ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ…

Երեք բաժիններէ բաղկացած այս գիրքը ուշացումով ստացած եմ ու նոյնքան ուշացումով կարդացած։ Ուշ ծանօթացայ նաեւ հեղինակին եւ գտնելով որ այս քերթուածները ստորագրողը յաւակնութիւններով չէ՛, որ հանդէս եկած է տպագիր խօսքով, աւելի եւս հետաքրքրուեցայ իր ներաշխարհը բացատրող այս հատորակով, մանաւանդ որ գիրքին խորագիրը կը նշէր ուղեւորութիւն մը դէպի անծանօթը, ինչ որ զիս մղեց գէթ ծանօթանալու այդ անծանօթին։

Հեղինակը իր երկու խօսքին մէջ խոստովանանք մըն ալ ունի արդէն, -

«Այս բանաստեղծութիւնները ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն չեն աւետեր (աւելի ճիշդ կ’ըլլայ, կը խորհիմ, ըսել՝ ոչ մէկ ճշմարտութիւն կ’աւետեն), սակայն երկարատեւ հարցադրումներու եւ ներանձնական յոյզերու վիճակ մը կը պարզեն, նոյնինքն այդ ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ»։

Արդ, մերն է կարգը փնտռելու ճշմարտութիւններ, այս հատորին մէջ։

Ըսինք երեք բաժիններէ կը բաղկանայ այս հրատարակութիւնը. -

Ա- Հարցադրումներ – 47 քերթուած

Բ- Պատերազմի Օրագրէն- 13 քերթուած

Գ- Սպասման Ու Սիրոյ Երգեր- 34 քերթուած

162 էջերու վրայ 94 քերթուած։ Տասը քերթուածով բանաստեղծութիւններու գիրքի ալ հանդիպած եմ, որ կը պատկանէր «Անդաստան» պարբերականի խմբագիր՝ Բիւզանդ Թօփալեանի գրիչին, որ զարմացական արտայայտութիւնս որսալով՝ ըսաւ, - Եթէ բանի մը կը նմանի, եթէ նամուս ունի, այս ալ կը բաւէ։

Ա. - Հարցադրումներ

«Ուր կ’երթանք», տիեզերական հարցի մը առջեւ ենք։ Բայց արդեօք նո՞ր է այս հարցը, թէ ծնած է մարդ արարածին homo sofiens դառնալէն ի վեր։

Բայց այդ տագնապը մակընթացութեան ուղղութիւնը որդեգրած է վայրահակ դառնալու համար, այլ՝ ոչ բարձրանալու։ Ատկէ կը ծնի հեղինակին արդար տառապանքը, - «Արագութեամբ յատկանշուող այդ դարը կը թաւալի յառաջընթաց… դէպի վերջը… որ վախազդու է, բայց արդեօ՞ք դրական…

Փողոցներուն մէջ բազմութիւններ կան, գրողը մէկ մասնիկն է այդ բազմութեան։ Դէպի ո՞ւր կ’երթայ այդ բազմութիւնը, եւ կամ զինք դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդէ։

Քաոսային գտնելով ներկայ աշխարհին վիճակը, նոր հորիզոններու կը ձգտի ան՝ յուսալով հասնիլ իր հոգիի խաղաղութեան։

Գրողին հոգին աքցանի մէջ է։ Ան կ’ուզէ ոչ միայն իր, այլ ամբողջ մարդկութեան ցաւերուն վերջ մը տալ։ Եթէ, հարց կու տայ ան Աստուծոյ, մեր ապրած կարճատեւ կեանքը պիտի ափէ ափ ցաւերով լեցուի, ինչո՞ւ այս կեանքը։

Յարատեւ փնտռտուքի մէջ եղող Տէտէեանը նոր ուղիներ կ’որոնէ կեանքի անելէն ճողոպրելու համար, բայց, արդէն կը տարակուսի. -

«Գուցէ փնտռտուքս չաւարտի երբեք»։

Ան երկնքի աստղերուն ընկեր դառնալ կ’ուզէ՝ լուսաւորելու համար խաւար հովիտները։ Բայց կը վախնամ, որ աստղերը կարող պիտի չըլլան լուսաւորել հովիտները։

Հաճելի ցանկութիւն մը ունի. - վեր ըլլալ բոլոր խեղճութիւններէն։

Յուսահատութիւնը կ’այցելէ զինք մերթ, յաւերժութիւն կոչուածը մահն է իրեն համար։ Բայց նաեւ կտակել կ’ուզէ աշխարհին գործ մը յաւերժական։ Հակասութի՞ւն մըն է այս։ Ո՛չ։ Հակասութիւններու միացո՛ւմ։

«Ծանիր Զքեզ» կը թելադրէ։ Տէրը կը նմանցնէ կեանքի մը, որ համանուագ կը ստեղծէ։ Ուրեմն եզրակացութիւնը պէտք է ըլլայ. - կ’արժէ՛ ապրիլ այս կեանքը համանուագ մը ստեղծելու համար։

Մարդը կը գտնէ պատրանքներու գերի։ Իսկ մենութիւնը՝ խաւարի հետ ընկերութիւն։ Այս բոլորով հանդերձ բանաստեղծը կը քալէ դէպի ապագայի սրբահրաշ կեանքը։ «Վաղն է առանցքը բոլոր հարցերուն»։

