ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ
«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ…»
2003-թ.ին հայ ընթերցողի սեղանին դրուեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Ուղեւորութիւն դէպի Անծանօթը…» բանաստեղծութիւններու գիրքը, որ հեղինակին երախայրիքը կը կազմէ։
Հրատարակութիւնը ուշագրաւ է նաեւ իր անունով, որ իր խորհրդաւորութեամբ կը սրէ ընթերցողիս հետաքրքրութիւնը եւ հարցականներ կը գոյացնէ անոր մտքին մէջ։
Ի՞նչն է այդ անծանօթը։ Մատեանին հեղինակը ի՛նք կը պատասխանէ իր գիրքին յառաջաբանին մէջ։ Գ. Էջին վրայ յայտնելէ ետք մեզի, որ քերթուածներու այս գիրքը կը նուիրէ իր հօրը՝ Գրիգոր Տէտէեանի յիշատակին, ծնողասէր զաւակի մը երախտապարտ ոգիով, քերթողը կ’ըսէ, թէ՝ «Աշխարհ եկած մարդը կը յաւակնի առաքելութեան մը նպատակը կրել…» Բայց այդ «կարճատեւ ուղեւորութիւնը» ունի «վախճանական նպատակ մը, որ առարկայականօրէն անծանօթ ու ենթակայականօրէն տարերային ու յարափոփոխ է»։ Եւ այս գիրքը բանաստեղծական, «մտորումներ»ն ու ապրումներն են դէպի «անծանօթը» դիմող հեղինակին «ուղեւորութեան»։
Ակնարկելով մատեանին մէջ տեղ գտած քերթուածներու բնոյթին, հեղինակը կը լուսաբանէ իր «Երկու խօսք»ով, որ անոնք «տասնամեայ (1983-193) շրջանի մը մէջ գրուած բանաստեղծութիւններ» են։ Կը պարփակեն երիտասարդական շրջանի մը տագնապները, երազները, խորհրդածութիւններն ու սէրերը…։ Աւելի յատկանշականը՝ կը կրեն դրոշմը Լիբանանեան պատերազմի ցաւալի առօրեային ու անորոշութեան, որ նոյն երկրին երբեմնի համերաշխ քաղաքացիները հակադրեց իրարու, զիրենք թշնամացուց, դարձուց մրրկահար ու նետեց աշխարհի չորս ծագերուն։ Եւ կը խնդրէ որ ընթերցողը, այս բացառիկ տխրայուշ իրավիճակին տեսանկիւնէն մօտենալով վերծանէ, հոն տեղ գտած տաղերը։
Բանաստեղծը չի յաւակնիր անոնցմով «ճշմարտութիւն մը աւետել»։ Օրինակելի խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ մը որ սրտաշարժ է, ան կը խոստովանի, որ «Ներանձնական յոյզերու եւ «երկարատեւ հարցադրումներու վիճակ պարզող այս բանաստեղծութիւններու գիրքը, որ աշխարհ եկած է «երկար վարանումէ ետք, ինքնին փնտռտուք մըն» է ճշմարտութեան։
Հեղինակը կրցե՞ր է գտնել իր փնտռած ճշմարտութիւնը։ Պէտք է ընթեռնուլ մատուցուած քերթուածները, ասոր ճշգրիտ պատասխանը ստանալու համար։
Թէեւ, հեղինակը ինք եւս կը տարակուսի, որ լիովին գտած ըլլայ այդ՝ Գերագոյն Ճշմարտութիւնը։ Սակայն ունի հոգեկան ներքին անդորր մը իր ներսիդին։ Այն է՝ լոյս ընծայելով բանաստեղծութիւններու այս հատորը, գէ՛թ մուծած ըլլալ կը յուսայ իր «խղճին» հանդէպ ունեցած «պարտքը»։
Իմ կարծիքով՝ հեղինակը գէթ գտած է իր փնտռած, որոնած գոնէ՛ առաջին ու լաւագոյն ճշմարտութիւնը որ… իր անկեղծութիւնն է, ինքզինքին հետ համերաշխիլը, որ բանաստեղծին ապրումներն ու հոգին կը հայելացնեն իրենց վճիտ հարազատութեամբ։ Այնպէ՛ս՝ ինչպէս եղած են անոնք ու դե՛ռ կան։
Աշխարհ եկած մարդը կը յաւակնի առաքելութիւն մը կրել – գրած է Խաչիկ Տէտէեան։ Ինչպէս ինք ունի իրը, բնականաբա՛ր։ Բայց եթէ, Լիբանանեան ցաւոտ տասնամեակի ողբերգութեան առթած ցաւին ու անորոշութեան դրոշմը կրող քերթուածները աւելի շատ «ինքնանպատակ» են եղած, նոյնը կարելի չէ ըսել այնուհետեւ երկնուած եւ դեռ գրուելիքներուն համար։ Ի՛ր իսկ խոստովանութեամբ։ Նորագոյնները պիտի ըլլան միտումնաւոր, օգտաւէտ։ Նա՛խ հայ ժողովուրդին համար, որուն մէկ նախանձախնդիր զաւակն է հեղինակը, որ արձանագրած է իր հատորի սկիզբին, որպէս տեսլական ու խոստում. - «Կեանքիս մէջ աննուաճ, կը ցանկամ գրել երգ մը ուժեղ, որ ժողովուրդիս խեղճ, դառնայ զարթօնքի կայծ մը զօրեղ»։
Բանաստեղծական այս գիրքը գլխաւոր երեք բաժին ունի՝ «ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ», «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՕՐԱԳՐԷՆ» եւ «ՍՊԱՍՄԱՆ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ԵՐԳԵՐ» Առաջինին ներքեւ ամփոփուած են 47, Բ.-ին՝ 13, իսկ Գ.-ին՝ 33 քերթուածներ։
Ա. ենթախումբին մէջ տեղ գտած են խոհական քերթուածներ, իմաստասիրական երանգով թաթաւուն, որոնք կը յիշեցնեն մեզի Յ. Թումանեանն ու Թլկատինցին, կամ Օմար Խայեամն ու Սաատին… որոնք կանգնած շուարուն, գալիքի մը առջեւ որ մշուշոտ է, առեղծուածային, չկրնալով մեկնութիւն մը տալ թէ ինչ կայ “Անդին”, “էնդի դէմը”, խորհուրդ տուած են իրենց ժամանակակիցներուն, որ իրենց «անցաւոր» կեանքը արժեւորեն երկրի վրայ ապրուած օրերու բարեգործութեամբ։
Մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի ապագայի մը հետ, որ անորոշ է։ Կլանուած է տագնապներով մտալլկիչ։ Կը ղեկավարուի քարացած, մութ օրէնքներով, եւ ունի կեանք մը որ ոչինչ ունի յուսադրիչ։ Եւ անստոյգ այդ գալիքին առջեւ, հեղինակը եւս, ինչպէս հազարամեակ մ’առաջ ապրած իր նախնիները, կը կրկնէ նոյն հարցումը իր «ՆՈՅՆ ՀԱՐՑԸ» բանաստեղծութեան մէջ։
«Կը քալեմ փողոցներէն նոյնանման
Ամբոխին ընդմէջէն անտարբեր
Ու նոյն հարցն է որ զիս կը յուզէ,
