ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
“ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ”
Ոչ շատ հեռու անցեալին, ընդամէնը երկու տասնեակ տարիներ առաջ, նամակագրութիւնը իր ուրոյն տեղը ունէր մեր կեանքին մէջ։ Նամակի պահարանին վրայ արձանագրուած ձեռագիր հասցէն, ընտրուած դրոշմաթուղթը, պահարանին ծանրութիւնը՝ օրերու վրայ տարածուող ներգործութիւն կʼունենային, տրամարդութիւն կը ստեղծէին։
Հաղորդակցութեան արդի արհեստավարժութեամբ նուաճուած բոլոր կարելիութիւնները, չեն յաջողիր փոխարինել այն փոքրիկ ծրարները, որոնք կը կամրջէին սահմաններէն հեռու մարդիկն իսկ, տարբեր կենցաղով, հայեացքով։ Հասարակ յայտարարը, իրենց միջեւ, շատ յաճախ «Գիրի» հանդէպ պարտաւորեցնող ակնածանքն էր։ Պահարանը, ծրարը՝ սահմանազանցման իւրայատուկ բերկրանքը կը պարգեւէին։
Անցանկապատ այս աշխարհին մէջ, հարկադրաբար մեր հաստատած սահմաններուն թիւը կʼաճի օրէ օր։ Կը հիւսենք պատեր՝ մեր ներաշխահը պաշտպանելու, արժանապատուութիւնը պահպանելու համար։ Անմատչելին չենք փորձարկեր, բարդ հարցերը՝ ի սկզբանէ չենք ուզեր վերլուծել, զանոնք մեր հասողութենէն վեր դասելով։ Անկեղծանալու քաջութեամբ՝ հարցադրումներու պատասխանները չենք ուզեր գամուած տեսնել «Անտարբերութեան» պատին վրայ, սակայն շարքէ դուրս ելած նամակներուն պէս, հետզհետէ եւ կամովին՝ կը դառնանք նուազ ազատ, նուազ հաղորդակից, բաց հոգի։
«Խենթ Գիշերներու Թափառումները» ծրար մըն է ընդհանրապէս բողոքի նամակներու, արձակ բանաստեղծութեան հագուստով պաճուճուած։ Ներդրում մըն է ան հեղինակէն՝ «Բանին» ու «Գեղեցիկին» բագինին վրայ, հայ գիրքի տարուան եւ գրատպութեան 500 ամեակին առթիւ։
«Տագնապ եւ Խռովք»ը, առաջին մասը գիրքին, կʼանդրադառնայ «Նոր Աշխարհի» անդիմագիծ ու կիսադատարկ ամբոխին, որ արժէք կու տայ Կեղեւին՝ քան միջուկին։ Նոր Մարդը ունի պճեղ մը սիրտ, բայց ան շալկած է հեղեղ մը ցաւ անհուն։ Նոր ճանապարհի որոնումը ետին կը թողու ճապաղ օրագիր, որովհետեւ ցաւերը նոյնանման են ու միօրինակ։
Բողոք ունի հեղինակը եղափոխութեան, մանկութեան երազներու չքացման դէմ։
«Խլեցին մեզմէ կտոր մը երկինք մով, որուն
Երբեմն ապաւինած, աստղերու մտերմութիւնը կը տենչայինք։
Լեցուցին հոն ծծումբ ու ծուխ գարշահոտ,
Ու վանեցին ընդմիշտ աստղերու պարը հմայիչ»։
Յենակէտ. Ելակէտ մը գտնելու յոյսով, երկունքի, ստեղծարարութեան անսահմանութիւնը կը գծէ գալիք մարդուն, զաւկին, բարձրունքներու հորիզոնին տեսադաշտը պարզելով անոր առաջ։ «Ձեռնունայն» վախճանի մտավախութենէն մղուած, կը յուշէ, որ կանգ չառնէ վայրկեան մի իսկ իր սլացքի ընթացքէն, որովհետեւ «Դադարը մահ է, ցաւերու վերյուշ է, եւ ունայնի տագնապ»։
Ներանձնական չէ իր տագնապը։ Մարդոց հանդէպ տածած իր սէրն է, որ զինք կը մղէ ըսելու.
