ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
«ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ»
2012-ին Անթիլիասի մայրավանքի տպարանին մէջ լոյս տեսաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Խենթ Գիշերներու Թափառումներ» խորագրեալ քերթողագիրքը։
Հեղինակը ծնած է 1961-ին, Պէյրութ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Կիլիկեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլէճը։ Ապա հետեւած է պատմութեան ճիւղին՝ Հայկազեան համալսարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք 1984-ին, շարունակած է նոյն մասնագիտութիւնը Թորոնթոյի համալսարանին մէջ, Քանատա։
Եղած է անդամ Հայց. Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ), Համազգային Մշակութային Միութեան թատերական միաւորին ու միջ-եկեղեցական շարժումին։ Քանպերայի մէջ 1991-ին մասնակցած է ԵՀԽ-ի 7-րդ համաժողովին՝ ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Դպրեվանքին մէջ դասաւանդած է ուսողութիւն եւ անգլերէն։
Ցարդ հրատարակած է հետեւեալ քերթողական երկերը. «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը» (2003), Անթիլիաս, «Դարասկիզբի Մտորումներ» (2008), Անթիլիաս եւ «Խենթ Գիշերներու Թափառումներ» (2012), Անթիլիաս։ Սոյն քերթողագիրքերը հեղինակային հրատարակութիւններ են։
Աշխատակցած է «Բագին», «Կամար» գրական պարբերաթերթերուն, «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն եւ «Նայիրի երկշաբաթաթերթին։
Գրողներու Համահայկական Զ. համաժողովին ընտրուած է Գրողներու Միութեան անդամ։
Կատարած է խմբագրական եւ թարգմանական գործեր։ 1983-ին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» երկը։ 1986-ին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի «Երկեր»-ը։ 1988-ին ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, հրատարակած է «Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակի» հատորը։
1998-էն ի վեր կը վարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետի պաշտօնը։
Խաչիկ Տէտէեան ամուսնացած է Իրմա Գապաքեանի հետ. ունին երեք զաւակներ՝ Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա, որոնց նուիրած է հեղինակը իր ներկայ հատորը։
«Խենթ գիշերներու թափառումներ» խորագրեալ քերթողագիրքը կը բաղկանայ 164 էջերէ եւ կʼընդգրկէ հետեւեալ երեք բաժինները «Տագնապ եւ խռովք», «Տուայտանք» եւ «Մոլորեցնող կածաններ»։
Հատորին սկիզբը հեղինակը մտահոգող հիմնական մտածումը հաշուետուութեան այն պահն է, երբ օրուան աւարտին հաշուեքննութեան կʼենթարկես դուն քեզ հարց տալով, թէ ի՞նչ կրցար շահիլ արդեօք իբրեւ իմացական մնայուն արժէք։
Տէտէեանի դառնութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, թէ աշխարհ ենթարկուեցաւ փոփոխութեան այն օրէն ի վեր, երբ մենք ընծայեցինք կարեւորութիւն մարդ էակի արտաքին երեւոյթին, քան՝ անոր ներքին էութեան։ Կʼըսէ, թէ կեանքի ընթացքին դարձանք անդիմագիծ ամբոխ մը այն օրէն ասդին, երբ՝ «մենք զոհեցինք մեր անցեալը՝ գալիք անմխիթար ժամանակներուն…»։
Հեղինակը կʼըսէ, թէ էապէս կը ճանչնայ ինքզինք։ Այս առումով, ան գիտէ թէ երբեք հզօր կաղնի մը պիտի չկրնայ ըլլալ, այլ պիտի ըլլայ համեստ ուռենի մը, որ անյոյս բաղձանքով մը կը նայի շրջապատի հաստաբուն ծառերուն։ Կʼըսէ նաեւ, թէ պիտի չունենայ կոթողանիստ տաճարի մը վայելչութիւնը, այլ պիտի վիճակուի իրեն տատասկներու մէջ ծուարած հեզ ու խոնարհ խաչքարի մը կերպարանքը։
