւոր մուտք կը գործէ հոգւոյս մէջ,
Անկոչ հիւրի մը նման, մուրհակները ձեռքին.
Կ’ընկճէ թռիչքս վերասլաց,
Կամքս, որ միշտ ուժեղ է եղած.
Կսկիծը ոխերիմ կ’ուղղէ զիս
անորոշի ոլորտները մահացու,
նահանջի դիրքերը պարտուողական...
Աւա՜ղ, միշտ նոյն իրականութիւնն է, անխնայ,
մակընթացութեան ու տեղատուութեան,
Նոյն հոգեխռով գիշերներն են, լո՜ւռ ու մենաւոր,
Մտալլկումները կեանքի, հարցադրումը գոյութեան,
Նոյն որոնումը ճշմարիտին ու ներքին ձայնին...
Ափսո՜ս... միշտ հին երգն է շրթներուս,
տրտմութեան նոյն մշուշը հոգիիս,
Որ անձկութեամբ կը սպասէ ամպերու փարատումին
Եւ հոգիներու ճախրանքին անարգել,
Երեւումը ամէնուրեք ուրախութեան կանչերուն՝
փոխան հառաչի ու տնքոցի,
Ճառագայթումը խղճին ու տառապող սրտերուն՝
փոխան կռունկի տրտմերգերուն...
Աւա՜ղ... միշտ նոյն իրականութիւնն է թշուա՜ռ...
1988