- Ո՞ւր կ’ընթանայ այս թափօրը՝
Որուն մէկ մասնիկն եմ ես»։
Հեղինակը ձանձրոյթ կը զգայ հին աշխարհներէն, կաղապարուած ըմբռնումներէն եւ կը ձգտի հասնիլ «խաղաղարար ափ»ին նոր աշխարհի մը, որ պիտի «նոր հաւատք ու երազ ներշնչել» իրեն։
Հոս եւս կը յայտնուի, որ ո՛չ թէ ինքնանպատակ են իր տաղերը, այլ խոր մարդասիրութեան մը բղխումը կը կազմեն անոնք, երբ կը գրէ «Վասն ինչի՜…» քերթուածին մէջ։
«Կ’ուզեմ ըլլալ բանաստեղծ մը մեծ, երգելու մարդկութեան ցաւերը»։
Յոյզ, հեկեկանք ու ցասում կայ ընկերային արդարութեան երգիչին սա տողերուն մէջ
«Աստուած իմ, որքան վիշտ կայ
Մարդուն հոգիին խորքը թաքնուած…
Որքան արցո՜ւնք ներաշխարհն է ողողած»։
Ու ապա զգալով, որ աշխարհն ոմանց համար շատ նեղ է իսկ ուրիշներուն կը թուի շատ լայն եւ հեշտաւէտ, զգայուն ու սրտցաւ քերթողը կ’աղերսէ առ Աստուած –
«Եւ ինչո՞ւ այնքան չարչարանք…
Վասն ինչի՜ այս բոլորը, Աստուա՜ծ»։
Հեղինակը ինքզինք կը զգայ բանտուած մտալլկիչ հոգերու «նկուղ»ին մէջ, ինչպէս՝ մերօրեայ Արտաւազդ։ Կ’ըղձայ «թեւածել դէպի վեր, անհունը, սաւառնիլ ազատ ու վեր մարդկային բոլոր խեղճութիւններէն»- յիշել տալով մեզի Մաքսիմ Կորքիի «Մրրկահաւին երգը»։
«Մարդկային Սահմանում» քերթուածին մէջ Խաչիկ Տէտէեան յանձնառու քերթողն է, տեսլապաշտ, իր իտէալին ձգտող, արդարի ու գեղեցիկի երկրպագու, յօժար՝ իր թեւերը այրելու, ինչպէս ճրագին մատչող թիթեռ («ՓԱՐՎԱՆԱ» - Յ. Թումանեան), միայն թէ, մարդուս մէջ չպակսի մղումը դէպի լոյսը, ծարաւն ու կարօտը հոգեկան վսեմ կատարներ նուաճելու…։
Վերացումը, անյագ տենչասիրութիւնը փիլիսոփայական հենք կը հաղորդեն Տէտէեանի քերթուածին, իր «ՈՐՈՆՈՒՄ» բանաստեղծութեան մէջ որ գեղեցիկ, մոգական բառախաղի պէս կը հնչէ, բայց որ քնարաշունչ է եւ իմաստալից.
«Լոյս կը փնտռեմ խաւարին մէջ,
Լոյսը խաւար է, եւ իրաւ լոյսը
Երազային ձգտում մըն է…։
Անաղարտ սէր կ’որոնեմ սէրերուն մէջ,
Անաղարտ սէր կ’որոնեմ եւ ատելութեան մէջ,
Սէրը ատելութիւն է, եւ իրաւ սէրը
Սոսկ տենչանք մըն է…։
Յաւերժութեան կը ձգտիմ կեանքիս մէջ,
Յաւերժութեան կը ձգտիմ եւ մահէս վերջ.
Յաւերժութիւնը մահն է, եւ խեղճ բանաստեղծիս
Լոկ պատրանք մըն է…»։
Հեղինակը մարդկային կեանքի կարեւորումը կը տեսնէ ապրողի կողմէ իր ետին ձգուած յաւերժական բարեգործութեան մը կտակով՝ («ԴԱՒԱՆԱՆՔ»)։
Կը յորդորէ ընել գործ մը, որուն տէրը իր ըրածին համար յետոյ չզղջայ, ոչ ալ ափսոսայ իր տուած մէկ սխալ որոշումը, որուն համար «Հետագային շատ սուղ գին պիտի վճարես» - («ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ»)։
«ՏՈՒՐ ԻՆԾԻ ՏԷՐ» բանաստեղծութեան մէջ, Իմաստութիւնը կեանքին անմար «Միակ Ջահ» կը դաւանի։
Յաջող համեմատութիւն մը կատարած է «ՊԱՏՐԱՆՔ»ի մէջ, խաբուսիկ ու ժամանակաւոր հմայքը նոյնացնելով կարճատեւ բռնկումի մը, որ իր տեղը շուտով կը զիջի «Մռայլ ու ահաւոր գիշերի վշտին…»։
Մեկուսացումը ընկերութենէն, ապրող բարեկամ-սիրելիներէ, կը սեպէ կալանաւորութիւն, ներհակ Մարդկային բնութեան ու նկարագրին («ՄԵՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ»)։
«ՇԱԼԿԷ ԼՈՒԾԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ» հրաշալի քերթուածին, հեղինակը բարոյական պատգամ մը կու տայ բարեխիղճ, տեսլապաշտ ու անձնուէր բանաստեղծին, մարդուն, երգելով.
«Քանի դեռ կ’երգես հաւատարմօրէ՛ն,
Մարդկութեան անհուն ու անհամար ցաւերը,
Պիտի ապրիս երկա՜ր, պիտի ապրիս անմոռա՜ց…»։
Փիլիսոփայութիւնը քնարերգութեան հետ ընդելուզող, քաղցր ու դառնահամ քերթուած մըն է «ՎԵՐՋԻՆ ԻՂՁ»ը։
«ԱՆՈՆՑ ՀԱՄԱՐ»ը երախտագէտ հոգիի մը մրմունջն է, ծնկաչոք աղօթք անոնց համար… «Որ ինկան նպատակի մը ճամբուն վրայ, խաւարի արհաւիրքը վանելու, ջահ մը վառելու, թող երգս համեստ անոնց լուսաւորութիւն ըլլայ»։
Իմաստասիրական մտորումներով են յագեցած հեղինակին «ՀԱՐՑ», «ԻՄ ՇՈՒՐՋ», «ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ» քերթուածները, ուր հեղինակը կը փորձէ լուծել «Մարդու գոյութեան նպատակ»ը, կ’ափսոսայ արտագաղթը որ հարազատները իրարմէ կը բաժնէ, կ’օտարացնէ ա՛յն աստիճան, որ երէկի սիրելին ու բարեկամը դարձեր են այսօր անծանօթ իրարու, եւ կը տառապի նկատելով, որ «տարիները կ’անցնին միապաղաղ…» իրենց հետ տանելով «Պատանեկան հաւատքը, երիտասարդական խանդն ու եռանդը, կապոյտ ու պայծառ երազները…» եւ ահաբեկած այս այլասերումէն, բանաստեղծը կ’ուզէ գտնել «Ուղի մը որ ճշմարտութեան արշալոյսներ բանայ իր դիմաց»։
Խաչիկ Տէտէեան բարեխիղճ ու արդարատենչ քերթողն է «ԻՄ ԵՐԳ»ին մէջ, որ կ’ըղձայ բանբերն ըլլալ.
«Անոնց՝ որոնց երգը կը մնայ չերգուած,
Ու անոնց՝ որոնց ձայնը կը մնայ խեղդուած
Կեանքի տխուր ու մեղկ աղաղակներուն խորերը թաղուած…»։
Մերօրեայ կեանքի պայմանները դաժան են, անիրաւութիւնները՝ աղաղակող, խիղճերը քարի են վերածուած, մարդը՝ մեքենայի, հէք մարդուս գոյութիւնը վերածուած է խարխափանքի։
Բանաստեղծին հոգին չի կրնար հանդուրժել այսքա՜ն սուտ, կեղծիք ու տմարդութիւն։ Ճշմարտութիւնը լլկող խօսքերը։ Կ’ընդվզի եւ կ’երգէ «ՔԱՐԱՑԱԾ ԽՕՍՔ»ին մէջ.
