ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ…»
Լիբանանահայ մշակութային կեանքի մէջ ծանօթ ներկայութիւն է Խաչիկ Տէտէեան, որ 1980-ական թուականներուն իր անունին շուրջ համակրանք մը ստեղծեց ստանձնելով Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղի մէջ սիրահար աբեղայի դերը։ Պէտք է ըսել, որ սոյն թատերախաղին մէջ, Տէտէեան ցոյց տուաւ շատ բնական խաղարկութիւն՝ դրսեւորելով հոգեկան տագնապէ բռնուած աբեղային զգացական թաքուն տուայտանքները։
Բայց ո՞վ պիտի ըսէր, թէ նոյն տասնամեակի ընթացքին, Խաչիկ Տէտէեան տուրք կʼընծայէր նաեւ քերթողական արուեստին, քաղելով իր ոգեշնչումները՝ Լիբանանեան երկարատեւ պատերազմի արիւնոտ եւ մահաբոյր առօրեայէն։
Արդարեւ, պատերազմական մթնոլորտային պայմաններու տակ գրի առած իր քերթողաշունչ ապրումներն են, ահաւասիկ, որ հեղինակը լոյծ ընծայեց 2003-ին, «Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթը…» խորագրի տակ։
168 էջերէ բաղկացած սոյն գործը կը ներկայանայ հետեւեալ երեք ենթախորագիրներով. «Հարցադրումներ», «Պատերազմի Օրագրէն» եւ «Սպասման Ու Սիրոյ Երգեր»։
Ինչ կը վերաբերի հատորի ընդհանուր թեմային, Տէտէեան կը հաստատէ թէ սոյն գործին մէջ տեղ գտած «բանաստեղծութիւնները առաւելաբար կը պարփակեն երիտասարդական շրջանի մը տագնապները, երազները, խորհրդածութիւններն ու սէրերը...։ Անոնք յատուկ կերպով կը կրեն դրոշմը Լիբանանեան պատերազմի ցաւալի առօրեային ու անորոշութեան». եւ կը յայտնէ նաեւ թէ այդ «բանաստեղծութիւնները ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն չեն աւետեր, սակայն երկարատեւ հարցադրումներու եւ ներանձնական յոյզերու վիճակ մը կը պարզեն, նոյնինքն այդ ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ։»
«Հարցադրումներ» ենթախորագիրը կրող հատորին առաջին 80 էջերուն մէջ Խաչիկ Տէտէեան կʼարծարծէ կեանքի ընդհանրական երեւոյթներուն անդրադարձող որոշ հարցեր, որոնք սերտօրէն կʼառնչուին մարդ էակի առօրեային հետ, որուն գործօն տարրերը կը հանդիսանան տառապանքը եւ յուսախաբութիւնը, պատրանքն ու կեղծիքը։
Հատորին առաջին իսկ բանաստեղծութեամբ, հեղինակը կը բացայայտէ ապագայի անորոշութեան մէջ խարխափող՝ տագնապահար մարդու հոգեվիճակը, որուն ամբողջ մտածումը կեանքի եւ մահուան շուրջ հարցադրում մըն է.
Կը քալեմ փողոցներէն նոյնանման,
Ամբոխին ընդմէջէն անտարբեր,
Ու նոյն հարցն է որ զիս կը յուզէ,
– Ո՞ւր կʼընթանայ. այս թափօրը՝
Որուն մէկ մասնիկն եմ ես… (էջ 14)
Տառապանքը կը կազմէ գլխաւոր առանցքը հեղինակի հարցադրումին։ Այս յղացքով, ան կը հիանայ մարդ էակի անսահման համբերութեան վրայ այն դառն իրողութեամբ, թէ ան, հակառակ իրեն վիճակուած բազում ցաւերուն՝ կը տոկայ իրեն եղած հարուածներուն։ Եւ, նաեւ, բանաստեղծը հարց կու տայ Աստուծոյ, թէ ինչո՞ւ կը չարչարուին մարդիկ, պարզապէս, օր մը, դամբանի մը բնակի՞չն ըլլալու արդեօք…։
Ի տես մարդ էակի տառապանքին եւ անորոշ ապագային դիմաց՝ Տէտէեան կʼընդվզի պատերազմի դէմ, որուն դժոխային մթնոլորտին մէջ ան կʼապրի ցերեկ եւ գիշեր։ Իր միակ ցանկութիւնն է ազատագրել ինքզինք ռազմական վիճակներէն։ Ան կը սպասէ երկար տարիներ, որ վերջ գտնէ պատերազմը, բայց ոչ մէկ փրկարար բազուկ օգնութեան կը հասնի իրեն։ Տարիները կʼանցնին աննշմար եւ տխուր, առանց երբեք արդիւնաւորելու բանաստեղծին իմացական ջանքերը՝ գալիք օրերու օրհնաբեր խոստումներով։ Կեանքի դժնդակ կացութենէն ինքզինք ազատագրելու ցանկութեամբ ելք մը փնտռելով՝ կʼըսէ.
