ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԸ

Չմեռաւ…

Դեռ հոգեվարք կ’ապրի.

Վերջին մարտն է ու պարտի

Յաղթական դուրս գալ:

Այս մարտին ընդմէջէն

Գուցէ շատ բաներ փոխուին,

Գուցէ ապրելու կամքը յաղթանակէ:

Ի զուր յոյսը, որ խաբած էր շատերը

Իրմէ առաջ, իր նոր փորձը կ’ընէր

Այս զոհն ալ շպրտելու:

Որքան խե՜ղճ է մարդս ու

Որքա՜ն յաւակնոտ,

Խե՜ղճ՝ իր թերութեամբ ու

Ինքնահաւան իր մտքերով,

Խաբկանքներու ալիքին մէջ մտնելու

Հակամէտ, միշտ պարտուելու յօժար

Սա արարածը, դեռ կը սիրէ հաւատալ,

Պատրանքներ հիւսել անտեղի:

Ու այս մարտը, գուցէ վերջինը,

Թող ըլլայ վերջին փորձը.

Գուցէ ըմբռնէ, ընդունի

Ու չդիմադրէ աʹլ հոսանքին...:

1983