«Կը փորձեմ պոռթկալ իրականութեան դէմ, Բայց գրիչս կը մնայ անկարող, իմ վիշտէն քարացած»։
Եւ իր անզօրութեան կատաղութիւնը ապրելով՝ ճշմարտախօս բանաստեղծը կ’աւաղէ.
«Մարդոց կեանքը, ինչքն ու պատիւը դարձած են սակարկութեան առարկայ…
Ի՜նչ ընել, երբ այլեւս տէրը չենք մեր քաշքշուած գոյութեան»։
Մարդկային անարդարութեան դէմ ընդվզած բանաստեղծը կը պատկերացնէ մերօրեայ ոտնահարուած եւ խեղճացուած մարդը, զոհ իշխողներու եւ շահագործողներու անգթութեան։
«Անորոշութեան Ախտը»ին մէջ կը հեգնէ «Հազարմեայ ցաւն ու վիշտը երկրային» շալկած ու դէպի մահ դիմող զրկեալին իբր թէ «Կեանք» «պարգեւած»ներուն, այդպէս կոչողներուն պարծենկոտութիւնը, երբ այդ «Կեանք պարգեւը» կիսաքաղց ու թշուառ մարդուն համար եղաւ միայն «ծաղր», եւ բանաստեղծը խոր հիասթափութիւն կ’ապրի հաստատելով, որ անիրաւուածին արդարութիւն ընել տալու պայքարը մնացեր է ամուլ։ Իսկ անիրաւուած մարդն ալ, «Յոգնած իր մաքառումէն ապարդիւն», «Կ’երթայ միանալու միլիոններու թափօրին զինք կանխած…»։
«Ցանկութիւն»ի մէջ քերթողը կ’ուզէ անջատուիլ «Կապանքներէն մարդկային», մնալ վեր «Նախանձի աշխարհ»էն ու ըլլալ բնական։ «Երազային» կամ «իւթոփիք» աշխարհ մը չէ իր ուզածը, այլ տեղ մը ուր ի պատուի է իրա՛ւ մարդկայինը, ազնիւն ու վեհը, չեղծուած արժէքը։ Եւ սակայն, ի հեճուկս «խաւարի մէջ ճրագ մը» ըլլալ ուզելուն, կ’ափսոսայ որ չէ կրցած, քանի որ նենգութեան թոյնը, տգիտութեան խաւարը, փոքրոգութեան «պարապը» կարելի չէ եղած բարութեամբ լեցնել։
«ՑԱՍՈՒՄ» քերթուածը բանաստեղծին, պոռթկումն է կեանքին դէմ, որ ցարդ եղած է «դաժան», որուն դէմ ան կ’ընդվզի եւ կ’ակնկալէ որ գէթ, ասկէ ետք, ան խնայէ մարդոց, որ «գալիք»ը որ «պիտի ծնի», չըլլայ «Այլանդակ մանուկ մը խե՜ղճ…»։
Աւաղելէ ետք, «ԿԱՐՃ ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ, որ գիտութիւնը այժմ, բարիքէ աւելի չարիք կը պատճառէ մարդկութեան, «ԱՇԽԱՐՀՆ ՈՒ ԵՍ»ի մէջ կը ցաւի որ Աշխարհն ու բանաստեղծը խորթացեր են իրարու, բարեկամներ չեն այլեւս։ Եւ հաստատելէ յետոյ որ «Հեռու ենք իրարմէ», գեղեցիկ բառախաղ ու բանաստեղծական նորարարութիւն մը կը կատարէ գրելով. «Ինչպէս հեռու է մարդու ազատագրումը իր մեղքերէն»։
Համամարդկային վիշտերով կը տառապի բանաստեղծը, մեզի վկայել տալով իր մարդասիրութիւնը, երբ կը գրէ «ԻՄ ՀՈԳԻՆ» քերթուածին մէջ՝
«Իմ վիշտը ամէնօրեայ,
Մարդկութեան ցաւն է անբուժելի,
Իմ ցեղի կորուստ է դանդաղ, հետեւողական…
… Իմ հոգին կրկին հարբած է այս գիշեր
ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԻՇՏԵՐՈՎ ՀԱՄԱԿ»։
Մարդը իրեն վայել կեանք չունի այս աշխարհի վրայ։ Փշաթելերով շրջապատուած է։ Արժէքի գնահատման արդար չափանիշ չկայ։ Լաւագոյն դէպքին՝ արժեչափը Դրամն է ու Հովանաւորչութիւնը։ Ահա, թէ ինչու, իրաւ արժանաւորները պիտի չկարենան դուրս գալ «իրենց վիճակուած երազներէն փշրուած»… եւ պիտի մնան «լուսանցքին վրայ այս աններող աշխարհին», չըսելու համար՝ պիտի նետուին «կլանող փոսին մէջ խաւար…»։ Եւ այս… այնքան ատեն որ Դրամը պիտի իշխէ հոգիի բարութեան եւ արդար իրաւունքին վրայ, որմէ ընդվզած նահատակ հերոս բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ պիտի պոռթկար, արիւնող սրտով, դեռ 107 տարի առաջ։
«Ո՞վ ես ուրեմն, թշուառութեա՜ն դու գործի.
Դըրա՜մ, որուն լուռ ցոլքին մէջ կ’արծարծի
Ճակատագի՛րը տառապող մարդկութեան,
Ըսէ՛, քու կամքդ պիտի իշխէ՞ յաւիտեան»։
- Դրամին Աղօթքը – Ռ. Սեւակ, 1907 –թ.։ - Եւ դեռ կ’իշխէ, դժբախտաբար - ։
Գեղեցիկ, ցնցիչ, այլապէս ճշգրիտ համեմատութիւն մը կը կատարէ քերթող Խաչիկ Տէտէեան երբ «Մարդիկ Այս Աշխարհի»ի քերթուածով, մերօրեայ մարդուն «Գերագոյն Աստուածայինին» ձգտումին մէջ «խօլական», կը տեսնէ նոյն այդ փառատենչ ու գոռոզ մարդուն «ամբողջական կործանում»ը, «մեղքի ու անէութեան» ճամբուն վրայ։
«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» քերթուածին մէջ որ հեղինակին հոգե-բարոյական բնոյթի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն է, կ’ողբայ մերօրեայ ընկերային կեանքէն ներս բարոյական արժէքներու աննախադէպ անկումն ու խաթարումը։ Ուր շահադիտութիւնը, եսապաշտութիւնն ու Ոսկեհորթի պաշտամունքը այսօրուան բարեկամ կարծուածը կը դարձնեն թշնամի յաջորդ օր։ Բարեսրտութիւնդ ապերախտութեամբ կը վարձատրեն։ Մարդիկ «դիմակներ են հագած», վարժ են «Երկու երես» կրելու։ Նաեւ՝ «Ատակ են դիմակ ու շապիկ փոխելու…»։ Անոնք կը շողոքորթեն, կը ստեն, կը վաճառեն պատիւ, կը գնեն հնազանդութիւն, կը խօսին ճշմարտութեան անունով, բայց, միեւնոյն ատեն, սուտին ու անիրաւին կը սպասարկեն։
Այսուհանդերձ, քերթողը կը հաւատայ, որ Ճշմարտութիւնը որքան ալ, ատեն մը, աղջամուղջին մէջ կորսուած ըլլայ, չի դադրիր ըլլալէ «Սակայն պայծառ աստղ մը» որ, ի վերջոյ, կը յայտնուի «Առաւօտեան արշալոյսին»։
Մարդասիրական խոր ապրումներով յագեցած քերթողը սեփական վիշտը կը մոռնայ, որովհետեւ ան «կը նսեմանայ» մարդկութեան լեռնացող տառապանքին դիմաց։ Եւ ցաւ կը զգայ, որ նոյն դժխեմ ճակատագրի զոհ մարդկութիւնը կը պառակտուի, փոխանակ միասնանալով Հասարակաց Չարիքը զգետնելու, որ ընդհանուրին ազատագրութիւն պիտի բերէ («ՄԻՇՏ ՆՈՅՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ»)։
Սրտայոյզ կարեկցանք, անանձնական սէր ու բարեհոգութիւն կ’արտայայտեն սա բանաստեղծական սքանչելի տողերը.
