ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Խաչիկին ծանօթացայ 1981-ին։ Ինք՝ ուսանող Հայկազեան գոլէճի։ Ես՝ գրադարանապետ Հայագիտական գրադարանի, որուն հաւատարիմ յաճախորդներէն էր Խաչիկը։ Լուրջ՝ ինչպէս միշտ։ Գործունեայ ՀԵՀՈՄ-ական մը։ Յաճախ պրպտումներ կը կատարէր գրադարանէն ներս։ Ու ես՝ սիրով կʼօժանդակէի իրեն։ Տակաւին ուսանող, խումբ մը ընկերներով, որոնցմէ կը յիշեմ Հայր Անուշաւան Դանիէլեանը, Ողբ. Վազզգէն Էթեէմէզեանը, Հրաչ Սարգիսեանը, խմբային աշխատանքով, անգլերէն բնագիրէն հայերէնի թարգմանեցին ու 1983-ին հրատարակեցին Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն», հեղինակին ծննդեան 100-ամեակին առիթով։

Այդ աշխատանքին աւարտին՝ ծանօթացայ թարգմանութեան։ Ու այդ առիթով ունեցայ հետեւեալ մտածումը. - Յանձին Խաչիկին՝ հայ թարգմանական գրականութիւնը ապագայ թարգմանիչ մը շահեցաւ։ Տարի մը կամ երկու անց, Խաչիկն ու քանի մը ընկերներ, այլ մատենադարաններու կարգին, խառնշտկեցին Հայկազեանի գրադարանի մամուլի հաւաքածոներն ու գիրքերը։ Այդ յամառ աշխատանքին արդիւնքը եղաւ 1986-ի գարնան լոյսին եկած Ռուբէն Սեւակի Երկեր հաստափոր հատորը՝ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին յառաջաբանով։ ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան «Ներածական» խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնուի «յատկապէս ատենապետին՝ Խաչիկ Տէտէեանին, որ ամէնէն ծանր բաժինը վերցուց անձնապէս՝ կատարուած հաւաքական այս աշխատանքին մէջ»։ Արդարեւ, հաւաքական աշխատանքէն անկախ, հատորի աւարտին, շուրջ 70 էջերու վրայ տարածուած, Խաչիկ Տէտէեանը ներկայացուցած է գրեթէ ամբողջական «Մատենագիտութիւն Ռուբէն Սեւակի»ն, որ տքնաջան ու տաժանագին աշխատանքի արդիւնք է։

Ու ես, այս աշխատանքի ի տես, ունեցայ նոր մտածում մը. - Հայ բանասիրութիւնն ու մատենագիտութիւնը յանձին Խաչիկին՝ ապագային փայլուն բանասէր մը կամ մատենագէտ մը պիտի ունենայ։ Ինծի այդպէս մտածել կու տար նաեւ երկու տարի ետք, 1988-ին, Խաչիկին հրատարակած՝ «Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակին հատորը, ուր խղճմտօրէն հաւաքուած եւ ներկայացուած է ՀԵՀՈՄ-ի քառորդ դար մշակութային, ուսանողական, հասարակական բնոյթի ամբողջական ժամանակագրական պատկերը։

Կարիք ունիմ այստեղ հրապարակաւ խոստովանելու, որ իմ երկու նախատեսութիւններուս մէջ չարաչար սխալած էի։

Փոխան թարգմանիչի, բանասէրի կամ մատենագէտի՝ Խաչիկը այսօր մեզի կը ներկայանայ իբրեւ կայացած բանաստեղծ, որուն երրորդ քերթողագիրքին ծնունդը կʼողջունենք հանդիսաւորապէս։ Մեզմէ շատեր, իրենց պատանութեան, ոտանաւորներ գրած են. ես անոնցմէ եղած եմ։ Ո՞ւր եմ այսօր։ Դոկտոր Երուանդ Քասունին, այսօր խօսք առնողներէն, շատ լաւ կը յիշեմ, Ծերուն գրչանունով քերթուածներ ստորագրած է գրական մամուլի մէջ։ Անոնք ատենին, յաջողած գործերու տպաւորութիւն թողուցած են վրաս։ Ո՞ւր է այսօր բանաստեղծ Քասունին, որ այսօր իբրեւ պատմաբան, խմբագիր ու մտաւորական՝ բազմաթիւ տոկուն հատորներու հեղինակ է։

