ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Բանաստեղծութիւններ, Անթիլիաս, 2008
185 էջերու վրայ տարածուող այս գիրքը, որ կը բաղկանայ չորս ենթաբաժիններէ, հեղինակին ինծի ծանօթ երկրորդ գիրքն է ուրկէ մեզի կը նային, մեզի հետ խօսիլ ու հասկցուիլ կը փորձեն հարիւր բանաստեղծութիւններ։
Խաչիկ Տէտէեանի այս գործերը նորարութիւն ըսելու կը դժուարանանք։ Ան բանաստեղծութիւններ կը գրէ ոչ մեր հասկցած դասական ձեւով։
Խաչիկը բանաստեղծութիւններ գրելու իր ոճը ունի, սեփական ոճ, որ կը պատկանի միայն իրեն։
Կրնանք ըսել թէ Խաչիկը իր քերթուածներով միտքի բանաստեղծ է եւ ուղղակի զրոյցի կը նստի մեզի հետ եւ կեանքի նկատմամբ իր մտածումներն ու զգացումները «անգաղտնապահօրէն» կը յայտնէ, առանց մտածելու թէ ինչ ազդեցութիւն կը թողու ընթերցողին վրայ։
Ըսած եղանք որ անկեղծութիւնը իր զէնքն է, զոր կը գործածէ խիզախութեամբ։
Տէտէեանը իր դարին մարդն է, ահա թէ ինչու իր երգերը մեծ մասամբ դարին արձագանգներն են. - «Մարտահրաւէրներով յղի նոր դարաշրջանի մը մէջ կʼապրինք, ընդհանրապէս, որպէս մարդկութիւն եւ ազգովին… ընդգրկուած բանաստեղծութիւնները, որոնք հարազատ դրսեւորումն են ներքին մտածումներուն եւ յոյզերուն, եւ հարազատ ցոլքն են ապրած միջավայրիս եւ անոր տագնապներուն»։
Կարդալով այս գիրքը կը հաւատանք հեղինակին գրածներուն – կը հաւատանք նաեւ որ ան պատճէնահան մը չէ. ինչ կը վերաբերի իրեն նոյնը կրնան զգալ ու ապրիլ նաեւ իր ընթերցողները։
Այս գործը նուիրուած է իր կնոջը՝ Իրմային, որ հեղինակը այս ուղղութեամբ քաջալերող գլխաւոր անհատը եղած է։
Հեղինակին համար…
Դեռ երկա՜ր է մեր ճամբան, շա՜տ երկար,
Եւ մեր ուղեւորութիւնը՝ անաւարտ…
ՆԵՐԱՄՓՈՓ ՅՈՅԶԵՐ բաժինը գիրքին կը բովանդակէ անկեղծ ապրումներու շարք մը մարդկօրէն ընդունելի եւ հաճելի։ Հոս խօսքերը վարագուրուած չեն։ Տխուր, կեանքէն եկող պատկերներ։ «Մի՞թէ» բանաստեղծութեան մէջ հեղինակը կը խորհրդածէ.
Մի՞թէ որեւէ բան փոխանցուեցաւ այսօր երէկէն,
Թէ կեանքը նոյն ընթացքն է, անորոշ ու տարտամ։
1933-ին, Վահէ-Վահեան բանաստեղծը իր հրատարակած «Արեւ-Անձրեւ» գիրքին մէջ կը հաստատէ նոյն միտքը. - «Կը ծնի վաղն ալ արդէն կաղապարէն երէկուան»։
Հեղինակը, գիրքին այս բաժինին մէջ. –
Կը փորձեմ վերագտնել իմ եսը
Փշրուած հայելիին բեկորներուն ընդմէջէն։
«Կը խեղդուիմ այս դատարկ աշխարհին մէջ» եւ կամ. - «Տագնապներուս, մտածումներուս հոգելլկումներուս ընդմէջէն Չծնող յոյսին անդոհանքը կʼապրիմ այս գիշեր»։ «Բայց սէրը անմար երազ մը չէ՞ միթէ…»։
Կեանքին պարտադրած անօրէնութիւններէն բխող զգացումներ զորս կʼապրին մարդիկ ամէն օր, ամէն ժամ, տիւ եւ գիշեր։
Յակոբ Մանուկեան բանաստեղծին նուիրուած քերթուածը լաւապէս կը բնութագրէ ենթական.
