ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Խաչիկ Տէտէեան՝ Մարդկային Ուրիշը եւ անոր փնտռտուքի հեւքը
Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան հիմքը՝ Ուրիշը ճանչնալու մէջն է։ Եւ Աստուծոյ մարդեղութիւնը՝ Քրիստոսի աշխարհ գալը՝ նոյնինքն ուրիշը գտնելու եւ անոր Արժէք՝ իմա նոր կեանք տալու իրականութեանը մէջ է։ Եւ այս իմաստով Աստուածաշունչի հատուածներու ընթերցումը ու անոր բացատրութիւն-մեկնաբանութիւնը եւ ընկալումը ուրիշին ունի եւ կրնայ ունենալ ընդարձակ հորիզոն եւ տեսադաշտ։ Ու տակաւին՝ Աստուածաշունչը կարդալը, հասկնալը եւ ընկալելը կը դառնայ ուժեղ գործընթացք։ Այդ կրնայ ընդգրկել ճանչնալ ուրիշը՝ որ ծանօթ է եւ հարազատ՝ բայց նաեւ ան որ անծանօթ է։ Ան որ քու լեզուդ եւ մշակոյթէդ է՝ եւ այն որ տարբեր։ Ուրիշը կրնայ ըլլալ օտարը ու տակաւին…։ Բայց ուրիշը նաեւ կ’ը՚նդգրկէ նոյնինքն մարդուն ներաշխարհի մէջի ինքնութիւնը՝ եւ զայն բացայայտելու եւ ճանչնալու գիտակցութիւնը եւ անոր հետ ապրելու գրաւականը եւ զայն առընչելու Արժէքի գիտակցութեանը՞…։ Իմ՝ եւ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհի մէջի տեղ գտած ուրիշը…։
Եւ Աստուածաշունչի նոր կտակարանի ուրիշի գիտակցութիւնը եւ զայն ճանչնալու բացայայտութեան մէկ լաւագոյն պատմութիւններէն՝ Քրիստոսի երկու աշակերտներու Երուսաղէմէն դէպի Էմմաուս ճամբորդութիւնն էր։ Անոնք Քրիստոսի խաչելութենէ ետք՝ խորասուզուած իրենք իրենց մէջ՝ իրենց մտահոգութիւններուն եւ մտածմունքներուն մէջ՝ կասկածելով եղած պատահարներու վրան՝ բայց նոյնքան նաեւ կասկածելով բոլոր իրենց ապրած փորձարութիւններու ճշմարտութեանը վրայով՝ հարցումներով լեցուն եւ առանց պատասխաններ ունենալու՝ անջատուած իրենց չորս կողմի իրավիճակներէն կը գալէին։ Եւ Յիսուս անոնց երեւցաւ եւ սկսաւ անոնց քովէն գալել՝ բայց անոնք զինք չի ճանչցան։ Երբ գիշերը տուն մտան՝ եւ Քրիստոս հացը կտրեց, օրհեց եւ բաժնեց՝ «անոնց աչքերը բացուեցան եւ ճանչցան Քրիստոսը» ինչպէս որ գրուած է։ Եւ աչքերը բացուեցան՝ կը նշանակէ անոնք իրենց մէջ գտան-վերագտան իրենց ինքնութիւնը՝ Ուիրշը՝ որ կորսուած եւ խեղթուած էր եւ ճանչցան Արժէքի կեանքը՝ այն որ հաղորդուեցան Քրիստոսի ներշնչած իրականութեամբը։ Եւ անոնք գացին եւ միւսներուն պատմեցին իրենց տեսածը ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ը՚սէ՝ Իմա կը հասկցուէին…։
Եւ շատ հաւանաբար հարց պիտի տաք թէ ինչո՞ւ այս Աստուածաբանական եւ Աստուածաշնչական օրինակով սկսայ այս ելոյթը։