Խաչիկ Տէտէեան կʼըսէ, թէ չի բնակիր ծովափնեայ բնակարանի մը մէջ, որպէսզի նկարէ կախարդանքը ծովային հոգեզմայլ տեսարաններու։ Զրկուած ըլլալով նաեւ շոճիներու եւ կաղնիներու սօսափներէն՝ չի կրնար ըմբոշխնել դայլայլը սոխակներու։ Այս տխուր իրավիճակը, կʼըսէ հեղինակը, արդիւնք է հնամաշ քաղաքի մը բնակիչն ըլլալուն,
«Ուր քարը, ծուխն ու փոշին ե՛ն տիրական,
Ուր տգեղութիւնը իրողութիւն է համատարած,
Ժխորն ու աղմուկը խլացնող, ամլացնող երեւոյթ,
Ու ճչակները ինքնաշարժի՝ մնայուն հալածանք»։
Սակայն, հակառակ հնամենի քաղաքի մը բնակիչն ըլլալուն, հեղինակը կը բաղձայ ըմբոշխնել մտերմութիւնը հեռաւոր ոլորտներու…
Հեղինակը կʼարտայայտէ յոռետես մտածումներ Լիբանանի ապագային առնչութեամբ, որուն մայրիները, ըստ իրեն, դատապարտուած են հրոյ ճարակ դառնալու վաղ թէ ուշ…
Տէտէեան յոռետես է նաեւ մարդ էակին նկատմամբ։ Այս իրողութիւնը հաստատելու համար ան կը դիմէ Նեհրոյի խորհրդանշական կերպարին, որ քալեց կեանքի այլազան ճամբաներէն, ուր չկրցաւ գտնել մարդ արարածի խառնուածքին մէջ հիմնական որեւէ փոփոխութիւն եւ բարեշնորհ որեւէ յատկութիւն։
Նոյնիսկ բնութեան ծոցին մէջ, երբ հեղինակը կը շրջի ազատ ու անկաշկանդ, խորապէս տխուր կը զգայ ինքզինք այն գիտակցութեամբ, թէ կարճատեւ է կեանքը, եւ թէ՝ մենք եթերային անհունութեան մէջ՝ «օտարական հիւրեր ենք տիեզերական համալիրին մէջ նետուած…»։
Խաչիկ Տէտէեանի միակ ցանկութիւնն է ըլլալ առօրեայ կեանքի տաղտուկներէն վեր ու տեսնել ամէն երեւոյթ առինքնող ու գեղեցիկ։ Կը բաղձայ հաւատաւոր հետեւորդն ըլլալ գեղապաշտ ձգտումներու եւ չտեսնել երբեք տառապանքը մարդուն…
Գերեզմանատան մէջ հեղինակը պահ մը կը տարուի այն մտածումով, որ, օր մը պիտի այցելէ հօրը շիրիմը ո՛չ թէ որդիական իր պարտականութիւնը կատարելու առաքելութեամբ, այլ պիտի երթայ իբրեւ հանգուցեալ անդամը իրենց ընտանեկան դամբարանին։
Հեղինակը կʼըսէ, թէ այն անձը չէ այլեւս ինք, որ պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեան օրերուն կը վազէր ինքնահաճ ցանկութիւններու ետեւէն, այլ հասունութեան տարիքը թեւակոխած այն մարդն է հիմա, որ կը հաւատայ միայն իր տեսածին, կը հոգայ իր ընտանիքին ապրուստը՝ ինքնաբաւ գոհունակութեամբ եւ կʼըլլայ հետամուտ այն համոզումին, թէ ինչ որ հնարաւոր է այսօր, կրնայ անկարելի դառնալ վաղը…
Հատորին յաջորդ բաժինով Տէտէեան կʼարտայայտէ սիրային ապրումներ՝ զգացական անխառն զեղումով։ Կʼըսէ, թէ կը սիրէ խորհրդանուշ աչքերը իր սիրած էակին, որոնց անդիմադրելի կախարդանքին դիմաց չի կրնար մնալ լռախոհ ու անտարբեր…
Հատորին աւարտին, բազմաբնոյթ նիւթերու առընթեր, հեղինակը կʼըսէ, թէ առանց հայրենի հողի՝ կարելի չէ մղել գոյութեան պայքար եւ տանիլ յաղթանակ, որովհետեւ հողը անփոխարինելի այն զօրութիւնն է, որ կը կենսաւորէ մեր դարաւոր աւանդները եւ մեր հոգեկան ձգտումները։
Արդարեւ, Խաչիկ Տէտէեան «Խենթ գիշերներու թափառումներ» խորագրեալ իր վերոյիշեալ քերթողագիրքով կը բաղձայ, որ կեանքը պահէ յաւիտենապէս հին օրերու իր անաղարտ դիմագիծը, որպէսզի շրջապատի իրերն ու երեւոյթները չխաթարուին նոր ժամանակներու ընկերային ապականիչ բարքերէ։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2012
Պէյրութ
ԱԶԴԱԿ, 26 Հոկտ. 2012