Երկա՜ր եղան սպասման ժամերը.
Դարձան օրե՜ր, ամիսնե՜ր, տարինե՜ր…
Ու սպասումէն յուսախաբ
ձանձրացած
Նոր տարազ մը
Նոր ուղի մը կʼորոնեմ
Դուրս գալուս անվերջ թուացող այս նկուղէն
Ու քալելու ապագայի ուղիներով…։
Գուցէ փնտռտուքս չաւարտի երբեք.
Ու երբեք չգտնեմ ազատագրման ուղին.
Մնամ անիծեալ Արտաւազդ մըն ալ ես…։ (էջ 18)
Այս մտատանջութեամբ, բանաստեղծը կʼուզէ վեր մնալ ճղճիմ հաշիւներէ, ըլլալ ազատ եւ անկաշկանդ, սաւառնիլ իմացական մտքի ոլորտներուն, աստղի նման մաս կազմել երկնային համաստեղութեան, իր լոյսէն բաժին հանել խաւար հովիտներուն եւ խորաչափել երկնային անհունութիւնը եւ, վերջապէս, երեխայի նման ըլլալ անմեղ… «Պարզապէս ըլլալ վե՜ր», կʼըսէ հեղինակը, այսինքն, կեանքի իմաստը խեղաթիւրող բոլոր «խեղճութիւններէն…» (էջ 19)
Ըստ բանաստեղծին երկնային բարձունքները նուաճելու այս ցանկութիւնը կը մատնուի, սակայն, ձախողութեան, տրուած ըլլալով որ մեր բոլոր իտէալները չեն կրնար իրագործուիլ մարդկային մեր սահմանափակ միջոցներով այլ պարզապէս կը մնան «տեսի՜լք մը պայծառակերպ», անհաս եւ անմատոյց…
Հեղինակը կը հաստատէ նաեւ թէ գոյատեւման պայքարի ճամբուն վրայ, մարդ անհատը պէտք է տէրը ըլլայ իր ապրած միջավայրի կացութեան։ Յատկապէս ի՛նք պէտք է վճռէ իր սեփական ճակատագիրը եւ առնէ վճռական որոշումներ իր գոյութիւնը պայմանաւորող կենսական հարցերու շուրջ։ Հետագային ան կրնայ զղջալ, երբ զոհը դառնայ ընկերային իր կեանքը խաթարող խաբէական արարքներու։
Տէտէեան կը հաւատայ, թէ ազատութեան պայքարը երբեւիցէ ի դերեւ չʼանցնիր, պայմանաւ որ այդ պայքարը ըլլայ հետեւողական եւ ստանայ իր աւիշը մարդ էակի ներգոյակ զօրութենէն։ Գոյութեան պայքարը բացայայտելու ձգտումով, հեղինակը կը դիմէ լեռնային գետի մը խորհրդանշական պատկերին, թելադրելով որ, գետի նման, մե՛նք եւս ըլլանք ըմբոստ եւ քաջարի։ Այս առաջադրութեամբ, ան կʼըսէ, թէ գետը, լեռնային բարձունքն ի վար իր ահեղ վազքի ընթացքին՝ խուլ շառաչներ կʼարձակէ հանդիպելով իր բնական հունը խափանող խոչընդոտներու, որոնց դէմ երկար մաքառումէ ետք կը հասնի անտառային գեղեցկութեամբ պատմուճանուած խաղաղ դաշտագետիններու գիրկը եւ, ապա, կʼընթանայ «դէպի ոլորտները անհունութեան» (էջ 25) եւ դէպի ազատութեան ցանկալի օրրանը։
Գետը կեանքն է, իր ընթացքին մէջ
Անարգել կը շարունակէ կշռոյթը՝
Մարդկային գոյութեան, ստեղծելով համանուագ մը՝
Որ կʼարձագանգէ խորհրդաւոր լինելութեան մէջ...։ (էջ 25)
Խորացնելով հանդերձ այն համոզումը, որ մարդիկ քաջութեամբ եւ հզօր կամքով պէտք է նետուին գոյատեւման պայքարի դաշտը, հեղինակը կը հաւատայ, սակայն, ճակատագրի անպարտելի զօրութեան, որուն դէմ եղած մարդկային դարաւոր մարտնչումները չեն յանգած երբեք որեւէ յուսադրիչ յաղթանակի։ Ան կը հաւատայ նաեւ, թէ տառապահեղձ այս կեանքի մէջ մա՛հն է միակ յաղթականը, որ կʼեզրափակէ մարդ էակի հոգեկան եւ իմացական ձգտումները։ Բայց, շնորհիւ անդենական կեանքի հանդէպ իր տեսլապաշտ ըմբռնումին՝ հեղինակը կը նսեմացնէ մահուան չարաղէտ ներգործութիւնը՝ ըսելով.
