ՎԵՐՋԻՆ ՋԱՀԸ

Խուցիս մէջ քարացած կը մնայ

Յուշարձանդ, զոր կանգնեցի մեկնումէդ ետք:

Անոր առջեւ ծնրադրելու կու գամ

Ամէ´ն գիշեր, նորոգելու սէրս քեզի,

Ու խոնարհելու՝ յիշատակիդ դիմաց:

Ցուրտ ու համր արձանիդ վերեւ

Կը տարածուի միապաղաղ գիշեր մը երկա՜ր.

Սպասման օրերը կը դառնան ամիսներ,

Կը կորսնցնէ ան իր ցոլքը ջերմ,

Սպասումն ալ կը վերածուի սին պատրանքի...:

Սպասումէն յուսահա՜տ, լլկուա´ծ,

Հաւատքն անոր հետզհետէ կ’անհետի,

Կը դառնայ ան քար կոթող մը պարզապէս.

Սէրս ալ ի վերջոյ կը թաղուի անցեալին մէջ:

Վերջին ջահն ալ կը մարի խուցիս մէջ...:

1985