ՏԵՍԻԼՔ
Նայեցայ երկնքին՝ ճաճանչագեղ աստղեր կը ծորէր,
Հեշտասէր կնոջ մը տարփանքի ծէսն էր կարծես,
Բայց հոգիս դառնաշփոթ մեխակներու փունջ էր,
Վերջին տեսիլքն ըլլար հրաժեշտի ձօն որպէս։
Օ՜, անցորդ մարդ, հերթն է մեկնողներու, կանգառին դիմաց,
Դառնահեծ բաժանման տեսարանին՝ ե՛ս՝ տխուր վկան,
Շփոթած քայլերով կ’երթան ճշմարտութեան ընդառաջ.
Սա ցնորքն է, մարդը՝ անցորդը, այս խաբկանքին վկան։
Նայեցայ երկնքին՝ արեւն իր քնքշանքով զիս կը դիւթէր,
Գուրգուրոտ մօր սեւեռուն աչքերէն ծորող կեանք էր կարծես,
Նոր օր էր, հրա՞շք, թէ՞ դիպուած, էական չէր,
Սա մշտադալար տեսիլքն էր գողտրիկ իմ պարտէզիս...
2021