ՏԵՍԱՅ ՁԵԶ ՁԵՐ ՄԵՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Տեսայ ձեզ ձեր մերկութեան մէջ,
Պաճուճուած ադամանդաշար բեհեզներով,
Զերդ Մակեդոնացին,
Ոսկեայ գահին բազմած։
Ձեր գահին տակ սողոսկող գաճաճներ՝
Հաւատարմութեան վկայագիրը ձեռքերնին՝
Կու գային երախտիքն իրենց յայտնելու,
Սպասելով անվերջ,
Ձեր վճիռին ականջալուր։
Թշուառներու այդ բանակը
Կը կոխկռտեր մէկզմէկու,
Թունալից հայհոյանքներու վկայակոչութեամբ.
Օ՜ն, յառաջ, գաճաճներ այս դարու,
Մեր ժամանակի խեղճ վիժուկներ։
Կ’երթաք դուք, կու գան ուրիշներ,
Կ’երթան անո՜նք, կու գան ուրիշներ,
Ոչինչ չի՛ փոխուիր, մարդը չի՛ փոխուիր,
Ցաւն ա՛յն է սակայն, որ կը մոռնանք,
Կու գանք ու կ’երթանք նոյն ճակատագրին հանդիման,
Ըլլալու ստրուկ, կամ ալ՝ ճորտ անիրաւ։
2019