Մեծ չէ հեղինակին պահանջքը. -

Անոնց համար որ ինկան… իմացեալ մահով…։

«Թող երգս համեստ՝ դառնայ աղբիւր մը մխիթարութեան»։

Մարդոց փնտռածն ու չգտածը մարդ արարածին գոյութեան մէջ իմաստ ունենալն է։ Դարերու ընթացքին ոչ մէկ իմաստուն գտած է այս հարցումին պատասխանը։ Ու ոչ մէկ քերթող։ Բայց հակառակ այս իրողութեան, «Ամէն նոր օր, նոր լոյս մըն է նորոգուող» ու տակաւին, հակառակ կեանքի տառապանքներուն. -

- «Մենք կը մնանք մարդեր հողեղէն, վաղուան հաւատացող»:

Հեղինակին յուզողը մեր ցեղին ապագան է, վաղուան օրը, երբ ան կը տեսնէ մեր «նահանջը կամաւոր»։ Բայց չի դադրիր փրկարար ուղի մը որոնելէ, որպէսզի դառնայ՝ «Պայծառ ապագայ մը աւետող…»։

Մարդը վերածուած է մեքենայի, որուն դէմ պոռթկալ կ’ուզէ հեղինակը։

Անորոշութիւն, որոնում, ցասում, իմ հոգին, ճշմարտութիւններ։

Այս բոլոր վերնագիրներուն տակ կը գտնենք ճենճերող հոգի մը յանուն մարդ արարածին, որ կու գայ աշխարհ ու կը մեկնի, առանց իմանալու իմաստը իր կարճատեւ կեանքին։ Ու ինք, - Քալեցի դառնութիւն մը զսպած

Աշխարհէն, մարդոցմէ այլասեռած։

Քանի որ, - «նիւթը դարձած է կեանքին օրէնքը, փնտռտուքը վերջին…»։

Բ. - Պատերազմի օրագրէն

«Կ’օգտագործեն քեզ տէրերն աշխարհի,

Հոս կը լուծուին հարցերն անոնց,

Հզօրներու շահերը մեծապետական,

Կը մնաս իտէալ վայրը…»։

Այս քերթուածը՝ «Արեւելք», գրուած է 1985-ին։ Նոյնը չէ՞ կացութիւնը՝ այսօր, 2006 թուականին։

Պատերազմը՝ «առաւ հաւատքը վաղուան»։ Խօսքը Լիբանանեան երկարատեւ ներքին պատերազմին մասին է։

Հայ ժողովուրդին մասին կը գրէ. –

Մեղուի պարսին նման թափառական,

Շրջեր ես դաշտերն աշխարհի լայնատարած,

Էութեանդ հարազատ

Մեղր ես տուեր անսպառ ու առատ,

Կը քալես հետքերովն ապագայի…

Պատերազմն է աւեր, աւար, փլատակներ, անթող մեռելներ, ռումբեր…

- «Մշտադալար մայրիներն հինաւուրց կեա՜նք կ’աղերսեն»…

Կործանարար է պատերազմը, որ երկիրը դէպի վիհ, մա՛հ կ’առաջնորդէ։

Պատերազմ է։ Երկիրն այս. -

«Հեռուէն ան դրախտ մըն է աստուածային, ներսը հնոց մը կրակի ու մեղքի…»

Պատերազմ է. - «Ուրուականներ կը քալեն փողոցէն…»

Ու հեղինակը իրաւացիօրէն կ’անիծէ՛ այս պատերազմը։

Լիբանանեան պատերազմին ընդմէջէն հեղինակը միտքով կը հասնի Արցախ ու շրթներուն անէծքը այս անգամ օրհնութեան վերածած կը փառերգէ յաղթանակը հայ հերոս տղոց, - «Յարգանք ձեզ, մերօրեայ հերոսներ…»

Գ Սպասման ու Սիրոյ Երգեր

Ներշնչման աղբիւր է սէրը։ Դաժան է սիրոյ մէջ խաբուիլը. –

«Լոկ յուշերն է որ կը մնան

Գոյութեամբ իմաստն ու ոգին…»

«Կարօտ» քերթուածին մէջ հեղինակը սէր կ’աղերսէ. -

- Այս գիշեր սիրէ՛ զիս

Անցեալի անհո՜ւն, անկե՜ղծ սիրով…։ «Տարփանքը զէնք է ուժեղ»։

Իր սէրերուն մէջ յարձակողական չէ հեղինակը։ Միշտ սպասողն է, մինչ ինք կրնար երթալ դէպի սէրը, դէպի իր սիրածը ու ընել, խօսիլ այնպէս, որ սիրած էակը արցունքով դիմաւորէ զինք։ Աղերսողին դժուար թէ մատուցուին, ըսուած խօսք է չէ՞, համբոյրը չեն խնդրեր, կ’առնեն։

Խաչիկ Տէտէեանը մտածող, կեանքը վերլուծող, իրողութիւնները պարզութեամբ յայտնող, տառապող մարդոց համար տառապող էակ մըն է, որ ճամբաներ կ’որոնէ օգնելու համար տառապող մարդուն։

Հայ է։ Իր հայութեամբ տառապող, բայց անոր յաղթանակով գինովցող հայ։

Իր երգերը մտածումի, միտքի տիրակալութեան տակ եղող քերթուածներ են։

Արձակ բանաստեղծութիւն գրել փորձա՞ծ է արդեօք։

Իսկ արձա՞կ։

Խաչիկ Տէտէեանը իր մաքուր հայերէնով եթէ գրէ արձակ ու շօշափէ կեանքը, վերլուծէ կեանքը իմաստասիրական տեսանկիւնէ, վստահ եղէք, որ կ’ունենայ բազում ընթերցողներ։

Իր մէջ կ’ողջունենք պարզութիւնը ու նաեւ չյուսալքուելու ուժականութիւնը։

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

ԳԱՆՁԱՍԱՐ, Սեպտեմբեր Դ. 2006