ՎՐԷԺԻ ԱՍՏՈՒԱԾՈՒՀԻԻՆ
Փոխան աղօթքի մրմունջներու ես այս գիշեր, թեւերս բաց,
Կ’ոգեկոչեմ Վրէժի Աստուածուհին, ոխերիմ ու դաժան,
Կանգնած աներեր, կարմիր դրօշն իր պարզած,
Երկնքի խաւարին ընդմէջէն կը նայի մաքառող իմ ցեղին։
Սաւառնէ՛, դիցուհի, հառաչանքի կիրճերէն ու լեռներէն փոթորկոտ,
Հրահրէ՛ լճացած կիրքերը մեր հրեղէն ոգիիդ ցասումով,
Թող գրոհէ ցեղն իմ դրօշիդ ներքեւ միակամ
Հայրենի սահմանները պատուհասող խաւարատենչ ոսոխին։
Փոխան աղօթքի մրմունջներու ես այս գիշեր, թեւերս բաց,
Կ’ոգեկոչեմ քե՛զ, անողոք վրէժի դաժա՛ն դիցուհի.
Տարածէ՛ բազուկդ կայծակնազօր հայրենի մշուշապատ սարերուն,
Բորբոքէ՛ մեր հոգիները ոգեվար, գալիք բիրտ մարտերուն։
Թող փողերը հնչեն բոցագոյն դրօշներուդ ներքեւ օրօրուն,
Բանակներն ալ հագնին երկաթեայ զրահները պայքարի,
Զի մեր ցաւերէն դարաւոր, մեր պարտութիւններէն անասելի,
Պիտի շեփորենք կրկին նախնեաց փառքը վերապրո՛ղ մեր ցեղին։
Երեւան, 2021