«Ես բողոքի ղօղանջն եմ գազանային այս դարուն,
Ուր արժեչափերը կորած են ընդմիշտ,
Ուր մարդը վերածուած է անմխիթար քուրջի,
Ու նետուած լուսանցքէն դուրս իր ժամանակին»։
Կամ՝
«Ձայներու ճաթռտած արանքէն կը բարձրանայ ահա
Եւ ի՛մ ձայնը խռպոտ, իբրեւ հարցադրում,
Այլեւ բողոքի ճիչ արձակուած
Իր արգելարաններէն մռայլ»։
40 բանաստեղծութիւններու եզրափակումը՝ գրքին առաջին բանաստեղծութեամբն է, «Հաշուեկշիռ»ով, ուր բազում տագնապներուն փրկարար լաստը կը գտնէ բալասան, մնացորդ սիրոյ հարցադրումին մէջ.
«Այն բոլորը որ սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Միմիայն անոնք
Չեղա՞ն հոգիիդ հունձքը՝ օրուան վերջին»։
Երկրորդ բաժինը գրքին «Տուայտանք»ը, 24 քնարական բանաստեղծութիւններով՝ մակընթացութենէ ետք տեղատուութեան տպաւորութիւնը կը թողու։ «Յիշէ Զիս»ը, «Կէս Գիշերային Գրքանքը», «Անցեալի Էակ Վտարանդի»ն, «Ես ու Դուն», «Քնարիդ Շունչին Տակ», եւ «Սէրը»՝ կը կարդացուին Զարիֆեանի բանաստեղծութիւններու սահունութեամբ, մեծ սիրերգուներու խորհրդածութեամբ.
Ա.- Ի՞նչ է սէրը... եթէ ոչ
Կէս գիշերային անուրջներուդ մէջ թափառող,
Գերող յաճախանքի մը նման ցցուող,
Կարօտակէզ տեսիլք մը յամեցող։
Բ.- Ի՞նչ է սէրը... եթէ ոչ
Անիմաստը շղարշած քօղը աներեւոյթ։
Երրորդ բաժինը գրքին, «Մոլորեցնող Կածաններ» 16 բանաստեղծութիւններ, նուիրուած են հողին, առեղծուած մեր ցեղի ներկայի եւ ապագայի հարցերուն, կեղծիքին, ճիտի պարտքը վճարած գրողներուն, անկէզ բորենիներուն, անապատի սարսափին, Տեսիլքին։ Հայաստանի, Հայութեան նուիրուած այս շարքն ալ ընդհանրապէս հայու խոշտանգուած հպարտութիւնը հաստատելու յոյսով գրուած են։
Սիրելի Խաչիկ,
Տողընդմէջ ցանկութիւններէդ էին.
Ա.- Կը տենչայ ան գտնել մա՜րդը իր մէջ կորսուած,
Որ գիտէր խոնարհիլ արժէքին դիմաց միայն...
Ու մերժել դիմակները հարթակին վրայ թէ քուլիսներու ետին։
Բ.- Բայց ի՜նչ փոյթ։ Կը մնամ անհունօրէն գոհունակ
Որ մարդկութեան ահեղավազ այս կառքին գահավէժ՝
Զսպանակող պողպատեայ նիգ մը ըլլալու բախտին
Պիտի արժանանամ օր մը ես։
Գ.- Իմ հոգին փակ մատեան է հաստափոր
Ուր կʼամփոփուին թախիծն ու խինդը ժամանակի,
Մերթ ընդ մերթ դուրս կը ցայտեն լաւա ու հուր,
Էութիւն մը անթեղուած՝ կը տնքայ հոն լո՜ւռ։
Իմ հոգին՝ մատեանն իր կարդացողը կʼըղձայ։
- Թող իրականանան իղձերդ։
Շնորհակալութիւն նամակներու ծրարիդ համար։
Վարձքդ կատար։
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