Օ՛ն մահ, պատրաստ ենք ճակատագրին անհարցադրելի,
Աստ հանգչի սիրտ մը երազող, սիրող,
Գնա՛ աւետել աստծոյդ նոր յաղթանակդ անյեղլի,
Մենք կը մնանք մարդեր հողեղէն, վաղուան հաւատացող։ (էջ 35)
Արդարեւ, «վաղուան հաւատացող» մարդ էակի համար մահը չի կրնար ունենալ որեւէ բախտորոշ ազդեցութիւն, տրուած ըլլալով որ կեանքի նպատակը կʼիմաստաւորուի ո՛չ թէ հողեղէն վաղանցուկ իրականութեամբ, այլ հոգեկան աշխարհի անկորնչելի արժանիքներով։
Պէտք է ըսել, որ Խաչիկ Տէտէեանի «Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթը» քերթողագրքին «Հարցադրումներ» խորագիրը կրող մասին մէջ, երկու հիմնական հարցեր կը մտալլկեն հեղինակը. նախ, մարդ էակի ազատագրումը պատերազմի արհաւիրքէն եւ, ապա, անոր անորոշ ապագան։
Արդարեւ, քերթողագրքին մէջ ի յայտ կու գան տողեր, ուր, մահուան դիմաց, բանաստեղծին ազատագրական պայքարի մղումները կը մատնուին լուռ եւ կամակոր մակընթացութեան, երբ ան կը զգայ, թէ մահը ամենազօր բռնակալն է այս աշխարհի, որուն տիրակալութեան ներքեւ կը մարի ազատութեան կենարար ձայնը.
Ազատութիւնը խօսք է մարդուն շրթներուն վրան.
Մահուան մէջ է իրաւ ազատագրումը մարդուն.
Դարերու ընթացքին չիրականացուած վիճակ
Անկարելի որոնում մըն է ինքնանպատակ։ (էջ 72)
Ինչպէս կը յայտնուի մէջբերուած տողերով, բանաստեղծը կը գտնուի անել կացութեան առջեւ։ Ան, պարզապէս, գերին է գաղափարներու, որոնք չեն կրնար յառաջացնել իր էութեան մէջ հիմնական որեւէ փոփոխութիւն եւ տալ նոր ուղղութիւն իր ճակատագրին։
Ահա թէ ինչու ճակատագրապաշտ ըմբռնումով կʼերգէ տառապանքը մարդ էակին, ցանկալով ազատագրել զայն համատարած սուգի մթնոլորտէն.
Միայն կը ցանկամ բարին մարդոց,
Կը ցանկամ ազատագրումը մարդոց
Հազարամեայ թմբիրէն ու մեղքերէն,
Կʼուզեմ լաւն այս աշխարհին,
Բոլոր մարդոց, ամէնուրեք,
Միայն թէ դուրս գայ մարդը
Երկար ու անվերջ փապուղիէն,
Երգէ ազատութեան երգը
յաղթական
փրկարար։ (էջ 70)
Մարդ էակի ազատագրումը տեսնելու ցանկութեան առընթեր, հեղինակը կը խորհրդածէ առհասարակ առօրեայ կեանքի շուրջ, հարցականի տակ պահելով գալիք օրերու ճակատագիրը, ինչպէս կը հաստատէ ինք՝ «Վա՛ղն է հարցը. Առանցքը բոլո՜ր հարցերուն...» (էջ 29)։ Արդարեւ, հատորին «Հարցադրումներ» բաժինը կʼընդգրկէ բազմաթիւ հարցականներ, որոնք սերտօրէն առընչուած են մարդ էակի գոյատեւման եւ անոր կենցաղական պայմաններուն հետ։ Պէտք է ըսել, որ Տէտէեան առաւելաբար հարցադրումներ կը կատարէ, առանց կարենալու լուծումներ գտնել անոնց։
Այս իմաստով, յատկանշական է, օրինակ, «Հարցը» խորագրով բանաստեղծութիւնը, ուր հեղինակը կը փորձէ ըմբռնելի տարազի մը վերածել մարդ էակի «գոյութեան նպատակ»ը։ Ան կʼանդրադառնայ այն իրողութեան, որ իրմէ բազում դարեր առաջ, իմաստուններ եւ գիտնականներ փորձած են լուծել մարդկային գոյութեան գաղտնիքը, որ, սակայն, գորդեան հանգոյցի մը նման, մնացեր է անլուծելի եւ անվերծան.