«Ոչինչ կ’ուզեմ աշխարհէն…
Կը ցանկամ ազատագրումը մարդոց,
Կ’ուզեմ լաւն այս աշխարհին,
Բոլոր մարդոց ամէնուրեք,
Միայն դուրս գայ մարդը
Երկար ու անվերջ փապուղիէն,
Երգէ ազատագրութեան երգը յաղթական փրկարար։
(«ԻՄ ՄՈՐՄՈՔԸ ԱՆԲԱԺԱՆ»)։
Որդիական սիրոյ ու երախտագէտ հոգիի հեկեկանք է «ՀԱՅՐ ԻՄ» բանաստեղծութիւնը, ուղղուած հօր մը, որ Դեկտեմբերի ցուրտ օր մը մեկնած է «առանց հրաժեշտի», ձանձրացած «ապերախտ» շրջապատէ մը, ուր Դիոգինէսի լապտեր պէտք էր իրաւ Մարդը կարենալ գտնելու, ուր մարդկային արժէքն ու առաքինութիւնը ուրացուած էին, եւ այսօր, երախտագէտ որդին կը ցաւի, որ օրին իրենք չհասկցան հայրական խոր վիշտը։ Քերթողին բնորոշումով՝ «Եւ երեւի այդ քու ցաւն էր գերագոյն… Զոր մենք չըմբռնեցինք ատենին…»։
Քերթողն ու իրենները կարծեր են, որ առանց հայրական խորհուրդ-խրատի ալ պիտի կրնան ընթացնել «Նաւը ալեկոծ ծովուն վրայ»։ Մինչդեռ, կը յարէ վշտագին՝ «Մեր նաւը կը մնայ կորսուա՜ծ, մութ գիշերին մէջ տարտամ»։
«ԽԱԲԿԱՆՔ» քերթուածը վշտերգն է մարդկային ընկերութենէն ներս, անարդարութեան ճիրաններուն մէջ բանտուած, գալարուող մարդուն, որուն կը հոգեկցի բանաստեղծը ափսոսալով, որ…
«Տեսայ մարդիկը ընկճուած,
Հարուստը՝ ճնշած աղքատին վրայ,
Նիւթը դարձած կեանքին օրէնքը»։
Բայց գէթ, հեղինակը ի վերջոյ գոհ է, որ ապրած ու տեսած է Ճշմարտութիւնը որ Մարդկութեան սիրտը կրծող Ընկերային Անարդարութիւնն է։
Իր մեծ տառապանքն ալ արդէն այս մէկն է։ Բարեխիղճ ու մարդասէր բանաստեղծը կը տուայտի համամարդկային հոգ-ցաւերու մէջ։
«Ինչո՞ւ այս տխրութիւնը, այս դառնութիւնը… Միշտ քու դէմքէդ անպակաս…» է հարցուցեր են քերթողին։ Եւ ան կը պատասխանէ, որ իր բուն ցաւը անձնականը չէ։ Կա՛յ, ասկէ շատ աւելի մեծը, անչափելին, որ «Մարդուս ամէնօրեայ ու անլուծելի հարցերու, ախտերու, տառապանքի գումարն է»… քերթողը կը տառապի համամարդկային վիշտով… եւ կ’ուզէ հրճուիլ ընդհանրական երջանկութեամբ, յիշեցնելով մեզի բանաստեղծ Դուրեան Պատրիարքը՝ «Տո՜ւր ինծի Տէր Ուրախութիւնն անանձնական…»ը, կամ Մ. Մեծարենցի «Ա՜խ ըլլայի»նը որոնք անչափելի մարդասիրութիւն կ’արտայայտեն եւ անեղծ, ընկերվարամէտ վիպականութեան մը վճիտ ցոլացումը կը հանդիսանան։
- «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՕՐԱԳՐԷՆ»- բաժինը կը բովանդակէ 13 քերթուածներ, որոնք Լիբանանի քաղաքացիական «անվերջ» թուած կռիւներու տպաւորութեան տակ են գրուած։ Անոնց պատճառած խռովքը, թախծոտ մտորումներն ու ահագնութիւնը կ’արտայայտեն մերթ մորմոքող սրտի հծծիւն ու մերթ ալ աղեկէզ տքնում։
Ուշագրաւն այստեղ՝ ռազմաքաղաքական վիճակի մը որ մարդկային ողբերգութեան վերածուած է, բանաստեղծական ներշնչումով ու խորունկ զգայնութեամբ արտայայտուած ըլլալն է, առանց վերածուելու չորուցամաք լրագրական տեղեկատուութեան։
«ԱՐԵՒԵԼՔ» բանաստեղծութիւնը կը պատկերացնէ աշխարհատարածք մը, ուր դեռ շատ բան կայ նախնադարը յիշեցնող մեզի, իր իմացական «խաւարով» ու «անտառային կիրքերու հոգեբանութեամբ թրծուած»։
Քերթողը կ’ափսոսայ, որ չքնաղ երկիր մը մեծապետական շահերու բաղխման կրկէսի մը վերածուած, եւ յաճախ զոհն կը դարձուի ոսկեծարաւ «մեծ»երու նենգ խաղերու բագինին առջեւ։ Ուր «թէժ արեւն անապատներուն» կուրացուցած է բնիկներուն իրատեսութիւնն ու մթագնած սթափ դատողութիւնը անոնց։
Բայց, ի տես այս ողբերգութեանը (1985 տարիներու), ինք կը մնայ լաւատես, կառչած է իր ծննդավայր հողին։ Ու կը հաւատայ, որ Լիբանանը պիտի վերայառնի իր մոխիրներէն Փիւնիկի պէս, եւ դառնայ կրկին խորհրդանիշ խաղաղութեան ու համակեցութեան… ինչ որ իրականացած է այսօր։
Ապրուած այս տարիները յոյսի, լաւատեսութեան, անյուսալի խռովքներու եւ պատրանաթափութեան իրերայաջորդ մակընթացութիւններու ու տեղատուութիւններու մէջ պահեցին երկիրը իր ժողովուրդով։
«Պատերազմի սերունդին» ձօնուած «ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԵՏ» քերթուածը, արիւնով եւ աւերով լեցուն տարուան մը եղերական հաշուեփակը կատարելէ ետք, եւ ի հեճուկս «կորսուած պատանութեան» մը ու «հետզհետէ անհետացող երիտասարդական խանդին», կ’արտայայտէ սփոփանք։ Քանի որ հոն կը տեսնէ առկայծ, փրկութեան Յոյս-ը, որ փոխանցուած է Նոր Տարիին մաղթանքով մը, որ եկողը «վերջ մը պիտի դնէ անցնող տարուան թշուառական»։
