ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՅԾԸ
Այն պահուն, երբ կը կարծէի,
Թէ դադրած են սէր, երջանկութիւն, գրգանք
Ինծի համար,
Ահա այդ պահուն մտար ներաշխարհէս ներս
Ու խռովեցիր հոգիս մոլորեալ.
Եկա՜ր համեստ, անպաճոյճ կնոջ մը տեսքով,
Եկա՜ր բնական, անսեթեւեթ հմայքով,
Որ կու գայ լուռ, անսպասելի՛,
Բայց մուտքովն իր կը խափանէ արեւն անգամ,
Եկա՜ր ու գրոհեցիր էութիւնս մռայլ։
Կը դիտեմ քեզ անհագ, ժպիտդ հաւակնոտ,
Կը լսեմ խօսքերդ անոյշ, ձայնդ հրապուրող,
Աչքերդ, որ հեշտանք կը ծորին, կը յուզեն անյագօրէն,
Կը գերեն երկա՜ր, անհունը գրկած.
Օ՜հ, ի՜նչ հմայք, ի՜նչ ճախրանք, կի՜ն,
Դուն ե՜ւ անուրջն ես, եւ երա՜զը գիշերին,
Դուն անդորրն ես մտքին եւ ալեկոծումը հոգիին,
Դուն ժխտումն ես այս վայրի աշխարհին
Եւ բոցկլտացող մոմը՝ խաւարի տարտամ անդորրին։
Այն պահուն, երբ կը կարծէի,
Թէ դադրած են յուզմունքներ, սէր ու երազանք,
Դուն եկար որպէս անհպելի կայծ,
Վերջին բորբոքում՝ հոգւոյս մարմրող կրակին։
2020