Ահա նաեւ ես, նոյն հարցին դէմ յանդիման,
Կʼորոնեմ իմաստը այս անդուլ վազքին,
Որ ճակատագրուած է սա թշուառ մարդուն
Բայց չեմ գտներ ո՛չ մէկ իմաստ ու բացատրութիւն։ (էջ 31)
Բանաստեղծը չի կրնար անտարբեր մնալ հանդէպ արիւնալի եւ յարատեւ այն բախումներուն, որոնք, ամէն օր, անմեղ զոհեր կը խլեն եւ կը վերածեն երկիրը շիրմային գոյավիճակի։ Այս տխուր իրադարձութեամբ, փողոցները կʼամայանան, մարդաբնակ թաղամասեր կը կորսնցնեն իրենց երբեմնի զուարթախոհ մթնոլորտը, երբ բազմաթիւ քաղաքացիներ կը գաղթեն օտար երկիրներ՝ խաղաղ եւ օրհնաբեր կեանք մը ապրելու ցանկութեամբ։ Հետեւաբար, բանաստեղծը առանձնացած կը զգայ ինքզինք, տեսնելով սիրելիներու եւ հարազատներու բաժանումը, որոնք կʼերթան «հեռո՜ւ աշխարհներ»՝ «Մոռացութեան ուղիներով»։ Հիմնական հարցը, որ կը ծագի հեղինակին մտքին մէջ կը վերաբերի իր երկրի գաղթական զաւակներուն անորոշ ճակատագրին.
Կանգնած ճանապարհի եզրին,
Կը դիտեմ աշխարհն ու մարդիկ,
Ու հարց կու տամ կրկին անգամ.
– Ո՞ւր կʼերթայ ամբոխն այս մոլորած,
– Ե՜րբ աւարտի պիտի տռամն այս աղիտաւոր... (էջ 36)
Պէտք է ըսել, որ Լիբանանեան պատերազմի արհաւիրքը ապրած քաղաքացիին անորոշ ապագան կը հանդիսանայ հատորի «Հարցադրումներ» բաժնի գլխաւոր թեման։
Այս յղացքով, շահեկան նշանակութիւն կը պարզէ «Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթը...» բանաստեղծութիւնը, որ կը կազմէ նաեւ հատորին ընդհանուր խորագիրը։ Այս բանաստեղծութեամբ, հեղինակը կը փնտռէ գոյութեան փրկարար ուղի մը, որ «ճշմարտութեան արշալոյսներ բանայ իր դիմաց» եւ վերահաստատէ իր մէջ լուսաւոր ապագայի հանդէպ իր հաւատքը։ Այսուհանդերձ, հակառակ ապագայապաշտ ձգտումներուն եւ կեանքը վարդաբոյր գեղեցկութեամբ ըմբոշխնելու իր ցանկութեան՝ բանաստեղծը կʼըսէ.
Ու տարիներ կʼանցնին արա՜գ,
միապաղա՜ղ,
Նոյն մթագնած երկնակամարին տակ,
Իրենց հետ տարած պատանեկան հաւատքը,
Երիտասարդական խանդն ու եռանդը,
Կապոյտ ու պայծառ երազները,
Ու կը մնամ դատապարտուած
Անորոշ ու անծանօթ իմ ուղեւորութեան…
Աղջամուղջին ընդմէջէն կʼերթամ միանալու
Կարաւանին հազարաւոր ուղեւորներու,
Որ անծանօթին կʼերթան հլու հնազանդ... (էջ 40)
Ժողովրդային զանգուածներու հետ դէպի անծանօթ աշխարհ մը ընթանալու տխուր իրականութեան հետ, հեղինակը կʼարտայայտէ կեանքէն հեռանալու կամ անէանալու ձգտում մը նաեւ, որ յոռետեսութեամբ համակուած ներաշխարհի մը ծնունդը ըլլալով հանդերձ, չի դրսեւորեր որեւէ ժխտական ըմբռնում։ Անէանալու այդ ձգտումը բնական արտայայտութիւնն է ռումբերու մահացնոր հրախաղութենէն յոգնած այն մարդուն, որ կʼերազէ խաղաղ հորիզոններ՝ լուսաշող ապագայի մը ի խնդիր.
