ՇՈՒՇԻԿ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ Խաչիկ Տէտէեանի «Խենթ Գիշերներու Թափառումներ» գիրքին առիթով
Սիրելի՛ Խաչիկ, գիտէի թէ միտք եւ իմացականութիւն պիտի գտնեմ տողերուդ երկայնքին, բայց քիչ գիտէի թերեւս թէ հոն պիտի գտնեմ նաեւ հոգեկան խռովք ու զգացական պոռթկում։ Այս բոլորը ի մի շաղախուած կը ստեղծէ բանաստեղծութիւն մը, «Խենթ Գիշերներու Թափառումներ» գիրքին իրերայաջորդ բանաստեղծութիւնները։ Մարմնի ու հոգիի բովէն անցած քերթուածներ՝ որոնք շատ հաճելիօրէն կʼառգրաւեն ընթերցողը։ Շնորհակալութիւն, Խաչի՛կ, այս գիրքիդ համար, որ ժամանակակից լիբանանահայ գրականութեան այլապէս կիսամեռ կացութեան մէջ՝ նոր յոյսով եւ նոր հաւատքով մը կը զինէ մեզ, գրականութեամբ ապրող բոլոր խենթերս։
Գաղափարներու բանաստեղծն է Խաչիկ։ Զգացական պահերու բանաստեղծն է, նաեւ։ Եւ այս բոլորը՝ բառի ճշդագոյն օգտագործումի մʼընդմէջէն, մաքրամաքուր հայերէնի մը կիրարկումով։ Հաճելի է ըմբոշխնել սա հայերէնը, ճշգրիտ ու վճիտ, զուլալ ու յստակ։ Զարմանալի չէ, երբ անընդհատ ականատես ես գրողի անկեղծ ու խոր հայրենասիրութեանը, իմա՛ երկբեղկուածութեանը ընդմէջ սփիւռքին եւ հայրենիքին։ Ապրումներ՝ որ ամէն մէկս կրած ենք մեր հոգւոյն մէջ։ Կացութիւններ՝ որ ապրած ենք խորութեամբ եւ յաճախակիօրէն։
Տէտէեան ըսելիք ունեցող մարդն է, կեցուածքի տէր մարդ անհատը, որ անտարբեր չէ ոչնչի։ Կը խոկայ, կը զգայ, կը յիշէ, կը յուզուի, կը պոռթկայ, կը թելադրէ։ Ան երբե՛ք խուլ չէ իր ներքին ձայներուն, ու միաժամանակ չափազանց զգայուն է դուրսէն հասնող բազմաբնոյթ թելադրանքներուն։ Ու կարծես յաջողած է ստեղծել ոսկեայ միջին մը, որ զինք ապահովապէս կʼառաջնորդէ կեանքի դժուարին արահետներուն վրայ։ Հաւատարմութիւնն ու պարկեշտութիւնը սին խօսքեր չեն Խաչիկի համար։ Մարդկայնութիւնը կը կազմէ առանցքը իր քերթողութեան։
Սիրելի՛ ընկեր բանաստեղծ, անխոնջ շարունակէ երթդ։ Մենք՝ հեռու թէ մօտիկ բարեկամներդ՝ միշտ պիտի ըլլանք կողքիդ, քաջալերելու քեզ եւ սատար կանգնելու քու ճիգերուդ։ Երբ կը կարդայի «Թափառումներ»դ հոն զգացի հայ գրականութեան դարաւոր շունչը, մեր ազնուական ցեղի պաշտելի ներկայութիւնը ու մեր նահատակներու ցասումնալից կտակը։ Թող հայ գրականութեան Աստուածը ընդմիշտ հովանի ըլլայ քեզի՛։
Սիրով՝
ՇՈՒՇԻԿ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