ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
«ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ»
Անթիլիաս, 2012
Ա. Մ. Նահանգներ- հրապարակային դասախօսութեան հրաւէր ծանօթ անունի մը։ Ակնկալութիւնը 30 վայրկեանի մէջ նիւթի մը ներկայացումն է։ Ի՞նչ կʼակնկալէ դասախօսը.-
- 500$,- կʼըսէ ան։
- Հապա եթէ խնդրենք որ 20 վայրկեան խօսիք։
- 750$,- կʼըլլայ պատասխանը։
Ինձմէ խնդրած են միայն հինգ վայրկեան խօսիլ։ Առանց մեկնաբանութեան։
Բայց Խաչիկ Տէտէեանը արդէն հաշուեփակը կատարած է իր բանաստեղծութիւններու երրորդ հատորով։ Հաշուեփակ՝ բաղադրեալ տոկոսներով։
Իւրաքանչիւր լոյս տեսած հայ գիրք, ինքնին յաղթանակ մըն է, առաւել եւս, եթէ ան տպագրուած է գեղեցիկ ու ճաշակաւոր, ու դեռ մանաւանդ եթէ ան իրեն հեղինակ ունի յարգելի ու սիրելի անուն մը։
Գիրքի հետ ստեղծուած մտերմութիւնը ուրիշ բան է։
Մենք մեր կապը խզած ենք ընթերացնութեան հետ, քանի որ մեր կապը խզած ենք գիրքին հետ։ Ան այլեւս մեր մտերիմը չէ։
Բանաստեղծութիւնը ընթերցանութեան այլ մօտեցում կը պահանջէ։ Անհրաժեշտ է ընդելուզուիլ բանաստեղծութեան հետ, եւ զգալ որ ան արդէն քուկդ է այնքան՝ որքան հեղինակինը։
Իմ շատ սիրած բանաստեղծը Համօ Սահեանն է, որուն ստեղծագործութիւնները կը կիսեն ցաւերս, ուրախութիւններս, կը յիշեցնեն որ մարդ եմ ու մահկանացու…
Բանաստեղծութեան մը իմ գնահատանքը կու գայ Համօ Սահեանի չափանիշերով.
***
Իմ երգածը սար է,
Իմ երգածը ձոր է,
Մէկն ասում է՝ չար է,
Մէկն ասում է՝ չոր է։
Իմ երգածը դար է,
Իմ երգածը օր է։
Մէկն ասում է՝ խառն է,
Մէկն ասում ՝ խոր է։
Իմ երգածը բախտ է,
Իմ երգածը սիրտ է,
Մէկն ասում է՝ բարդ է,
Մէկն ասում է՝ բիրտ է։
Իմ երգածը հիմն է,
Հիմն է, հիմնաւոր է,
Մէկն ասում է՝ հին է,
Մէկն ասում է՝ նոր է։
Իսկ ինձ համար մէկ է…
Երբ որ մէջը վէրք է,
Եւ քո ապրած օրն է,
Երգն, իսկապէս, երգ է,
Հինն ու Նորը ո՞րն է։
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Եւ անվարան պիտի ըսել որ քանի որ Խաչիկ Տէտէեանի երգերուն՝ բանաստեղծութիւններուն մէջը վէրք է, անոնք իր եւ մեր ապրած օրերն են, ուրեմն իսկապէս երգ են, իսկապէս բանաստեղծութիւններ են, ալ «Հինն ու Նորը ո՞րն է»։
Խաչիկ Տէտէեան, ինչպէս մեզմէ ամէն մէկը հոս, կրողն է մարդ հասկացողութեան, լիբանանցի քաղաքացիին եւ հայուն։ Ու բանաստեղծը կը փորձէ արժեւորել այս էութիւնները։ Ընդհանրապէս տխուր են պատկերացումները, երբեմն յուսալքող, բայց ան աւելի շատ այդ բոլորի իմացական արժեւորումին կը դիմէ, միշտ ապաւինելով ի վերուստ շնորհուած յուսատու լաւատեսութեան։
ՄԱՐԴԸ՝ իր մարդկայնութենէն պարպուած, տեղ մը շուտով ռոպոթներու հետ սեղան նստելու ու սիրաբանելու պատրաստ, այլ տեղ՝ մարդ-մեքենաներու նոր զաւեշտներու միամիտ դերասան, կամ հզօրներու խաղերուն քաւութեան նոխազ ու բանտուած հոգի (տես՝ «Նոր Աշխարհը», «Ե՞րբ եւ Ո՞ւր», «Խաչափայտը») ։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ. որ չարաղէտ ու անանուն տագնապի մը մէջ «վիշտը վերածեց մարզանքի, սպասումը հոգեկան հացի, բայց… մնաց անօթի»։ Ան՝ որ մահ սերմանող կրակով մկրտուած, այլեւս «լոկ իր տեսածին կը հաւատայ», ու կը հաւատայ որ «կարելին շնորհ մըն է, եթէ «անտարբերութիւն» հրէշը պահ մը դադրի քանդելի, սրբապղծելէ ու աւերելէ, ու այն ատեն՝ ճակատագիրը կը վերածուի «ճշմարիտ հաճելի իրականութեան»։ Բայց քանի որ կեանքը բարեկենդան է, «բարի լոյս՝ անհաւատներուն… Ամէն օր բարեկենդան է դիմակաւոր…»։ Մինչեւ դիմակները իյնան։ («Չարաբաստիկ Այն Օրն», «Ճակատագիր», «Անտարբերութիւն», «Բարի Լոյս»։
ՀԱՅԸ-Հայրենի հողը՝ դարերու վրայ երկարած իր շուար պատմութիւնը ունի իր տիրոջ՝ հայուն հետ։ Հզօր է ան՝ երբ զինք «փայփայող, սիրող տէր ունի», ու «եղերերգ» է, երբ կը հեռանան տէրերը։ Ու դեռ կը հեռանան։ «Իրաւ»ի շպարին տակ՝ կարծր սուտի պատմութիւն է հայուն այսօրը։ «Միմոսներու շքահանդէս» է, «Ժամանակը խժալուր երգի» եւ «օտարացնող ձայներու տօնահանդէս»։
Բայց «պայքարի» երգը ի զօրու է տակ՜աւին։ Ապրիլ է կրկին, ուրեմն՝ ոտքի։ Ի՞նչ կʼընէ եկեղեցին։ Հապա հայ մայրերը, «ո՞ւր թաղեցին հպարտութիւնը մեր գերադաս»։ Ո՞ւշ է արդէն։ Կանչեցէք հին օրերու հպարտ արքաներու հաւատքը»։ («Մոլորեցնող Կածաններ») ։
Բանաստեղծը սիրող սիրահար սիրտ է նաեւ ու գորովագութ առաջնորդող հայը։ Բայց այս բոլորը հասցէատէր ունին արդէն։
Ամբողջ գիրքը ընթերցողին է։ Կարդացէ՛ք զայն ձեր մտերմութեան մէջ առնելէ ետք միայն։
Ե.Հ.Ք.
ՔԱՍՈՒՆԻ
21/1/2013