Կորսուի՜լ կʼուզեմ անհունութեան մէջ հորիզոնին,
Կորսուի՜լ գալիքին մէջ անծանօթ.
Դառնալ կապոյտ լուսէ ցօղը առաւօտեան
Մաքրո՛ղ, սրբագործո՛ղ.
Դառնալ սպիտակ ամպի նման յուզո՜ղ,
Մեղքերն աշխարհի ընկալող.
Ըլլալ աներեւոյթ, խորհրդաւոր ոգի մը
Պայծառ ապագայ մը աւետող...։ (էջ 43)
Կեանքէն հեռանալու ձգտումը հեղինակը նոյնպէս կʼարտայայտէ «Ցանկութիւն» խորագրով բանաստեղծութեամբ, որուն հիմնական մտածումը այն է, որ ան սրտանց կը փափաքի ձերբազատիլ զինք կաշկանդող բոլոր կապանքներէն եւ փոխադրուիլ ցանկալի աշխարհ մը, որպէսզի, ինչպէս ինք կը գրէ.
Կʼուզեմ անէանալ գիշերուան լռութեան մէջ...
Ու երբ բանամ աչքերս կրկին,
Չըլլամ երբեք ա՛յն ինչ էի,
Չգտնուիմ հոն ուր միշտ եմ եղած
ու ոչինչ եղած. (էջ 50)
Պէտք է ըսել, որ Խաչիկ Տէտէեան մարդոց ցաւերը գերիվեր կը նկատէ իր սեփական ցաւերէն։ Կը շահագրգռուի անոնց զգացական տագնապներով, որոնք կը կրեն իրենց սրտերուն մէջ երկարատեւ պատերազմի մը վախն ու սարսափը։ Եւ կարեկցանքով կը հետեւի անորոշ ապագայի հոգերով տուայտող մարդոց, որոնց առօրեայ հոգերուն ի տես՝ ցաւատանջ դառնութեամբ մը կʼըսէ.
Մարդկութեան կրկնուող ցաւերուն
Դիմաց իմ ցաւը կը նսեմանայ հիմա,
Ու իմ հոգին կʼանհագնանայ
Բիւրաւոր հարցերովը մարդկութեան։ (էջ 68)
Ըստ բանաստեղծին, բազում են եւ բազմախայտ մարդկութեան ցաւերը, որոնց մէջ էական տեղ մը կը գրաւէ աղքատի անտեսուած իրաւունքը։ Հեղինակը կʼըսէ, թէ աղքատի հանդէպ եղած ամէն արդարութիւն զոհն է դարձած խափանարարութեան եւ թէ ո՛չ մէկ ժամանակ տկարը կրցած է իշխել «Պատմութեան դատաստանին վրայ» (էջ 69)։
Ահաւասիկ, այս համոզումով, հեղինակը «Հարց Կու տան» խորագրով բանաստեղծութեամբ, կը փոխանցէ այն մտածումը, թէ ան կը կրէ իր սրտին մէջ այն բովանդակ տխրութիւնը, որ հանրագումարն է մարդկային անլուծելի ցաւերուն, փշոտ հարցերուն եւ ախտագին վիճակներուն.
Ի՞նչ ըսեմ որ դուք չէք գիտեր,
իմ հետաքրքիր բարեկամներ
ու սիրելիներ հարազատ։
Դո՛ւք էք իմ ցաւը...
Դուք կʼապրի՜ք այդ ցաւը
ամէն օր,
ամէն վայրկեան,
ամէնուրեք. (էջ 78)
«Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթը...» քերթողագրքին երկրորդ բաժնին մէջ, որ կը կրէ խորագիրը «Պատերազմի Օրագրէն», Խաչիկ Տէտէեան դարձեալ կʼանդրադառնայ պատերազմի արհաւիրքին։ Այսպէս, «Նոր Տարուան Հետ» բանաստեղծութեամբ, հեղինակը ցաւով կʼուզէ փակել անցնող տարուան էջը, այն դառն իրողութեամբ, թէ հին տարին ո՛չ մէկ վայելք շնորհեց մարդոց, այլ պահեց զանոնք յարատեւ տագնապներու եւ կաշկանդումներու մէջ եւ չյարգեց, մա՛նաւանդ անոնց մարդկային տարրական իրաւունքը։ Այս իմաստով, պատերազմը խամրեցուց երիտասարդական խանդը եւ գոյատեւման հաւատքը, կʼըսէ հեղինակը։ Հետեւաբար, խորհելով թէ պատերազմը կրնայ դեռ երկար տեւել, ան կը խնդրէ Նոր Տարիէն, որ վերջակէտ մը դնէ անցնող տարուան տառապանքին, այն միակ ակնկալութեամբ, որ հին տարուան կորուստը մխիթարութիւն պիտի ըլլայ իրեն։
Հատորին «Պատերազմի Օրագրէն» երկրորդ բաժնին մէջ, Լիբանանեան երկարատեւ եւ պատերազմի արիւնոտ իրականութեան շուրջ խորհրդածութիւններ կատարելով հանդերձ, Տէտէեան չի մոռնար իր մտասեւեռումին առարկան դարձնել հայ ժողովուրդն ու մայր հայրենիքը։
Այսպէս, դրուատելով հայութեան շինարար ոգին եւ անոր բերած բարոյական նպաստը՝ միջազգային քաղաքակրթութեան՝ հեղինակը կʼըսէ.