Եւ կը հետեւցնէ, պայծառ վաղորդայնի մը անձկալի սպասումը ապրող քերթողը, «Գէթ այդ է միակ մխիթարութիւնը անսահման»։
«ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ»-ը հեղինակը նուիրած է իր՝ «Հայ ժողովուրդին»։ Ներբող մըն է երախտագէտ, բուխ, սիրավառ, ամրապինդ, հպարտ ու ինքնավստահ սիրտէ ու հոգիէ մը եկող եւ ուղղուած վերիվայրումներ ապրած, հազար անգամ ինկած ու վերականգնած, ամէն փորձութենէ ետք աւելի պինդ ջրդեղուած ու դարձած վճռական ու հաւատալից իր ժողովուրդին, որ այսօր «հաւատքի, կամքի ու հաւաքական ոգի»ի ուժով «կը քալես հետքերով ապագայի»։
«ՄԱՀԵՐԳՈՒԹԻՒՆ» քերթուածը բանաստեղծական գեղանկար մըն է, ուր բառերը վերածուած են գոյներու, եղերական պատկերներու որոնք լիբանանեան ողբերգութիւնը կը վրձինեն իրենց բովանդակ ահաւորութեամբ, սրտաճմլիկ մանրամասներով։ Կարծես Տանդէի «դժոխք»ը պատկերացնող պաստառ մը եղած ըլլար ան՝ նկարչագեղ, հարազատ, հոգեվիճակ մը, յոյզ, ցասում ու վիշտ արտայայտող բառերով հատընտիր, որոնք ունին սա հոգեցունց վերջաբանը։
«Եկեղեցիները չեն որ խունկ կը բուրեն այսուհետեւ,
Երկիրն ամբողջ գերեզման դարձած խունկ կ’արտաբերէ
Աղօթքները մոռցուած, սրտերը քարացած լո՜ւռ են…»։
Այս բաժնի քերթուածները Խ. Տէտէեանի, կ’արտացոլացնեն հոգեվիճակը Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու տարիները ապրած մարդուն, հայուն՝ որ կը տատանի մահուան ու կեանքի, անյուսութեան եւ յուսադրումի, վստահութեան ու վհատութեան, «Տոկա՛լ – չհեռանալ»ուն (Լիբանանէն) եւ օր առաջ մեկնիլ-փրկուելու, սարսափի եւ ինքնագօտեպնդումի տրամադրութեանց միջեւ։
Հոգեվիճակներու պատկերացումը նկարագրուած է հոգեբանի հմտութեամբ եւ հարազատօրէն, այն աստիճանի բնական՝ որ այդ տխուր ժամանակները ապրած մը, կարդալով նշուած քերթուածները, մօտիկ անցեալի սարսուռն ու անդոհանքը կը վերապրի։
«ԱՄԷՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒՈՂ»Ը աչքիդ կը պատկերացնէ Ճիւնիի ծովախորշէն ամէն երեկոյ դուրս եկող, ցռուկը Կիպրոս եւ աւելի հեռուն ցցած նաւը որ՝
«Իր հետ կը տանի նոր կարաւան մը գաղթականներու…»
Որոնք՝ «Կ’երթան յուսաբեկ, խառն ապրումներով,
Ետին ձգած սիրելիներ ու հարազատ,
Կ’երթան ետին լքած երկիր մը ողջակիզուող»
Ու մինչ, «ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՆՈՅՆՆ Է…» քերթուածին մէջ, հեղինակը կը փիլիսոփայէ ըսելով, որ մահը ինչքան անգութ ու անողոք է, սարսափազդու, նոյնքան եւ աւելի յամառ է մարդ անհատը ապրելու, կեանքը յարատեւելու իր բնազդական մոլեգնումին մէջ, «ԱՄԲՈԽՆԵՐԸ»ով այդ յամառ կենսասիրութիւնը կը նոյնացնէ ինքնախաբէութեան հետ գրելով.
«Կեանքը անոնց եղաւ աղի արցունք մը,
Միայն կեղծ յոյսը մնաց խաբկանքը գոյութեան»։
Եւ իրերայաջորդ տարիներուն հետ շարունակուած, անվերջանալի, ժպիտի ու թախիծի, յուսադրումի եւ յոռետեսութեան, լոյսի ու խաւարի միջեւ այս երթուդարձը, օրօրն ու տարուբերումը ըսել տուած է, երկար սպասումներէ պարտասած բանաստեղծին։
«Պիտի տեսնե՞նք արդեօք խաղաղութիւնն ամենազօր
Պիտի քալե՞նք կրկին անհոգ, պայծառադէմ
Թէ՞… երազնե՜ր են ասոնք գեղեցիկ, «անցաւոր…»
- («ԾԱՐԱՒ ԵՆՔ»)։
«ԵՐԹԸ ԽՐՈԽՏ» քերթուածը բանաստեղծին, զրոյց մըն է, զոր քերթողը կ’ունենայ իր ազգի ճակատագրին հետ, կատարուած Հայաստանի աղէտաբեր երկրաշարժին առթիւ։
Քերթողը ունի այն տպաւորութիւնը, որ «դեւ» մը «կարծես կը հալածէ իմ ցեղը»։ «Մի՞թէ անիծուած ցեղն ենք մենք բոլոր ժամանակներու» - հարց կու տայ յիշելով Եղեռնը, «Միլիոն ու կէս զոհեր»ն, Սումկայիթ ու Կիրովապատ եւ, մտաբերելով մեզի Պետրոս Դուրեանի րոպէական դառնութիւնը («ՏՐՏՈՒՆՋ») ուղղուած առ երկինք, կը քրթմնջէ.
«Կարծես Աստուած ալ կ’ուզէ բնաջնջել
Իր հարազատ որդին
Խաչին հաւատարիմ…»։
Ու ափսոսախառն եզրակացութեամբ կը հետեւցնէ, որ ա՛յս է մարդկային ճակատագիրը… որ՝
«Կը գլէ ու կը տանի ինչ կայ սիրելի,
Կը բնաջնջէ արժանաւորն ու անզօրը
Զօրաւորին դիմաց նուաստացած ու ենթակայ…»։
Այսուհանդերձ, քերթողը կը մերժէ ըլլալ յոռետես, եւ իր լաւատեսութեամբ կը համակէ ընթերցողը գրելով.
«Պիտի կրկին յառնի իմ ցեղը հրաշք
Պիտի նոր յուշարձաններ կանգնին երկնասլաց…»։
Եւ նոյն ոգեւորութեամբ եւ իր բառերուն բանաստեղծական թռիչք տալով կը վստահեցնէ.