Խաչիկ Տէտէեանի հետ ունիմ երկար տարիներու վրայ երկարած բարեկամութիւն՝ անհատական եւ ընտանեկան՝ եւ այս իմաստով բաւական ծանօթ եմ իր ներաշխարհին եւ համոզմունքներուն։ Բայց երկու ծաւալուն բանաստեղծական հատորները կարդալէ ետք՝ Երազէն Անդին՝ կրցայ ընկալել խաչիկի ներաշխարհին այդ ուրիշը՝ որ իրն էր եւ որ կը պեղէր զայն իր իրերյաջորդող բանաստեղծութիւններուն մէջէն։ Խաչիկն ալ կը ճամբորդէր՝ եւ տարբեր հանգրուաններուն մէջէն՝ բայց որ բոլորը իրար հետ միացուլուած մէկ մեծ ճանապարհորդութեան մը մէջէն։ Եւ տեսայ այդ ճանապարհորդութիւններու մէջէն իր հեւքը՝ այդ ուրիշը գտնալու եւ ճանչնալու։ Եթէ մէկ կողմէ ինք իր անձին հետ՝ բայց նաեւ շրջապատին։ Եւ հոս նաեւ կրցայ տեսնել Խաչիկի բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ քաշողականութիւնը։ Եթէ Խաչիկ ճամբայ ելլած էր՝ բայց իր հետ նաեւ կը տանի ընթերցողը՝ ես դուն եւ բոլորս։ Եւ իր այս ուրիշը փնտռելու հեւքը կը բաժնէ ընթերցողին հետ՝ որպէսզի մենք ալ գտնենք եւ ճանչնանք նոյնը։
Եւ Խաչիկ Տէտէեանի այս ուրիշը փնտռելու ճանապարհորդութեան մէջ կայ յոռետեսութիւնը։ Եւ ինչպէս երկու աշակերտները մխրճուած էին իրենց մտահոգութիւններուն մէջ՝ նոյնպէս Խաչիկ իր հոռետեսութեանը մէջ։ խաչիկ կը փնտռէ՝ ունի հարցումներ՝ որոնց պատասխանը կ՚ուզէ…կայ՞…չկայ՞։ Եւ յոռետեսութիւնը առկայ է քանի չկայ իր չորս կողմը ուրիշը՝ որ արժէք եւ մնայուն։
Եթէ իրարու հետ շաղկապուած իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն մէջ տեսայ «յոռետեսութիւն»-՝«Դառնացած եմ աշխարհէն, մարդոցմէն, սիրելիներէ երբեմնի»։ Սակայն այս յոռետեսութիւնը կեցած ու անշարժ չէր, այլ` քալող է՝ ճամբորդող է եւ ճամբորդութեան մէջ է եւ ինչպէս Դոկտ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը որակած էր, «շարունակուող» բանաստեղծ-բանաստեղծութիւնն մըն է: Խաչիկի յոռետեսութիւնը զինք չէ խեղդած եւ անշարժութեան մատնած։ « Ոհ մարդիկ այս աշխարհի կեանք տուէք որ ապրինք»։ Ոչ ալ զինք պարբակած եւ ամփոփած ինք իր պատեաններուն մէջ առանց տեսնելու իր չորս դին՝ « Ինչն՞ է որ մարդը կը կապէ այս աշխարհին, եթէ ոչ սպասման յոյսը»։ Խաչիկ Տէտէեանը իր յոռետեսութիւնը զարգացուցած է, իմա՛ «շարունակած», որպէսզի ինք հասնի, բայց նաեւ հասցնէ հայը, ազգը, հայրենիքն ու, տակաւին, մարդկութիւնը ճանչնալու այս ՈՒՐԻՇԻՆ՝ որ արժէքի գիտակցութեանը մէջ է:
Եւ Խաչիկ Տէտէեանի աշխարհը ընդհանրական բնոյթ ունի եւ կ’ը՚նդգրկէ մարդը իր «սիրոյն» մէջ, «վիշտին», «բնութեան», «մահուան», «անորոշութեան», «կեանքին», «պարզութեան» ու այս բոլորը` իր «հոգիի թռիչքին» մէջ ու մէջէն: Մարդուն մասին է, որ կը խօսի եւ կը յայտնէ, թէ «ո՛ւր կ՛երթայ…» եւ «կը խարխափէ անյոյս ճակատագրով մը»: Տակաւին, ան «կ’որոնէ իմաստը այս բոլոր անդուլ վազքին» եւ կը տեսնէ աշխարհ մը` «կ’երպարանափոխուած եւ անիծուած»: Այս բոլորին մէջէն ան կ’ուզէ կորսուիլ. «Կորսուիլ կ’ուզեմ հորիզոնի անհունին մէջ»: Բայց այս «անյոյս ճակատագրին» ան կու տայ ընթացք, եւ իր «կորսուելու փափաք»-ն ալ կը դառնայ նպատակասլաց: Ան կը փնտռէ «նոր հաւատք ու երազ ներշնչող» իրականութիւնները` թափ տալով իր հոգիի թռիչքին: «Պիտի ուզէի որոտալ, ժայթքիլ, դուրս գալ նոր երազի մը ուղիով»: Եւ այս նոր երազին մէջ պէտք է տեսնել յոռետես բանաստեղծին շարունակուող սլացքը` հասնելու եւ ձգտելու համար ՈՒՐԻՇԻՆ՝ արժէքին «ճշմարտութեանը», որ «աղջամուղջին մէջ կորսուած» է: «Ճշմարտութիւնը» բանաստեղծը կը գտնէ հաւատքին մէջ: «Տո՛ւր ինծի իմաստութիւն, տէ՛ր»: Այս այն «իմաստութիւնն» է, որ «խաւար իր կեանքին համար դառնայ ջահը անմար»: Ան կ՛ուզէ քալել այս «ջահին» ուղղութեամբ, որպէսզի կարենայ ըմբռնել Տիրոջ «խորհուրդները խորհրդաւոր»:
Խաչիկ Տէտէեանը հայն է, սփիւռքահայը եւ Հայաստան հայրենիքը սիրող, բայց եւ որուն «ապագան զինք կը յուզէ»: Ան կը տեսնէ իր ժողովուրդին «նահանջը` կամաւոր եւ այլասերող»: Ան այս իրականութիւնը վերածած է «վիշտի»: «Իմ ցեղի կորուստն է դանդաղ… կ’երթանք կորստեան ուղիներէ… Կը զոհաբերուին սրբութիւններ, արժէքներ, հայրենիք, ազգ, լեզու, անցեալ, կը նուազի յոյսը. Կ’աղաւաղուի դիմագիծը` մարդուն սրբակենցաղ, որ տեսակ է հազուագիւտ: Ո՞ւր է ան`այդ տեսակը կորսուած»: Ան այս բոլորը կ’որակէ որպէս` «Տագնապն է ան հայուն ներկային, հայրենիքէն դուրս նահանջող հայուն»:
Ան կ’ակնարկէ հայուն մեծ երազի ճամբու իտէալին եւ տեսիլքներուն, որոնք` «զիջեցանք զանոնք տեղայնական մտայնութեամբ»: Եթէ հոս բոլորը յոռետես բանաստեղծն է՝ բայց ան կը տեսնէ հայուն ապրելու ուժը իր հողին մէջ։ « ուժեղ է, հզօր է զօրութիւնը հողին…»։ Ու տակաւին « հզօր է ուժեղ է խորհուրդը հողին»։ Խաչիկը իր հայրենասիրութեան թռիչք-սլացքը կը հասցնէ «ուրիշ» մը ըլլալու գիտակցութեան. «Ահա այն ատեն միայն հաւատացի, որ մերն իրաւամբ ուրիշ է… որ Հայաստան աշխարհ կոչուած այս դրախտը իրաւամբ հրաշք մըն է հողեղէն…»: Բայց Խաչիկին սլացքը տակաւին վեր է. «Պիտի հասկնանք ուշ կամ կանուխ, անպայման, թէ հայրենիքն է միայն փրկութեան լաստը վերջին»: Ան կը վստահեցնէ` մեկնելով իր սփիւռքահայու փորձէն, որ`«օտար ամայի ճամբէքի վրայ չկայ խաղաղութիւն»:
Խաչիկ Տէտէեանը պահանջատէր բանաստեղծ է իր ժողովուրդի ահաւոր Ցեղասպանութեան փորձառութեան մէջ. « Իսկ մենք, օհ ոչ, մենք պիտի յիշենք միշտ, յիշեցնենք ու պահանջենք գինը ձեր արեան անսակարկ»։