Մեղուի պարսին նման թափառական,
Շրջեր ես դաշտերն աշխարհի լայնատարած,
Էութեանդ հարազատ
Մեղր ես տուեր անսպառ ու առատ,
Եւ ճիշդ անոր համար
Ամէնուրեք գրկաբաց են ընդուներ քեզ
Մեղրիդ համար, թանկ ու ձրի,
Նկարագրիդ համար խոնարհ ու կորովի... (էջ 87)
Հեղինակը յատուկ արժանաւորութեամբ կը յիշատակէ պատմական երկու դէպքեր, որոնք տեղի ունեցան հայրենիքի մէջ՝ Լիբանանեան պատերազմը դեռ չաւարտած։
Այդ դէպքերէն առաջինը՝ 1988-ի երկրաշարժն է, որ աննախընթաց ուժգնութեամբ ցնցեց եւ հիմնայատակ կործանեց հայրենի բազմաթիւ քաղաքներ եւ շէներ, բնաջինջ ընելով կամ անպատսպար ձգելով հազարաւոր հայ բնակիչներ։ Հեղինակը ափսոսանքով կը սգայ կորուստը երկրաշարժի զոհ գացած հայ անմեղ քաղաքացիներուն եւ դառն սրտով՝ կը գոչէ.
Կարծես բաւ չըլլար անցեալն անոր
արիւնաքամ
Կարծես բաւ չըլլար ցեղասպանութիւնը
միլիոն ու կէս զոհերու,
Կարծես բաւ չըլլային ջարդերը մերօրեայ
Սումկայիթի ու Կիրովապատի
Ու հիմա կարծես բնութիւնն ալ կը հարուածէ
իմ ցեղը
Կարծես Աստուած ալ կʼուզէ բնաջնջել
իր հարազատ որդին
խաչին հաւատարիմ... (էջ 105)
Իսկ երկրորդ պատմական դէպքը կը վերաբերի Արցախի հերոսամարտին, զոր հեղինակը կը գովաբանէ անզուսպ խանդավառութեամբ, յայտնելով թէ շնորհիւ հայ հերոսներու անձնդիր զոհաբերութեան, որոնք քաջաբար պաշտպանեցին իրենց պապենական հողը, յաղթանակի եւ արդար հպարտութեան նոր շունչ փչեց Արցախի սարերուն եւ զօրացաւ Արցախի ժողովուրդին մէջ ապրելու հաւատքը եւ գործելու կամքը։ Ահաւասիկ, ոգեւորուած հայ հերոսներուն սխրագործ արարքներով՝ հեղինակը կʼըսէ.
Յարգա՜նք ձեզ մերօրեայ հերոսներ
Շուշին, Մարտակերտն ու Հատրութը,
Լաչինն ու Սարսանգը ազատագրող,
Հայաստանի թիկունքը ամրացնող
Չխորտակուող ապառաժներ,
Պատմութիւնը պիտի ոսկետառ արձանագրէ
Ձեր նուիրումը անանձնական... (էջ 113)
Ինչ կը վերաբերի «Սպասման Ու Սիրոյ Երգեր» խորագիրը կրող հատորի երրորդ եւ վերջին բաժնին, Խաչիկ Տէտէեան թուղթին կը յանձնէ վաղ երիտասարդութեան օրերէն իր քաղած սիրոյն ոգեշնչումները, որոնք կը յատկանշուին ջերմ եւ վարակիչ անկեղծութեամբ։
Քնարաշունչ իր բանաստեղծութիւններուն զգալի մէկ բաժնին մէջ, հեղինակը կը պատկերացնէ իր սիրոյ էակը գերազանցապէս երազային քնքշութեամբ։
Անցեալը կը կազմէ հիմնական ենթահողը Տէտէեանի բանաստեղծութիւններուն, որոնք կը ստանան իրենց աւիշը՝ անցելասոյզ ապրումներու ընդերքներէն։
Այս պատճառաւ, հեղինակին սիրային ներշնչումները չեն ներկայանար իրապաշտ գոյներով, այլ կը յայտնուին տեսիլքի մը հեռայայտ հմայքով եւ կը ներգրաւեն իր հոգին՝ ծովանուշներու անդիմադրելի գրաւչութեամբ։ Այս իրողութեամբ Տէտէեանի սիրոյ էակը խորհրդանիշն է անթեղուած յիշատակի մը, որ պիտի մնայ՝
Ներշնչման աղբիւր մը մշտահոս... նորոգուող... (էջ 117)
Այս առումով, անցելապաշտ մըն է հեղինակը, որ կʼապրի անցեալի երդիքներուն ներքեւ եւ կը կատարէ ոգեկոչումը իր սիրոյ էակին, որուն հետ ան կը թուի խզած ըլլալ զգացական ամէն յարակցութիւն։ Այս մտատանջութեամբ բանաստեղծը կʼըսէ.