«Նոր հորիզոններ պիտի բացուին կրկին
Ու աւետեն յաւերժութեան երթը խրոխտ,
իմ ցեղին»։
Խաչիկ Տէտէեանի քերթուածներու հատորին Գ. բաժինը ենթախորագրուած է «Սպասման ու սիրոյ երգեր»։ Այստեղ ամփոփուած են 30-է աւելի բանաստեղծութիւններ։
Եւ ինչ կրնան ըլլալ, պարփակել սպասման ու սիրոյ երգերը եթէ ոչ՝ վիշտ, կարօտ, հառաչանք ու սիրակէզ ապրումներ։
Բնականաբար այս քերթուածները համեմատած միւսներուն հետ, պիտի յատկանշուին իրենց գեր-յուզալիութեամբ, խռովիչ ապրումներու փոխանցումով ընթերցողին, արթնցնելով ենթակային մէջ մե՛րթ կարեկցանք ու յաճախ հոգեկցութիւն։
Սիրոյ հոմանիշը, հոգեկիցը տառապանքն է, որ անբաժան ստուերի պէս կը հետեւի առաջինին։ Եւ կը թուի, թէ սէրը իր լրիւ իմաստն ու զգայնութիւնը պիտի չզգենուր, առանց իրմէ անբաժան եղող ու զինք ամբողջացնող ցաւ ու վիշտին։
«Լաւագոյն քերթուածները կը ծնին տառապանքէն» - կ’ըսէ ֆրանսացի քերթող Ալֆրէտ Տը Միւսէ,- աւելցնելով. «Եւ ես գիտեմ այնպիսիներ, որոնք լուռ հեկեկանք են»։ Բացառութիւն չէին կրնար կազմել Տէտէեան քերթողին սիրոյ մրմունջներն ու «հեկեկանք»ը։
Կը թուի, թէ Լիբանանի չարաղէտ, շուրջ երկոտասնամեակը ներշնչումի կարեւոր ազդակ հանդիսացած է բանաստեղծին սիրերգութեան մէջ, ուր բաժանումի, կարօտի, հոգեկան հաղորդներու, վերամիացումի, անդարձ մեկնումներու եւ ա՛լ երբեք չհանդիպելու հաւանականութեան մղձաւանջը, քերթողի հոգին կը պահէ մշտավառ ու սրտամաշ։
«ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ»ի մէջ սէրը իտէալական հասկացութիւն է, որ, իր նոյնիսկ աննիւթական ներկայութեամբ, չի դադրիր «գոյութիւն իմաստաւորող» ներկայութիւն ըլլալէ ու մնալ յաւէտ «ներշնչման աղբիւր մը մշտահոս… նորոգուող»։
Սիրող էակներու իրարմէ հեռաւորութիւնը միայն կարօտ ու մորմոք չարթնցներ իրենց մէջ, այլեւ՝ կասկած, մոռցուած ու թողլքուած ըլլալու զգացում, ու նաեւ՝ սիրոյ մէջ որբանալու երկիւղ մը, որ երգել կու տայ բանաստեղծին «ԿԱՐՕՏԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ»ուն մէջ։
«Եթէ դաւաճանես սիրոյ մեր ուխտին,
Սէրս թող ըլլայ կտակս վերջին.
Քեզմէ վերջ ինձ կը սպասէ
Ապերախտ գոյութիւն մը միայն…»։
Քերթողին համար յուշերը մարդ անհատին հարստութիւնը կը կազմեն։ Կենսատու են անոնք, ոգեշնչող ու իմաստաւորող անհատին գոյութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ անոնք վկայութիւնը կազմեն ապրուած, տխուր ու անդարձ անցեալի մը։
«Յուշեր են որ կ’ապրին ներսիդիս,
Լոկ յուշերն են որ կը մնան
Գոյութեան մը իմաստն ու ոգին… («ՄՆԱՅՈՒՆԸ…»)։
«ԱՆԷԱՑՈՒՄ» քերթուածին մէջ, Խ. Տէտէեան կարծես գրիչը փոխարինած է վրձինով, որ երանգապնակին հպելով կ’երփներանգէ ծովանկար մը,
«Աշնան օր մըն էր խիստ,
Երբ մոլեգնած ծովուն մակընթացութեան հետ
Յայտնուեցար տեսիլքի մը նման պայծառ…»։
Եւ սակայն, երկար չի տեւեր այս ժամանումին բանաստեղծին «տարագիր էութեան» մէջ կայք դառնալը, քանի որ նոյն ծովուն ալիքներուն… «Ու անոր տեղատուութեան հետ… Հեռացար ընդհուպ անհետ…»։ Եւ՝
«Անոր մէջ թաղելով կեանք մը անհաստատ
Սէր մը՝ խոնարհ ու համեստ…»։
Իմաստալից, ազնիւ ու վերացնող սիրոյ պատկերացումը կու տայ մեզի բանաստեղծը իր «ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՕՍՔ»ով։ Սէր մը որ, դժբախտաբար, մերօրեայ երիտասարդութեան մեծ մասին անծանօթ է, ժխտումն է իսկական սիրոյ, որ անով համակուածին տեսլական ու վեհ նպատակի մը հասնելու հրաշալի ձգտում կը հաղորդէ։
Այս կարգի վեհացնող ու վերացնող ստեղծագործ սէրով համակուիլ ու ներշնչուիլ պիտի յանձնարարէինք ժամանակակից հայ երիտասարդութեան։
«Կը լքեմ պատահական կիրքերը երէկի,
Անիրական ապրումները սնամէջ,
Կ’ուզեմ սէր մը ճշմարի՜տ, անեղծ,
Սէր մը որ տայ ինծի վերելք յարատեւ»։
Ինչու։ Որովհետեւ.
«Ունայն են օրերը այս կեանքի,
Հովին նման կու գան ու կ’անցնին,
Ինծի պէտք են յոյզեր, ներշնչումներ,
Վաղուան արշալոյսին հաւատացողներ»։
Սիրոյ, անկեղծութեան ու կարօտի անպաճոյճ դայլայլ են «ԿԱՐՕՏ» քերթուածին սա առաջին տողերը քերթողին, Դ. Վարուժանը յիշեցնող… «Մերկ ըլլաս դուն բանաստեղծին հոգւոյն նման…»։
«Այս գիշեր կ’ապաւինիմ քեզի
Հոգիս մերկ կը դնեմ քու առջեւ
Ընդունէ՛ զիս կարօտով մը հի՜ն,
Ու սիրէ նոր հուրով մը ջերմ»։
Խաչիկ Տէտէեանի յաջողագոյն քերթուածներու շարքին կը դասուի «ԿԻՆ»ը, որ շարադրուած է իրաւ բանաստեղծութեան բնորոշ յատկանիշներով, քնարերգութեան ընդելուզած իմաստասիրութիւն, քնքշանքին՝ բրտութիւն, սէր՝ որ ատելախանձ է, հոգեզմայլանք մը՝ որ, հարբեցնելով հանդերձ… կորուստ կը պատճառէ։
«Երբ կը սիրես… կի՛նն է, գերո՛ղ, ներկա՛յ միշտ,
Ու երբ կ’ատես… ա՛ն է արմատը չարին։
Ներկայ է կեանքիդ մէջ որպէս
Տիրական ուժ մը գերիվեր, անփոխարինելի,
Առանց անոր կեանքը ունայնութիւն է մեծ,
Անոր հետ՝ տառապա՜նք անվերջ»։
Վարդաշող արշալոյսի մը հետ մեզ դէմ յանդիման կը բերեն «ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՍԷՐ» քերթուածին սա տողերը, որոնք սիրոյ առարկայի մը յայտնուելուն հետ կ’առնչուին։
«Կը սպասեմ ճառագայթումդ մօտալուտ…
Արշալոյսին նման որ խաւարը կը փարատէ,
Փարատէ՛ տրտմութիւնս, վիշտս, ցաւերս…»։
Քնարերգական դիւթիչ տողերու կը հանդիպինք «ՍՈՆԱՏ»ի մէջ։
«Հարբած աչքերուն մէջ գրաւիչ,
Տեսայ հրավար ցոլքը ներքինիս,
Մեղրածոր շրթներուն վրայ խռովի՛չ,
Բոց կար, նոր կեանքի մը աւետիս»։
Սէրը լիիրաւ իմաստ, ամբողջական հասկացութիւն պիտի չունենար կարծես, եթէ իր քաղցրութեան չընկերանար դառնութիւնը, ուրախութեան չհետեւի վիշտը, բերկրանքին՝ թախիծ, վշտալի բաժանումին՝ հրճուալից վերահանդիպում, եթէ անցկալից սպասումին չյաջորդէ երջանիկ ժամանումը։
Յարափոփոխ այս վիճակներուն մեզ հաղորդ կը դարձնէ քերթողը «ՆՈՐ ՕՐ» բանաստեղծութեան մէջ, ուր քերթողը կ’ըսէ.
