ՏԱԳՆԱՊ

Վերջալոյսի ամէն պահէ ետք

Կը սպասենք բացուող նոր այգին.

Եւ մարմրող հին լոյսին հետ

Կը սիրենք տեսնել նոր յոյսը

Տարբեր՝ բոլոր ձախորդ օրերէն:


Կը քաշքշենք մեզի հետ՝ հաւատքը մեր հին,

Ա՜յն, որ կռունկին նման դարձաւ տարագիր -

Ամէն հայու պէս.

Ու կ’ողբանք ճակատագիրը մեր անբախտ,

Անկարող՝ վանելու պատրանքները տարտամ,

Կոտտանքը, յարատեւ խարխափող մեր մտքին։


Ողբերգական ա´յս տռամին

Անփորձ դերակատարներն ենք.

Թէեւ անհուն փորձառութեան տէր՝

Որ կորսնցուցեր ենք զայն առ յաւէտ,

Նահանջող, մեզ մաշող օրերուն պէս:


Նստած, մտատանջ ապրումներով,

Կը փնտռեմ լո՜յսը՝ խաւարին ետին...

Իսկ եթէ չգտայ զայն.... կը ցանկամ

Ստեղծել ի՜մ լոյսը ամէն գնով:

Այլապէս, կ’ուզեմ չապրիլ այնուհետեւ,

Քանզի պարտուած մըն եմ՝

Պատմութեան դատաստանին առջեւ:

1983