Կը քալես տխուր,
Կը քալես ծարաւի,
Պատմութեան փշոտ արահետներէն
Գրկած տուայտանքը մարդուն՝ տագնապահար,
Առաքելութեան մը անխախտ հաւատքով։
«Յետադարձ հայեացք» բանաստեղծութեան հետեւեալ տողը.- «Ինչ որ ըրինք որպէս գործ, ա՛յդ կը մնայ իրաւամբ», մեզի յիշել կու տայ Թէքէեանի «Կեանքէն ինծի ինչ մնաց» քերթուածը.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այդ միայն։
Զարեհ Սրբազանի յիշատակին նուիրուած բանաստեղծութիւնը «Խոնարհներուն վերջինը» խորագիրին տակ, խորապէս յուզիչ է։ Անոր մահուան պահուն ես Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ կը գտնուէի եւ Համազգայինի մէկօրեայ դպրոցին մէջ ելոյթ մը կʼունենայ, ընկերներէս մին հեռաձայնով յայտնեց գոյժը – հինգ րոպէ առաջ կորսնցուցինք Զարեհ Սրբազանը… յետոյ լռութիւն…
Այդ գոյժը յայտնեցի ներկայ աշակերտներուն եւ ծնողներուն. յանկարծ զիս լսողներէն կին մը ոտքի ելաւ եւ լալահառաչ փաթթուեցաւ վիզիս։ Հանգուցեալին ազգականն էր։ Ինձմէ ետք ինք խօսք առաւ մեծ դժուարութեամբ…
Հեղինակը, թէեւ «Պատնէշի վրայ», բայց.
Ինչո՞ւ պիտի իմ երգը չըլլար ուրախ մանուկներու երգին նման,
Երբ իմ հոգին արշալոյսին հետ երեւցող մոլորած աստղի է նման։
Տէտէեան կʼաւաղէ Քրիստոսին ուշանալը.
Ո՜ւր է Քրիստոսը որ պիտի գար
Ու մաքրէր կրկին տաճարները բոլոր պղծութիւններէն։
Քրիստոսէն ետք շատեր եկան ու փոխանակ պղծութիւնները մաքրելու, աշխարհը աւգեան ախոռներու վերածեցին…
«Անկեղծութիւն» բանաստեղծութեան մէջ հեղինակը կը գրէ.
Թթուածինի նման մարդոց այսօր պէտք է անկեղծութիւն։
Մարդոց պէտք չեն երկնաքեր շէնքեր,
Պէտք է քանդել պատերը ձանձրոյթի,
Պատնէշները՝ բաժանարար։
……………………………….
Ես եւս ժամանակին գրած էի. «Այս սահմանեալ կեանքիս մէջ սահմանները չսիրեցի…»։
Կեանքի առօրեայէն բխող այս բաժինին կը յաջորդեն սիրոյ երգեր. «Յամեցող Յուշեր» խորագիրին տակ, որ դարձեալ բխած է կեանքէն.
Փնտռեցի բառեր քեզ նկարագրելու
Բոլոր բառարաններուն մէջ հաստափոր։
Չգտայ սակայն բառ մը՝ որ ըլլար
Ճշմարտանման…
Մինչեւ որ միտքս կարդաց համակարգիչս խելօք
Ու պաստառին վրայ գրեց այս բառը կարճ՝
Divine…
Հեղինակին սիրոյ երգերը ամբողջական անկեղծութիւն կը բուրեն.
Ես տեսե՛ր ու ապրե՛ր եմ արբեցնող հրայրքը սիրոյ…
Բայց նաեւ.
Ես տեսե՛ր ու նզովե՛ր եմ երկրպագուները մամոնային…
Միաժամանակ.
Զոյգ երկու աչքեր հրկիզուած
Կʼողջագուրեն զիրար գաղտագողի
Գիշերուան կէսին…
Հեղինակը իր սէրը կը կանչէ.
