ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ

Խաչիկ Տէտէեան բանաստեղծ մը՝ ինքնատիպ, ինքնամփոփ, ինքնուրոյն, որ յանկարծ երկար ժամանակ իր պատեանին մէջ մառաքելէ ու պայքարելէ ետք իր անձին հետ, կու գայ լոյսի բերել իր յուզական աշխարհի անթեղուած թաքնութիւնները, որոնք հրզկիուող հոգիի մը վիշտերուն արձագանգն են, ե՛ւ գեղեցիկ, ե՛ւ հաճելի։

2003 թուականին իր հրատարակած մէկ հատիկով, որ կը կրէ «Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթ» խորագիրը, առաջին րոպէէն բանաստեղծ Տէտէեան կու գայ իր սրտին մատեանը բանալ եւ իր անկեղծ երգերը, որոնք ե՛ւ կը բուրեն համամարդկայնութիւն ե՛ւ ազգային դրոշմ, սեփականութիւնը դարձնել ընթերցողին, տակաւին գիրքի սկիզբէն խոշոր հարցական մը դնելով մարդուս եւ բանաստեղծի երթուղիին վրայ, բարակ մաղուող անձրեւի մը նման հարցադրումներ տեղացնելով յաջ ու յահեակ, որուն թէեւ պատասխանելով աւելի ուշ, իր «Հարցադրումներ»ը որդեգրելով որպէս սկիզբ, զայն ամբողջացնելով «Պատերազմի Օրագրէն» բաժինով, աւարտելու համար իր իսկ խոստովանութեամբ՝ «Սպասման ու Սիրոյ Երգեր»ով, պարզութեամբ, հաճութեամբ, համակրելի մտերմութեամբ։

«Ուղեւորութիւն Դէպի Անծանօթ» հատորը, որքան ներանձնական, նոյնքան մարդկային ու համամարդկային չափանիշով ապրումներու ներդաշնակութիւն մըն է, ուր բանաստեղծը կը յուզուի, կը տագնապի, կը տառապի եւ կ’ուզէ աղաղակող ճիչով մը յայտնել իր ըմբոստութիւնը եւ անհաշտ վերաբերմունքը՝ տիրող կարգերու, պայմաններու եւ անիրաւութեանց դէմ, որոնելով նոր ուղիներ՝ դուրս գալու համար նեղ արահետէն, որուն մէջ կը գտնուի գլխագիր մարդը՝ իր ամբողջական էութեամբ։

Հաճելի է եւ գնահատելի միաժամանակ, որ Խաչիկ Տէտէեան կը գրէ հասկնալի ոճով ու լեզուով, առանց չարչրկելու ընթերցողը, բառերը օգտագործելով ճիշդ ու տեղին։

Գիրքի յառաջաբանին փոխան գրուած «Երկու Խօսքը», շատ թափանցիկ ու հաղորդական արտայայտութիւն մըն է, ուր կը բացատրուի բանաստեղծի եւ իր ապրումներուն նպատակը՝ պարզ ու յստակ։ Կարդանք.

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ

Տասնամեայ շրջանի մէջ գրուած այս բանաստեղծութիւնները առաւելաբար կը պարփակեն երիտասարդական շրջանի մը տագնապները, երազները, խորհրդածութիւններն ու սէրերը…։ Անոնք յատուկ կերպով կը կրեն դրոշմը լիբանանեան պատերազմի ցաւալի առօրեային ու անորոշութեան։ Այս ծիրին մէջ պէտք է տեսնել զայն գլխաւորաբար։

Հրատարակելով զայն, երկարատեւ վարանումէ ու մտածումէ ետք, հեղինակը կը միտի ազատագրուիլ այդ ներքին տարերքէն, որ իր հարազատ էութիւնն է եղած այդ տարիներուն ու ինքնանպատակ է աւելի քան որեւէ յաւակնութեան մը արտայայտութիւնը։

Աշխարհ եկած մարդը կը յաւակնէ առաքելութեան մը նպատակը կրել։ Այդ կարճատեւ ուղեւորութիւնը ունի հաւանաբար վախճանական նպատակ մը, բայց միշտ եղած է առարկայականօրէն անծանօթ ու ենթակայականօրէն տարերային ու յարափոփոխ։

Այս բանաստեղծութիւնները ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն չեն աւետեր, սակայն երկարատեւ հարցադրումներու եւ ներանձնական յոյզերու վիճակ մը կը պարզեն, նոյնինքն այդ ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ։

Լոյս ընծայելով զայն, հեղինակը կը յուսայ պարտք մը կատարած ըլլալ առաւելաբար իր խղճին հանդէպ, ո՛չ աւելի ո՛չ պակաս։

Սիրելի ընթերցող, որքան կը մօտենայ Հայ Գիրերու Ստեղծման 1600-ամեակը, եւ բնականաբար զայն համազգային տարողութեամբ ոգեկոչելու բարոյական ու ազգային պարտաւորութիւնը, նոյնքան կը շատնայ դժբախտաբար անտարբերութիւնը՝ դէպի հայ գիրը եւ գրականութիւնը։ Արդարեւ, ողջունելի երեւոյթ է այս պարագային տեսնել գրիչներ, որոնք հակառակ տիրող պայմաններուն եւ ի հեճուկս պարզուող դժկամութեան, կը ջանան ծառայել հայ գիրին եւ գրականութեան, ջանալով զայն դարձնել պիտանի։

Ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն, որ սփիւռքահայ ներկայ պայմաններու մէջ ունինք երիտասարդ բան ստեղծողներ, որոնք հակառակ պարտադրուող մարտահրաւէրներուն կը գրե՛ն եւ պիտի գրեն, հարստացնելու համար մեր մշակոյթի գանձարանը։ Ահա՛, այդպիսիներէն մէկն է վաւերականօրէն գրական անդաստան մուտք գործող բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեան, որուն մուտքը ողջունելով, բարի ճանապարհ պէտք է մաղթէի իրեն, որպէսզի շարունակէ այնպէս՝ ինչպէս որ սկսած է, եւ արդէն լա՛ւ սկսած է։

Բարի Երթ։

ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթ, Շաբաթ 10 Սեպտեմբեր 2005