Խաչիկ Տէտէեանը, ըստ երեւոյթին, բանաստեղծութեան եկած է աւելի ուշ, երիտասարդ տարիքին։ Արդեօ՞ք Իրմային կը սպասէր։

Խաչիկը, իր բանաստեղծութիւններով, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ներկայ է մեր զոյգ գրական հանդէսներուն՝ «Բագին»ի եւ «Կամար»ի մէջ։ Նմանապէս՝ մեր երեք օրաթերթերուն՝ «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք» եւ «Նայիրի» երկշաբաթաթերթ։ Անձնական վկայութիւն մը. տակաւին վերջերս լոյս տեսաւ «Կամար»ին 17-րդ համարը։ Խաչիկը մրցանշային աշխատակցութիւն բերած է «Կամար»ի, բացի թիւէ մը, որուն համար ես զինք կʼայպանեմ, ինք՝ զիս։

Կազմաւորուած երիտասարդ բանաստեղծ, Խաչիկի առաջին քերթողագիրքը լոյսին կու գայ 2003-ին։ Երկրորդը՝ 2008-ին, երրորդը՝ 2012-ին։

Ուշադրութիւն դարձուցէք երեքի խորագիրներուն.

- Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը

- Դարասկիզբի մտորումներ

- Խենթ գիշերներու թափառումներ

Ինչպէս այս խորագիրները ցոյց կու տան՝ Խաչիկը սանձարձակութիւններու մարդը չէ, այլ՝ նոյնիսկ սիրային բնոյթի քերթուածներուն մէջ՝ բանաստեղծը զուսպ է, կը սանձէ յոյզերու եւ զգացումներու վարար հոսքը՝ իր յօրինումները ենթարկելով առողջ իմացականութեան, մտքի հակակշիռին, առանց արուեստակեալ, բռնազբօսիկ մարզանքներու զոհ դարձնելու զանոնք։ Խոհը, խոհերը տիրապետող են իր քերթուածներուն մէջ։

Լեզուն՝ պարզ, միտքերը՝ յստակ, մանուածապատ շարահիւսութենէ եւ ոճէ՝ զերծ։ Ընթերցողը, միջին ընթերցողը ոչ մէկ դժուարութեան կը բախի, հասկնալու համար գրուածը, ընկալելու համար պատգամը, զոր բանաստեղծը կը փորձէ փոխանցել իրեն։

21-րդ դարու բարդ ու անհասանելի երեւոյթներու, անծանօթ հորիզոններու, յաճախ քարանձաւային թանձր խաւարով շղթայուած անբացատրելի իրադարձութիւններու դէմ յանդիման, բանաստեղծը կը լարէ իր դատողութիւնը եւ կը փորձէ հնարաւորին չափ ցրուել խաւարէն յառաջացած խիտ մշուշը։ Ան, տարբեր քերթուածներու բառապաշարին մէջ յաճախ կʼօգտագործէ նոյն բառերը, որոնք երբեք կրկնութեան մը խաբկանքը չեն փոխանցեր ընթերցողին։ Ուշադիր ընթերցում մը ընթերցողը պիտի առաջնորդէ՝ բացայայտելու օգտագործուած նոյն բառին իմաստային նրբերանգներն ու տարբերութիւնները զանազան քերթուածներու մէջ։ Այս մէկը ես կը նկատեմ նկատառելի իրագործում մը բանաստեղծին հաշւոյն։

Բանաստեղծը՝ «Հեշտանք» խորագրուած քերթուածը այսպէս կʼաւարտէ.

Դուն անբաժան ստուերն ես իմ քայլերուս աներեր…

Դուն կաս ու կը մնաս՝

Մինչեւ այն ատեն, որ արեւ կայ իմ կուրծքին ներքեւ…

Անձնապէս, վստահ եմ, որ բանաստեղծին կուրծքին ներքեւ արեւը պիտի շարունակէ ջերմացնել ոչ միայն զինք այլեւ իրմով խանդավառ ընթերցողները, առաջին հերթին՝ իր բարեկամները։

«Խենթ Գիշերներու Թափառումներ» հատորով, Խաչիկը անգամ մը եւս կու գայ հաստատելու, թէ բանաստեղծի պատմուճանը իր ուսերուն հանգչած է ի վերուստ։

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