ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Իւրաքանչիւր գիրք, որ հայերէնով լոյս կը տեսնէ, մեզ կը դնէ զոյգ վկայութիւններու առջեւ. ազնիւ յամառութեամբ հայերէն գրողներ կան, մարդիկ, որոնք ազգային լեզուի կենդանութեան կը հաւատան եւ զայն կենդանի կը պահեն, ապա նաեւ այն, որ ազգային լեզուն ատակ է ըլլալու ստեղծագործական հաղորդակցական միջոց։ Երկու պարագաներուն ալ հարազատ մշակոյթի հարստացման կը բերուի նպաստ, այն պարզ գիտակցութեամբ, որ օտարալեզու գիրքը օտարի մշակոյթի աւազանը կը հոսի եւ կամ՝ սոսկ քարոզչական միջոց է, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կը ծառայէ հայ եւ հայ մշակոյթ ծանօթացնելու, մեր տեղատուութիւններուն ընկերացող անվաղորդայն սնափառութիւն։
Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւններու գիրքը երբ կը կարդայի, այս մտածումները ունեցայ։ Գիրքը տեսակ մը catalyseur հանդիսացաւ՝ հայկական մերօրեայ կացութիւնը սեւեռելու, որ ե՛ւ կʼառնչուի, ե՛ւ չʼառնչուիր գրականութեան, բանաստեղծութեան, ընդհանրապէս մշակոյթին։ Երբ գիրք մը լոյս կը տեսնէ, դեռ հայութեամբ բաբախող անհատը անոր տիրութիւն պէտք է ընէ ընթերցումով, վայելքի եւ սեփական կարծիք կազմելու համար, առանց ենթարկուելու կանխակալ դատումներու։ Գիրք մը անպայման «բան» մը կը բերէ, տպաւորող կամ ոչ, կը փոխանցէ հոգեխառնութիւն մը կամ ծանօթութիւն մը։ Այս պատճառով էր, որ ԺԶ. դարու ֆրանսացի գրող իմաստասէրը՝ Մոնթենը, կʼըսէր, թէ չի ճամբորդեր առանց գիրքերու…
«Դարասկիզբի մտորումներ» հատորի բանաստեղծութիւնները, զգուշաւոր ճիգով մը, անհատական ապրումներ կը բերեն՝ առանց պոռոտ ըլլալու, առանց արտառոցութեամբ տպաւորելու մարմաջի։ Թէեւ այս ճիգը կարծէք կը խոչընդոտէ ապրումներու բազմագոյն դրսեւորումը, տեսակ մը խոհեմութիւն, որ ստեղծագործական ժայթքը կը պահէ հանրային ընդունելի համարուած հունի մէջ։ Ո՛չ ցնցում, ո՛չ գայթակղութիւն։ Այս պատճառով երբեմն կանգ պէտք է առնել եւ ըսուածի ետին չըսուածը լսել, ինչ որ ընթերցողը կը մղէ ենթակայական ընկալումներու, դատումներու։ Ի հարկէ, բանաստեղծութիւնը, ինչպէս ընդհանրապէս արուեստները, չեն ըմբռնուիր, այսինքն միասին առնել եւ իւրացնել, ինչպէս ճշգրիտ գիտութիւնները։ Այս հասկացողութեամբ ալ գիրքը պէտք է նախ կարդալ։
Խաչիկ Տէտէեանի մօտ առկայ է տեւաբար իմաստասիրելու տրամադրութիւն մը, կը հարցաքննէ ինքզինք եւ ժամանակը.
Մի՞թէ որեւէ բան փոխուեցաւ այսօր երէկէն,
Թէ կեանքը նոյն ընթացքն է, անորոշ ու տարտամ։
……………
Մի՞թէ իմ տխրութիւնս փարատեցաւ պահ մը միայն,
Դարձաւ գարնանային անուրջ ու պատրանք մը դիւթական,
Թէ… կրկին տիրեց իմ ներաշխարհին խաւար անջրպետի նման։ (էջ 15)
Բանաստեղծելու արկածախնդրութիւնը զինք կը տանի իր «ես»ի որոնման, «ես», որ վիրաւոր է, մինչ ինք ունի միութեան եւ պայծառութեան ցանկութիւն.
