ՏԱԳՆԱՊ ԵՒ ԽՌՈՎՔ
Քանի-քանի՜ անգամներ
Յանձնուեցանք քեզի ակամայ…
Դուն փայփայեցիր մեր մտերմութիւնը,
Եղար ընկեր հարազատ,
Երբ ամայութիւն կը տիրէր չորսդին։
Պարտուողական ժամանակներ էին
ու ե՜ն տակաւին։
Անայգաբաց այդ գիշերներուն,
Խցեցինք ականջներն մեր
Սոխակի երգին հոգեթրթիռ,
Փակեցինք պատուհանները աղմուկի,
Ու ականջ տուինք վրէժի կոչին, կռիւի երգին՝
Մեր հոգիներուն մէջ բոյն դրած։
Անէութեան պահին դէմ յանդիման,
Փակեցինք մեր հոգիները ժամանակի փականով,
Դադրեցուցինք սլաքը ժամացոյցին՝
Մեր վիզերն ի վար կախուած,
Չլսելու բաբախումը մեր սրտերուն,
Չլսելու ոտնաձայները յամրաքայլ,
Ու մտանք խաբկանքի անձաւին մէջ լուսաթաթախ,
Ինքնակամ։
Հաւատացինք, կորսուեցանք...
Ու բախեցին մեր դռները բիրտ հարուածներով
Քամիին սուլոցն ու որոտումի թաթերը կարծր.
Բերին հեռաւոր ափերու բարեւները կարօտի
Ու գինիները Մարսէյի դաշտերուն՝
փարչերով յորդուն.
Խմեցէ՜ք ըսին Արեւմուտքի արեւահուր այգիներու
Եւ դեղձան կիներու ոտնակոխ խաղողէն զգլխիչ,
Խմեցէք ձեր ցաւերով յագեցած գինին լեղահամ,
Յանձնուեցէ՜ք մեր կամքին ինքնակամ,
Ընդունեցէ՜ք մեր ատելութիւնը՝
որպէս շնորհք ձեզի տրուած։
Մերժեցինք մեր խորերու դարպասները թակող՝
Կապտագոյն երազները մոլոր,
Հծծիւնը՝ գիշերային զեփիւռին,
Դարձանք օտարականներ մեր ինքնայոյզ խռովքին։
Քանի-քանի՜ անգամներ
Յանձնուեցանք քեզի ակամայ...
Ու դուն ծաղրեցիր մեր յիշողութիւնը,
Խլրտեցիր մեզ մեր էութենէն,
արմատներէն՝ ցամքած...։
2013
ԲԱԳԻՆ Հոկտ. -Դեկտ. 2013, ԾԲ տարի, Թիւ 4, էջ 23-24։