«Կը փակեմ ընդմիշտ հին էջերը տառապանքի»… Քանի որ՝ «Նոր օր մը կը սկսի հիմա ինծի համար… Օր մը՝ որուն մթնոլորտը… Սէ՜ր ու յո՜յս կը բուրէ… Նոր ապագայ մը կը սպասէ ինծի այսուհետեւ…
«Ապագայ մը՝ որ» …իր սիրոյ էակով «պիտի յաղթանակէ»։
Սիրոյ, հաւատարմութեան, սիրուած էակին անփոխարինելի ըլլալուն գերագոյն վկայութիւնը կու տայ բանաստեղծը երբ կ’ըսէ, թէ իր կեանքին բոլոր օրերը պատրաստ է զոհելու բացի այն մէկն, որ պիտի պահէ անմոռաց, եւ այդ է՝
«Այն օրը երբ մեր առաջին սէրը հիւսեցինք»։
Եւ կամ, կեանքէն ու կնոջմէ մը ընդմիշտ հրաժեշտ առնել եթէ հարկ ըլլայ, հաւատարիմ ու անդաւաճան սիրողը կ’ըսէ իր սիրոյ կուռքին
«Ես հրաժեշտ կ’ուզեմ առնել միայն քեզմէ՛, սիրելիս…»։
Որովհետեւ ան եղած է իր առաջին մտածումն ու «ցանկութիւնը վերջին»։ Ասոր համար ալ կ’օրհներգէ՝
«Օրհնուի՛ թող անունդ կին,
Լայնածաւալ այս աշխարհին
Ու կիներուն մէջ» («ՍՐԲԱԶԱՆ ՍԷՐ»)։
Վերադարձի ու վերահանդիպումի յոյսը «անմար մորենի» է սիրատարփ քերթողին համար։
«Հեռացած թէեւ, բայց ծովեզրին նստած
Կը սպասեմ վերադարձիդ խոստացած,
Ու օր մը, գիտեմ պիտի դարձեալ յայտնուիս
Աղջամուղջին ընդմէջէն ու ըսես.-
Դո՛ւն ես սիրոյս վէպը անաւարտ…»։ («ՀԱՒԱՏՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ»)։
Մինչ այդ, սակայն, հարկ է՝ «Դատարկ առօրեան լեցնել… Անցեալի գեղեցիկ յուշերով… Ներքին տխրութիւնը քօղարկել… Ապրուած պահելու վերյուշով…»։
Սպասումը մղձաւանջ, յաւիտենականութիւն է կարօտալի սիրտին համար՝ որ կը հառաչէ անձկալից, լքումի մը հաւանականութեան սրտադողը ներսիդին։
«Կը սպասեմ վախով անվստահ,
Կը սպասեմ մեր ուխտին հաւատարիմ.
Ուշացումը կը նշանակէ մոռացո՜ւմ,
Մերժո՜ւմ ու ծանր յուսախաբութի՜ւն…» («ՍՊԱՍՈՒՄ»)։
Մերթ ընդ մերթ բանաստեղծը, իր քնարերգական զեղումներով, կը հասնի ու կը թեւածէ Պառնասի բարձրութեան ոլորտէն ներս։ Ահաւասիկ եռատող մը որ Դուրեանական «Տրտունջի» հառաչին (Երկնքի աստղեր, կայծ տուէք սրտիս… որ ապրիմ) հետքերով կ’ընթանայ։
«Թոյլ տուէք սիրոյս որ ապրի՛,
Կայծ տուէք հոգւոյս որ բոցավառի
Գեղեցիկը կարճ պահ մըն է անցողակի»։ («ԿԱՐՃ ՊԱՀ ՄԸ ՄԻԱՅՆ»)։
Անսովոր չէ սիրավառ սիրտ մը տեսնելը մերթ հակասական տրամադրութիւններու մէջ, մերթ ալ երջանկութեան զենիթին, երբեմն ալ յոռետեսութեան ու ինքնաժխտումի ստորոտը, ուր պատրանաթափուած հոգին բանաստեղծին հարց կու տայ
«Բայց ի՞նչ կ’արժէ սէրը…
Ապերախտ ու անսիրտ այս աշխարհին մէջ…»
Երբ «զոհողութիւնը»… «Կը ծնի թոյն ու նախանձ», ըսել տալով պատրանաթափ սիրողին՝ «Սէրս ապուշ երազ մը եղաւ միայն անկարելի»։
Հին «Անաւարտ սէր» մը մնայուն, կսկծացնող ներկայութիւն է քերթողին մէջ, իր յագեցումին տենչացող միշտ, որ սակայն ցնորք է, անկարելի մաղթանք։ Ուստի ան շշնչեր է սիրոյ էակին.
«Գնա՛, հեռացիր… մերը երազ մըն է… անկարելի…»
Եւ այդ եղերական մեկնումէն ետք…
Արցունքի շիթ մը միայն
Մնաց իմ դէմքին վրայ սառած…»։ («ԱՆԱՒԱՐՏ ՍԷՐ»)։
Բաժանումը սակայն, անյուսալի չէ, քանի որ «ՕՐ ՄԸ» քերթուածին մէջ կը յուսայ.
«Օր մը եթէ դարձեալ մենք հանդիպինք
Պիտի սիրեմ քեզ անցեալի անհո՛ւն անվե՛րջ սիրով…»։
Շատ յաջող քերթուած մըն է «ԹՈՆԻՐԻՆ ՇՈՒՐՋ»ը ուր զգացում, զգայնութիւն, ապրում ու սիրատոչոր բառերն աղբիւրի մը գլգլաքին պէս հեզասահ, մեղմիկ ու քաղցրալուր կը հնչեն այնքան սրտաբուխ ու բնական, որ պահ մը բանաստեղծին ապրումներուն հետ նոյնանալու զանոնք կիսելու փորձութիւնը կ’ապրիս, պատկերացնելով.