Գտնել իմ հպարտ կէսը,
Անզիջո՛ղ ու ինքնահաւա՜ն եսը,
Որոնող, խարխափող կէսը,
Կոտտացող ու վիրաւոր կէսը։ (էջ 16)
Կեանքին բախումն է այս փորձը, որ զարմանալի կերպով ճակատագրապաշտ է, չʼընդվզիր։ Բայց կը ձգտի ամբողջացման։ Հանդիսատես եւ ունկնդիր է դարու իրարանցումներուն՝
Փառքի, պատիւի, աթոռի, դրամի, ստրկութեան
Անձի պաշտամունքի այս դարուն մէջ։ (էջ 18)
Կը հաստատէ չարիքները, բայց անոնց դէմ կանգնելու, զանոնք փշրելու հզօր զգացում մը չի դրսեւորուիր։ Կը բաւարարուի, յիշելով, որ
……………………
տխուր է հոգիդ,
Ու գրիչդ դառնացա՜ծ այդքան…
(էջ 20)
Խաչիկ Տէտէեան առաւելաբար միտքով կը գրէ, քան՝ սրտով։ Բնութեան եւ անոր առթած ներշնչանքին յաճախ չենք հանդիպիր։ Նոյնիսկ երբ «Ողիմպոսի լեռներու աստուածներ» բանաստեղծութեան պարագային, որ համայնապատկեր մը կը ստեղծէ, բնութիւնը ինքնաբաւ կերպով ներկայ չէ, այլ նեցուկ է իմաստասիրական խոկումներու։ Բայց հոս կը գտնենք ապրումներ, որոնք ընդունելիի կճեպէն դուրս յայտնուող տողեր են.
Ողիմպոսի լեռներու գագաթին թառած աստուածնե՜ր…
Իջէ՜ք իմ հոգիէն ներս այս գիշեր,
Որպէս առինքնող երազ քաղցրահամ,
Որպէս խոյանք մը խօլական,
Տարէ՛ք զիս ձեզի հետ ձեր գագաթներն ի վեր,
Հոն ուր գեղեցիկին, անմահին պատրանքն է, հրակէզ,
Հոն ուր մերկահրապոյր կիներն են նազանի
Գինեթաթախ իրենց ստինքներով յուռթի,
Հոն ուր վիշտը մտքի վայելք մըն է ծիծաղաշարժ… (էջ 39-40)
Ինքնատիպ անցում մը կայ զգացական ոլորտէն դէպի միտք, երբ վիշտը կը դառնայ մտքի վայելք, «ծիծաղաշարժ», քանի որ բանաստեղծը կը շարունակէ իմաստասիրելու փորձութեան անձնատուր ըլլալ։
«Յետադարձ հայեացք» խորագրուած բանաստեղծութիւնը կը բերէ Վահան Թէքէեանի արձագանգները՝ որպէս բովանդակութիւն եւ որպէս ձեւ, անցածի ու անհետի զղջումով ու կարօտով.
Եւ դեռ ինչ որ կրնայինք իրօք ընել ու չըրինք,
Մեր այս թշուառ, քաշքշուած գոյութեան մէջ կարճատեւ,
Մեր սրտին վրայ կը մնայ կոտտացող ցաւ մը արդարեւ,
Որուն համար՝ դառնացած, լոկ ափսոսանք մը ունինք։ (էջ 32)
Նոյն դասականութիւնը կը գտնենք «Երանի թէ» բանաստեղծութեան չորս քառեակներուն մէջ։ «Դարասկիզբի մտորումներ»ուն մէջ չենք հանդիպիր աւարտած դարու յեղափոխութիւններուն, իսկ յիշուած ողբերգութիւնները եւ ցաւերը հետեւանք են, պատճառ են, բայց պոռթկում չեն։
Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւններէն եթէ զեղչուէին կարգ մը բառային կրկնութիւններ, որոնք հաւանօրէն հոն են շեշտադրումի համար, բայց իմաստ ու զգացում կը ծանրացնեն, եթէ նուազ ներկայութիւն ըլլար իմաստներու որոնման ընկերացող բարոյախօսութիւնը, իր զգացած թռիչքը աւելի թափ եւ երանգ կʼունենար։
Բանաստեղծը վարժապետի դերը Պառնասի դրան առջեւ պէտք է ձգէ։ Եթէ մենք ալ այդպէս ընենք, Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւններու ընթերցումը հաճելի է, երբ կը գտնենք անձկութիւնները եւ հարցադրումները, որոնք իրենց համամարդկային թրթիռներով արձագանգ կը գտնեն իւրաքանչիւր մարդու մէջ։
Այս քանի մը տողերը չեն փոխարիներ ընթերցումը…
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
“ԱԶԴԱԿ” Օրաթերթ, Շաբաթ, 5 Յուլիս 2008