Այս գիշեր սիրէ՛ զիս
Անցեալի անհո՜ւն, անկե՜ղծ սիրով... (էջ 123)
Սիրոյ հանդէպ իր ըմբռնումը բարոյական հանգանակի վերածած երազապաշտ սիրահարն է Տէտէեան, ըստ որուն, սէրը պէտք է ըլլայ անկեղծ, անարատ եւ, մա՛նաւանդ, ունենայ դաստիարակիչ հանգամանք։
Կʼուզեմ սէր մը ճշմարի՜տ, անեղծ,
Սէր մը որ տայ ինծի վերելք յարատեւ։ (էջ 122)
Կու գայ պահ մը, երբ հեղինակը կը հաստատէ այն համոզումը, թէ կինը, յար եւ նման իր նախամօր՝ վաւաշոտ Եւային, կը կախարդէ այր մարդուն սիրտը իր մարմնական գրաւչութեամբ եւ զայն կը մղէ բարոյապէս քայքայիչ փորձութիւններու։ Կինը խորհրդաւոր այն էակն է, որ իր երկդիմի նկարագրին պատճառաւ կը հակակշռէ այր մարդու երջանկութիւնը.
Երբ կը սիրես... կի՛նն է. գերո՛ղ, ներկա՛յ միշտ.
Ու երբ կʼատես... ա՛ն է, արմատը չարին։
Ներկայ է կեանքիդ մէջ որպէս
Տիրական ուժ մը գերիվեր, անփոխարինելի.
Առանց անոր կեանքը ունայնութիւնն է մեծ,
Անոր հետ, տառապանք անվերջ... (էջ 124)
Վաղ երիտասարդական շրջանին, առհասարակ կնոջ հանդէպ ցուցաբերած այս ժխտական վերաբերումը գուցէ արդիւնք է այն իրողութեան, որ հեղինակը չէ ունեցած բախտաւոր սէր մը։ Հետեւաբար, ափսոսանքով կը մտաբերէ ուրուապատկերը այն կնոջ, որուն հանդէպ իր անկեղծ սէրը վերջ գտաւ տխուր ճակատագրականութեամբ մը, երբ այդ կինը բանաստեղծին անվերջ զոհողութեան դիմաց՝ «Ծնաւ միայն թոյն ու նախանձ»։ Եզրափակելով եղերական այս կացութիւնը՝ հեղինակը կʼըսէ.
