ՏԽՈՒՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՐԿՐԷՆ

Մահաշշունջ հեռուներէն եկող տխուր լուրերուն՝

Սիրտեր ահաբեկ, ծուէն-ծուէն մահ ու խունկ կը շնչեն։

Օրհասական այս պահերուն՝ տագնապի ու անձկութեան,

Հոգեվարքի մոմահալած տարուբեր կայծերուն նման,

Գահավէժ մահուան գիրկ կ’երթայ աշխարհն հայոց,

Ինքնակամ մոլուցքով մը անտարբեր.

Հո՞ երթաս, Հայաստան,

Խորտակուած նաւու մը նման տարուբեր…

Երբ խոնջէնքին մէջ մաղձոտ գիշերին,

Որոնումը՝ հրաշք, լուսաւոր աստղին,

Կը դառնայ աղօթքի մրմունջ, աղերսանքի ճի՜չ։

Հո՜ն, մութ դաւադրութեան զոհասեղանին,

Հրէշներ վատոգի կը խարխլեն հիմերը հայոց տան,

Օտարամուտ լօզունգներու զիլ բարբաջանքով,

Ու ամբոխի հուռագոչիններով մահապար կ’երգեն,

Մարտահրաւէր կարդացող լկտի վերջնագրերով։

Անդի՜ն, հարեւաններ արիւնաբաղձ,

Գիշատիչ գազաններու նման անյագուրդ,

Լո՜ւր գիշերին մէջ նոր զոհեր կ’որոճան։

Հո՞ երթաս, Հայաստան,

Որբեւայրի կնոջ մը նման ողորմելի…

***

Օ՜հ, դիւցազուննե՜ր մեծափառ, դարերուն հի՜ն,

Ո՜վ հայկեան ոգի արեւափառ, Տիգրանի հրաշք սուր օգոստափառ,

Քանդեցէ՜ք շղթաները մահաքունի, մեղկութիւնը հոգիներուն,

Պատմութեան անէծքի զոհ ցեղն իմ կ'աղերսէ իմաստութի՜ւն,

Փշրեցէ՜ք կապանքները ստրկամտութեան՝ պարտեալ հոգիներուն,

Թող ցեղն իմ հայկեան, իր հոգեվարքէն ծնի նո՜ր մայիսներ յաղթապանծ…

2021

Անտիպ