ՏԵՍՔԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑ
Կը քալէ փողոցն ի վար
Ոսկեհեր աղջնակը արաբ.
Ծակոտկէն պլուզին
Կը խայտան ստինքները թարմ,
Մեղրամոմի նման շրջագծուած.
Սլացիկ հասակն իր կանացի,
Կու տայ անոր հմայք մը թովիչ,
Կարծես ըլլար դիցուհի մը վաւաշոտ:
Կը քալէ արագ, նժոյգի մը նման,
հաստատ քայլերով,
Ուրախ՝ մարդոց նայուածքներէն՝
իր վրայ գամուած.
Կիսաբաց փէշին արանքէն
Մերթ ընդ մերթ կը խայտան
մերկ սրունքները հոգեհմայ:
Կի´նն է: Ամբողջական, ցանկայարոյց:
Հմայքն ամբողջ տարածած,
Կ’որսայ տղոց հառաչանքները՝
խո՜ր ու երկա՜ր...
Կը մեկնի հեռո՜ւ, ետին թողած
Գերուած սրտեր հալումաշ...:
Գեղեցկութեան մարմնացումը՝ անանձնական,
Յարաշարժ տարերք մը դիւթանքի,
Կի´ն, վերջին ճշմարտութիւնը երկրային,
Քեզի կը խոնարհի հոգիս մարդկային,
Քեզ կը ցանկայ էութիւնս համակ.
Կիʹն, ես գերին եմ հիմա
Քու տեսքիդ գերազանց...:
1986