ՏԱՐԻՆԵՐԸ ՄԵՐ
Տարիները սահեցան, սիրելի՜ս,
Բայց ժանգ չկապեց սէրը մեր.
Բրուտին նման, գիշեր ու ցերեկ,
Հունցեցինք զայն, յղկեցինք անդո՜ւլ,
Տաք քրտինքն ու հոգին մեր
Երգերով ու յուշերով անոր խառնած.
Տարիները սահեցան, սիրելի՜ս,
Բայց կարծես երէկ էր հանդիպումը մեր,
Գիշերուան ալիքներուն մեղեդին
Կը թրթռայ տակաւին ականջիս մէջ,
Երբ պարզ էր արդէն, թէ ճանապարհը մեր,
Աստուած էր ընտրած մեզի համար։
Տարիները սահեցան, սիրելի՜ս,
Բայց ո՞վ հաշուեց օրերն ու ժամերը մեր,
Բրուտը կը բանի, պիտի բանի երկա՜ր,
Երգերն ու յուշերն ալ մնան պիտի անաւարտ...
2022