Սէրս ապուշ երազ մը եղաւ միայն
անկարելի (էջ 138)
Խորացնելով սիրոյ հանդէպ իր յոռետես ըմբռնումը, Տէտէեան կʼըսէ թէ սէրը, իր ժխտական անդրադարձումներով, ոչ մէկ երջանկութիւն շնորհեց իրեն։ Հետեւաբար, սէրը դարձաւ երազ մը հեռաւոր, զոր կարելի եղաւ նուաճել երեւակայութեամբ միայն։ Սէրը դարձաւ «ապերախտ իրականութիւն մը» նաեւ, (էջ 141) որ պարգեւելէ ետք խանդ ու հրճուանք՝ հեռացաւ անդարձ թողլով իր ետին՝ «կարօտի, ցաւի, վշտի» (էջ 141) տարրերով շաղուած հոգետանջ ապրում մը։
Հակառակ այս տառապանքին, հեղինակը կը մնայ սիրոյ հանդէպ վսեմ զգացումներով տոգորուած միեւնոյն սիրահարը, որ կը պահէ իր մէջ սէրը ընկալելու նոյն անաղարտ ըմբռնումը։ Ան պարզապէս կը բաղձայ անցելապաշտ գիտակցութեամբ փարատել սիրոյ վիշտը, փնտռելով իր գերագոյն մխիթարանքը՝ անցեալի քաղցրաթախիծ յիշատակներուն մէջ։
Օր մը եթէ դարձեալ մենք հանդիպինք
Պիտի սիրեմ քեզ անցեալի անհո՜ւն
անվե՜րջ սիրով...։ (էջ 142)
Կը պատահի հաճելի դրուագ մը, որ անկիւնադարձ մը կը բանայ բանաստեղծին սիրային կեանքին մէջ, հիմնովին բարեփոխութեան ենթարկելով իգական սեռի հանդէպ անոր յոռի ըմբռնումը։ Արդարեւ, կիներու հանդէպ զգացական այս շրջափոխութիւնը արդիւնք է այն հանդիպումին, զոր ան կʼունենայ իր սիրոյ էակին հետ, որ հետագային պիտի դառնար իր կեանքի ուղեկցուհին։ Այն էակն է, կʼըսէ Տէտէեան, որ պիտի գայ՝
Վերջ մը դնելու իմ սպասումներուն երկա՜ր,
Դառնալու անհեթեթը իմաստաւորող
տգեղը գեղեցկացնող
մեռածը ապրեցնող... (էջ 148)
Պէտք է ըսել, որ վերոյիշեալ հանդիպումը կը խաղայ բախտորոշ դեր մը բանաստեղծի սիրային կեանքին մէջ, այն իմաստով, որ երազային աշխարհի մէջ իր խարխափումները վերջ կը գտնեն եւ ան չի վազեր այլեւս օտար երազներու ետեւէն, որովհետեւ, իր սեփական սիրոյ երազը, իր «վարդածիծաղ արշալոյսը», գտած ըլլալու հաճոյքը կʼապրի։ Ահաւասիկ, հետեւեալ երկու հանգրուաններով ան կը պատկերացնէ այդ բախտորոշ հանդիպումը, որ տեղի կʼունենայ թատերական փորձի ընթացքին...
Քու երեւումիդ առաջին
Դուն եկար պարզ ու լուռ.
Հանգչեցար կողքիս աթոռին սեղմ
Ու դիտեցիր զիս գաղտագողի
Երբ ես հեռուներն էի իմ երազներով
Չէի գիտեր թէ երազն է իմ քով,
այնքա՜ն մօտ։
Երկրորդ անգամ դուն եկար ինքնավստահ
Կանգնեցար իմ դիմաց քու դերովդ Սեդայի
Մարտահրաւէր կարդացիր
Քու նայուածքներով հպարտ
Քու աչքերով բոցավառ... (էջ 151)
Այն աղջիկը որ յայտնուեցաւ իրեն Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղի հերոսուհի՝ Սեդայի դերով, դարձաւ իր իսկական, մաքուր եւ անկեղծ սէրը, որուն հետ ամուսնացաւ բանաստեղծը եւ շինեց ընտանեկան օճախ մը։
Արդարեւ, եզրակացնելով իր մասին եղած վերոյիշեալ համառօտ ակնարկութիւնները, կʼուզենք ըսել, թէ նիւթերու այլազանութեամբ օժտուած գնահատելի գործ մըն է Խաչիկ Տէտէեանի «Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթը...» քերթողագիրքը։
Իր քերթուածներուն մէջ ներկայ է ազատախոհ բանաստեղծը, որ կʼարտայայտէ յախուռն գաղափարներ, դատապարտելով բռնատիրական որեւէ արարք, որ կը ձգտի խեղդել արդարութեան ձայնը։
Զգացապաշտ բանաստեղծ է Տէտէեան, որ սոյն գործով կը բացայայտէ հոգեկան իր աշխարհը՝ բացարձակ անկեղծութեամբ եւ կը փոխանցէ վճիտ ապրումներ, որոնք կը հանդիսանան ենթահողը անցելապաշտ իր զեղումներուն...
Տէտէեան չի հպատակիր տաղաչափական որեւէ օրէնքի։ Կը գրէ ազատ չափի վրայ։ Արուեստի բծախնդրութիւնը կը կազմէ իր հիմնական մտահոգութիւնը։
Տէտէեան ունի վճիտ եւ անսեթեւեթ լեզու։ Կը գրէ դիւրամատչելի եղանակով։ Այս պատճառաւ, իր քերթուածները կը կարդացուին հաճոյքով եւ շահագրգռութեամբ։
Շնորհիւ վերոյիշեալ յատկանիշներուն, Խաչիկ Տէտէեանի, «Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթը...» քերթողագիրքը կարելի է նկատել գրական արժանիքով օժտուած գործ մը։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Մարտ 2004, Պէյրութ