ՎԵՐՋԻՆ ԳՐԳԻՌ
Աչքերս յառած պատկերիդ,
Անցեալի յուշերը կը տողանցեն
Երեւակայութեանս պաստառէն:
Կը վերյիշեմ մեր սիրոյ ոդիսականը,
Իր այնքան ողբերգական աւարտով՝
Մեր բաժանումով:
Յորդառատ աղբիւրի մը նման,
Տուիր հէք ու տառապած սրտիս՝
Նոր աւիշ ու սլացք:
Հիմա, որ յաւէտ բաժնուած ենք,
Անցեալը զիս կը հալածէ,
Տարտամ ապագայ մը կ’աւետէ:
Ի՞նչ իմաստ այսուհետեւ...
Քուրային մէջ ներկայի
Կը խանձուիմ ես լքուած ու անտէր:
Սիրոյս դառն աւարտով,
Կ’անշքանամ ես ներքուստ,
Մարող պատրոյգի մը նման:
1984