Կայ նաեւ Խաչիկ Տէտէեան «Տեսիլքի» բանաստեղծը: Հոս դարձեալ իր յոռետեսութիւնը կը շարժի… «Կը տեսնեմ երկիր ազատ ու արդար, պետութիւն, ժողովուրդ ձեռք-ձեռքի տուած, կը կերտեն նոր, ազատ հայրենիք, նոր սխրանք, ուժեղ ապագայ»:
Խաչիկ Տէտէեանին յոռետեսութիւնը իրաւամբ շարժող է, որովհետեւ ան գիտէ դէմ կենալ ներկայ օրերու ընթացքին, որ «այլ» է: Բայց ինք հոն չէ, քանի գիտէ դիավարել «անտարբերութեան» մէջէն, որ «ախտ» է եւ «կը սուրայ մոլագար»: Խաչիկ Տէտէեանը «անցեալի տխուր յուշերը վանած» է ու, տակաւին, «ամօթի ու պարտութեան բարդոյթէն ձերբազատած», ան կը նայի «վաղուան օրուան յաղթութեան` հպարտութեամբ գօտեպնդուած»:
Եւ այս համարին մէջէն է որ պիտի յանդգնինք ըսելու թէ Խաչիկ Տէտէեանի՝ եւ մեկնելով Աստւոածաշունչի համարի բացատրութեան նմանողութեանը՝ «աչքերը կը բացուին» ճանչնալու եւ իւրացնելու ուրիշը՝ որուն արժէքը յաղթութեան հպարտութեան գիտակցութիւնն էր։ Խաչիկ դուրս կուգայ իր մխրճուած յոռետոեսութենէ եւ յաղթական՝ քանի կը գտնէ ուրիշը՝ հասցնելով նոյն հոռետեսութիւնը Արժէքի գիտակցութեանը եւ ճանաչումին։ Եւ այս Հպարտութեան արժէքը երբեք գերակայութեան համար չէ: Ինչպէս որ ինք կ’ըսէ` «Աժան ու սին ինքնապարծութեամբ»: Այլ հպարտութեան արժէք մըն է, որ Խաչիկ Տէտէեան յոռետես բանաստեղծը վերածած է շարժող եւ շարժուն: Շարժուն` կեանքի մէջ ուրիշին՝ արժէքին տենչալու եւ հասնելու ձգտումով: Ահա թէ ինչո՛ւ իր բանաստեղծութիւնը «շարունակուող» է, քանի արժէքի կեանքի ձգտումը երբեք պէտք չէ կենայ:
Իսկ արժէ՞քը… Ան հպարտ է` «հայ ծնած ըլլալով», հպարտ է` «հայու արիւն կրելով»: Այս հպարտութիւնը իր մէջ կերտած է «հաւատք» մը, որ միշտ «վառ» է, կենդանի, ապրող եւ շարժող: Տակաւին, կեանքի նկատմամբ «համոզմունքով» մը, որ իր անձը եւ ապրած օրերը վերածած են «ջերմութեան»: Եւ Խաչիկ Տէտէեան այս «համոզմունքը» եւ «ջերմութիւնը» կը վերածէ իր կեանքի իտեալ՝ իտեալ մը որ ուրիշ է եւ հիմնուած արժէքի կեանքը ճանչնալու եւ անոր հասնելու տենչով եւ կ’ը՚սէ՝ եւ երեւի որպէս աղօթք՞՝« Պիտի գայ օրը, երբ ովկիանոսի ալիքներուն տեղատուութեան հետ մեր ցեղի տեղատուութիւնը աւարտի պիտի, ու ովկիանոսի մը նման լուծէ հայրենիքն իմ, տարանջատուած իր ցեղի բեկորները իր մէջ»։
Շնորհակալութի՛ւն, Խաչիկ Տէտէեան, որ մեզի առիթը տուիր քեզի հետ քալելու եւ կամ ճամբայ ելլելու։ Եւ այս ճամբորդութիւնը՝ քու բանաստեղծութիւններուն մէջէն՝ առիթ էր ճանչնալու ուրիշը՝ արժէքին կեանքին գիտակցութեանը մէջէն: Քեզի, մեզի եւ մեր բոլորին:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