«Թոնիրին շուրջ ընկողմանած,
Շիկահեր դէմք մը, ու
Սիրավառ իմ հոգին
Կ’ըմպեմ գինիի վերջին ումպը հաճոյալից,
Կ’րթամ ննջել լլկուած մտքերով,
Առաւօտ է արդէն ու աւարտը տռամին…»։
«ԲԱՌԵՐԸ ԻՄ ԵՐԳԻՆ»ի մէջ քերթողը սփոփուած է, որ «Կեղծ ու խաբուսիկ» եւ «ձախող» սէրերէ ետք ճանչցած է «Մէկ սէր գերազանց» եւ կ’ուզէ որ «Ոսկետառ գիրերով» թուղթին տրուած այս վկայութիւնը դառնայ «Յաւիտենական երգը» իրենց «Երկուքին…»։
Խ. Տէտէեան քերթողին բնորոշ է իր բանաստեղծութիւնները մերթ պոռթկուն եւ յաճախ քնարերգական տողերով եզրափակելու շնորհը։
Մինչ «ԱՊԱԳԱՅԻ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» անձկագին իր «Հոգիի աստղին» յայտնուելուն սպասողին համար «Թող անոր երեւումը ըլլայ տիրական, ուշ բայց յաղթական» - «ԱՆՈՐ»-, քիչ անդին, իր «ԶՐՈՅՑ»ին մէջ կը խոստովանի, որ այն, որուն համար կը կարծէր, թէ կրնայ «Անհետիլ, դառնալ միայն երազ ու տեսիլք», իրականութեան մէջ եղած է… Բայց միշտ ու միշտ դուն եղար տիրող»։ Եւ հոս է, որ քերթողական շնորհը բանաստեղծին, տողերուն զգայնութիւնը եւ յուզական ներգործութիւնը կը հասցնէ իրենց բարձրակէտին, եւ առաւելագոյն ուժգնութիւն կը հաղորդեն իր պոռթկացող անկեղծութեան. «Դուն ինձ համար եղար ափը՝ ովկէանոսները կամրջող… Միտքս ու հոգիս զիրար շաղկապող…»։
Նորարարութիւն կոչուելու արժանի սիրազեղ ու անկեղծ վկայութիւն կը կազմեն հոգեվիճակ մը երփներանգ պատկերացումով արտայայտող, բանաստեղծական տեսակ մը գիւտ եղող սա տողերը «ՕՐ ՄԸ ԵՏՔ»ին մէջ, «Քու երեւումիդ առաջին… Դուն եկար պարզ ու լուռ… Հանգչեցար կողքիս աթոռին սեղմ… Ու դիտեցիր զիս գաղտագողի… Երբ ես հեռուներն էի իմ երազներով… Չէի գիտեր թէ երազն է իմ քով, այնքան մօտ»։
Նոյնպիսի քնարականութեամբ զեղուն, թաւշեայ հպումով ընթերցողին հոգին խռովող եւ ընթերցողը երազի թեւերուն յանձնելով անոր սէր ու բարութիւն ներշնչող տաղեր են «ԱՅՆՔԱՆ ԻՐԱԿԱՆ ԷԻՐ…» եւ «ԻՆՉ ՈՐ ՏԵՂ» բանաստեղծութիւնները։
Խաչիկ Տէտէեան մատեանին վերջին՝ «ԴՈՒՆ ԳԻՏԵՍ» բանաստեղծութիւնը կը դասեմ իր լաւագոյններու շարքին։ Գրուած է պարզ, անպաճոյճ ու հեզասահ բառ-տողերով, որոնք սակայն կ’արտայայտեն խորապէս ապրուած, սրտի վճիտ ակունքէ բղխող, անկեղծ եւ բիւրեղեայ, հոգի քաղցրացնող զգայնութիւններ, քօղազերծ ու անվերապահ, որոնք կը հնչեն ականջիդ քաղցրալուր մեղեդիի պէս։
Իր այս քերթուածով քերթողը վերջնագոյն վկայութիւնը կու տայ իր ամէն շպարէ ու վերապահութենէ զերծ իր անկեղծութեան, զգացումներուն հարազատութեան եւ անոնց վճիտ թափանցկութեան։ Բայց մանաւանդ՝ իր մտածումն ու հոգեվիճակը բանաստեղծական թռիչքով կարենալ արտայայտելու շնորհին, ուր սէրը որքան կայուն ու բուռն է իր մէջ, նոյնքան ալ տկար է քերթողին իր զգացածը «խոստովանելու» համարձակութիւնը։
Ահա՛, իր խռով հոգեվիճակը արտայայտող տողեր, «Դուն գիտե՞ս սիրելիս… Թէ իմ ներսիդիս միշտ… քու տեսիլքն է զիս ամուր բռնած… Այսքան ժամանակ… Բայց ափսո՜ս… Այդ եւս խոստովանելու, ընդունելու… Քաջութիւնը երբեք չեմ ունեցած»։
Այս տողերը ինքնաբերաբար, կը գոյացնեն զուգահեռ մը Խ. Տէտէեանի գիրքին խորագրին՝ «ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ…»ին հետ։
Ի հեճուկս իր այն հաւաստիացումին, որ ինք իր մտքերու եւ զգացումներու արտայայտման մէջ կը մերժէ ամէն վերապահութիւն ու թաքնամտութիւնը, կը տարակուսինք որ բանաստեղծը իր այս մատեանով իր բանաստեղծի հոգին ամբողջապէս հայելացուցած ըլլայ ընթերցողին։
Ինքն է խոստովանողը իր սիրոյ էակին եւ այդ գծով ընթերցողին. «…Գիտե՞ս նաեւ… Թէ տագնապող իմ աշխարհը… Իմ խռոված հոգին… Փակ մատեան մըն է եղած միշտ բոլորին դիմաց»։ Որուն՝ «Գուցէ երբեք չեմ դիմակազերծած… Իր ամբողջական մերկութեամբ»։
Արդեօ՞ք բանաստեղծը իր հոգիի աշխարհին մէջ դե՛ռ կը կրէ բան մը որ անծանօթ է նա՛խ իրեն, ապա՝ իր ժողովածուի ընթերցողներուն։ Գուցէ եւ, ինչպէս կ’ըսէ ինք՝ թէպէտ այդ ներաշխարհին մէկ ծերպը ծանօթ է իրեն լրի՛ւ, բայց քերթողի հոգիին յատուկ մերկութեամբ ու անբիծ մաքրութեամբ («Մերկ ըլլալս դուն բանաստեղծին հոգւոյն նման…» - Դանիէլ Վարուժան-) … «Ափսո՜ս… Այդ եւս խոստովանելու եւ ընդունելո՛ւ քաջութիւնը երբեք չեմ ունեցած…»։ Մաղթենք, որ «Այդ եւս»ն ալ արտայայտելու անկեղծութիւնը եւ յանդգնութիւնը չպակսի իրեն յառաջիկային… եւ թուղթին յանձնէ զանոնք իրաւ բանաստեղծի սրտբացութեամբ, իր հոգիի անբիծ սպիտակութեամբը, շնորհներով ու հարազատութեամբ, ինչպէս ըրած է քերթուածներու իր անդրանիկ ժողովածուի ներկայացման ատեն։
Հաճելի է հաստատելը, որ իր երախայրիքը կազմող այս հատորով, Խաչիկ Տէտէեան իր զգայուն քերթողի ձիրքն ու շնորհները մեզի վկայել տալու հաճելի առիթ մը ընծայած եղաւ։
Չեմ տարակուսիր, որ իր՝ Պառնասի ու Ապողոնի նորագոյն երկրպագուին եւ շառաւիղին այս գրական խաչաբուռը, բարեհաճօրէն ընդունուած է Բանաստեղծութեան եւ Քնարերգութեան աստուածներուն կողմէ։
Եւ Խաչիկ Տէտէեան պիտի շարունակէ թրթռացնել իր քնարը այսուհետեւ, ընթանալով եւ իր հետ տանելով ընթերցողը դէպի նոր… «Անծանօթ»ներ, պեղելով գալիքը եւ ինչ որ կայ դեռ անյայտ Կեանքի ու Մարդու հոգիին մէջ, որ եղած է ու կը մնայ իսկապէ՛ս առեղծուած, քիչ մը բոլոր ապրողներուս համար…։
ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ
ՆԱՅԻՐԻ Երկշաբաթաթերթ, 27 Ապրիլ, 11 Մայիս, 25 Մայիս 2004։