Եկուր ինծի այգաբացի ցօղին քնքշանքով…
Գողտրիկ է հեղինակին մեծ մօրը նուիրած բանաստեղծութիւնը։ Անդրաշխարհային սէր մը կայ հեղինակին քերթուածներուն մէջ։
Տէտէեան հետամուտ է ստեղծելու նոր բառեր. արնահամ, մաքրահամբոյր, մերկահրապոյր, աղետագուժ, օգտուելով մեր լեզուի բարդ բառեր կազմելու դիւրութենէն։
ՓԻՒՆԻԿԵԱՆ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ բաժինը նուիրուած է Լիբանանին եւ անոր եռեւեփող կեանքին ուր զէնքի շառաչը աւելի յաճախակի է քան առաւօտներու ցօղաթուրմ մեղմութիւնը։ Ուր.
Կանգ կʼառնէ ժամանակը…
Կանգ կʼառնէ մարդկութիւնը…
Ազատ կեանքի մը երազանքը կայ այստեղ.
Ելիր ոտքի Լիբանան՝
Փիւնիկին նման հպարտ,
Գրկէ՜ երազներդ խաչեալ։
Հիասթափութիւններ կʼապրի Տէտէեանը, քանի որ.
Խօսքին ու գործին միջեւ կայ ճանապարհ մը երկար…
Յաճախ կրկնուող զինարձակումներէ մոլեգնած, Տէտէեան կը գրէ.
Ե՞րբ պիտի վերջ գտնէ անհեթեթ այս պարը խելագար…։
Պարսաւի նման շեղփասայր շատ տողեր կան այս էջերուն վրայ բայց յստակացուած չեն, որո՞նց ուղղուած են շեշտակիօրէն։
Հասած ենք գիրքին վերջին բաժինին՝ ՀԱՅԱՀՈՒՆՉ ՏՐՈՓՆԵՐ։
Եւ իսկապէս հայահունչ են այդ տրոփները.
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ յանկարծ
Որ դարձանք երկրորդական, աննշան,
Հետեւորդ ազգ մը՝ յաչս աշխարհի,
Մնացինք անմիաբան, իրարու թշնամի,
Օտարին գործիք, իրարու դաւաճան,
Չդարձանք վերջապէս բռունցք մը կատաղի։
Որքա՜ն ճի՛շդ բնորոշում ու եղկելի, բիւրիցս եղկելի։
Հեղինակի կʼանգօսնէ կեղծ հերոսները եւ կը դատապարտէ թայֆայականութիւնը, շահագործումը, ձախաւեր վարչակալութիւնը, ստրկամտութիւնը, որ «ապահով միջոց է ապրուստի», եզրակացնելով.
Ե՞րբ պիտի բարեկարգենք մեր տունը յաւուր պատշաճի,
Նոր ժամանակներու վայել գիտակցութեամբ։
Հեղինակին հոգին կը ճենճերի ի տես մեր սխալներուն եւ ի լուր.
Ուր հարստութիւնը դարձած է մնայուն չափանիշ,
Գերագոյն արժեչափ
Մնացածը լուռ ամբոխ մըն է միայն
Լուսանցքին վրայ նետուած։
Բանաստեղծը հպարտ է հայ անունը կրելուն.
Մի՞թէ ուրիշ ազգեր դժգոհ են իրենց արմատներէն,
Մի՞թէ ուրիշ ցեղեր նուազ խոցելի են իրենց նկարագրէն…
Բայց.
Ե՞րբ պիտի ըսենք. Հայութի՛ւն, հայրենիք ամէ՜ն բանէ վեր։
Այդ օրը պէտք է բոլորս միակամ բերենք ընդհանուր ուժերը զօրակոչի ենթարկելով։
Ու տակաւին.
Ե՞րբ պիտի կարաւանները խռնչած՝
Տուն վերադառնան շարան-շարան…
Բայց քանի որ Խաչիկ Տէտէեանը հակառակ յստակօրէն տեսնելուն մեր բոլոր թերութիւնները կը շարունակէ գրել, կը նշանակէ թէ յոյսը ունի մեր բարելաւումին։
Մեր զգօնութեան, արթնութեան, աշխատանքի, նուիրումի մղող գիրք մըն է այս հրատարակութիւնը։
Հալէպ, 14 Օգոստոս 2008
Նոր Կեանք, 31-րդ Տարի, Թիւ 2, Դեկտեմբեր 18, 2008: