ՏՈՒՐ ԻՆԾԻ ԽԱԲԿԱՆՔԸ

Ահագնացող ամպին նման,

Մինչ թանձր խոհերուս պատերէն ներս

Կը տեղայ անձրեւ յորդառատ,

Կը հայցեմ հեռուէն եկող մեղեդիին,

Սփոփանքի ու մոռացման խնդրարկու։

 

Ձմեռ է, ատամներ կռճտող ցուրտ,

Երկինքը դարձած է զայրացկոտ,

Սիրտ մը կ’արտասուէ լուռումունջ։

Հեռուներէն եկող ձայնդ միայն կը մխիթարէ,

Կը յուզէ՜, երգին քաղցր հեշտանքին հետ

Ջերմ ու յուսատու օրեր կը խոստանայ։

Միայն թէ չուշանայ օրն այդ անձկոտ։

 

Եկո՜ւր, տո՛ւր արեւին ու գարնան մեղեդիներուն

Հասցէ՛ն իմ սրտին ու դրանս բանալին կորսուած։

Հոգիի ձմեռ է խիստ, կը տեղայ մորմոք ու արցունք։

Եկո՜ւր, շրջէ՛ երկինքն ու աստղերը տակն ի վեր

Ու բեր գարնան սփոփող շունչը մարմրող իմ հոգիին։

 

Դուրսը ձմեռ է, ձիւն կը տեղայ անվերջ,

Տո՜ւր ինծի գէթ խոստում մը խաբուսիկ,

Տո՜ւր խաբկանքը յուսատու, որ պիտի գաս։

 

2022