ՎԵՐՋ ԲՈԼՈ՜Ր ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

Հարցումներ չունիմ այլեւս...

 

Բոլոր հարցերս երէկի,

Առեղծուածները, զիս մտալլկող,

Հանգուցալուծուած են,

Ինչպէս անջրպետն այս հոգեզմայլ,

Վաւաշոտ կնոջ մը նման՝ արեւն այս ջերմեռանդ,

Որուն երկրպագուն ենք դարձեր։

 

Պատասխանը մեր հարցերուն

Մեր շուրջն էր, հո՛ս, օր ու գիշեր,

Մեզի աչքե՜ր էին պէտք տեսնելու...

 

Առեղծուած չեն ո՛չ կեանք ու մահ։

Մարդը, որքա՜ն ալ հզօր թէ ճղճիմ թուի ան,

Ոչ իսկ աշխարհն այս, հոլանի կնոջ մը նման գերող,

Առինքնող անոր վայելքը կարճատեւ,

Կ’ապրինք մեզի տրուած շնորհ ու պարգեւ։

 

Մենք հիւրն ենք այս աշխարհին,

Կեանքին՝ մեզի ընծայուած հրաշքին, վկաները բախտաւոր...

Կը չքանան հարցականները բոլոր,

Տագնապ ու հոգելլկում կը դառնան մանրուքներ.

 

Մենք պատրանքին երգիչներն ենք դարերէ ի վեր...։


2020