Վարուժան Արք. Հերկելեան
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Պարզ ու կոկիկ, ամէն առաւօտ, կշռուած քայլերով, վեհարանի աստիճաններէն կը բարձրանայ ու կʼուղղուի իր գրասենեակը։ Կը նստի գրասեղանին առջեւ ու ձեռք կʼառնէ հոն դիզուած թղթածրարները։ Միշտ բաց է գրասենեակին դուռը, ուր ոեւէ ատեն կը մտնեն պաշտօնեաներ, միաբաններ, արհեստաւորներ իրենց գործերու մասին զեկուցելու, ուղղութիւններ ստանալու եւ մեկնելու։ Հեռախօսը անդադար կը հնչէ։ Փոքր խումբ մը, գրող, խմբագիր, ուսուցիչ, առաջնորդ հոն կը մտնեն առաւօտեան սուրճին շուրջ կարճ զրոյց մը ունենալու առօրեայ հարցերու, Լիբանանը, Սփիւռքը եւ մասնաւորաբար հայրենիքը յուզող ընդհանրապէս ո՛չ հաճելի իրադարձութիւններու շուրջ։ Գրասեղանին կռթնած տղան մասնակից է զրոյցին։ Բոլորը գիտեն որ այդ տղան Խաչիկ Տէտեանն է՝ կաթողիկոսարանի դիւանապետը։ Քիչեր գիտեն սակայն, որ այդ տղան քառասուն տարիներու երկայնքով բանաստեղծ է։
Այսօր բնական դարձած է։ Ոմանք ուռած, փքուած ու շատ ծանր կը ցուցադրեն իրենք զիրենք՝ իրենց թեթեւութեան մէջ, մինչ ուրիշներ համեստ ու խոնարհ, լուրջ ու հանդարտ, շատ թեթեւ կʼերեւին իրենց հարուստ ծանրութեան տակ։ Շատեր փուճ ու սնամէջ կեղեւը այնքան շքեղ կը ցուցադրեն, մինչ ուրիշ քիչեր, իրենց հարուստ ու շքեղ միջուկը այնքան պարզ ու համեստ կը ներկայացնեն։
Քիչեր գիտեն, որ Խաչիկ Տէտէեան կոչուած տղան միայն դիւանապետ չէ, պաշտօնեայ չէ, այլ անոնցմէ շատ առաջ, իր ներաշխարհին մէջ կրող ու աճող հազարաւոր տողերու ծանրութիւն ունեցող բանաստեղծ է։ Կաղապարուած աթոռի եւ օգոստափառ հանդերձանքներու խնկարկող չէ, այլ ցեղին առատ ցաւին եւ դոյզն ուրախութեան երկրպագու։ Իր տողերուն մէջ անկեղծ է, խուզարկող եւ փնտռող, թափանցիկ, յանդուգն եւ խիզախ, համարձակ ու արձակ, անկողմնակալ, ազնիւ ու բարի եւ մանաւանդ ջերմ հաւատացեալ մը իր արարիչին, իր ցեղին, իր արմատներուն եւ յատկապէս լուսաւորչի կանթեղին, անկէ շողարձակուող մեր հնչեղ ու զուլալ շարականին, մեր գրականութեան եւ մշակոյթին ընդհանրապէս։
Քիչեր գիտեն, որ իր մարդկային սեղմ մարմնին մէջ կը կրէ հսկայ աշխարհ մը, լեռնաշխարհ մը, իր վայրի բաժանումներով եւ հոն ապրող իրերանման, բայց տարբեր աշխարհներ կրող մարդեր։ Հոն, իր հանդիպած յուսաբեկումներուն, անարդար վճիռներուն, անողորմ վերաբերումներուն, ունայնութիւններուն, այլանդակութիւններուն, կեղծաւորութիւններուն, ատելութիւններուն, դասալիքներուն, երկպառակութիւններուն, քայքայումներուն, կորուստներուն, հոգեկան սնանկութիւններուն, տեղատուութիւններուն, իրարամերժութիւն-ներուն եւ դաւաճանութիւններուն դիմաց ինք կը մնայ բնական ու ոչ դերասան, թափանցիկ ու ոչ դիմակաւոր արարած, ցաւակից ու ցաւակիր եւ ոչ վարձկան եղերամայր եւ ուրախութեանց անկեղծ խնդակից՝ առանց ճերմակի եւ սեւի խտրութեան։ Իր խօսքը մանկան ճիչին նման ինքնաբուխ է եւ ոչ թէ «միջոց մը իրողութիւնը քօղարկելու» ինչ որ այսօր տարածուած ախտ է մարդկային վերնախաւերուն մօտ։
Մեր երկրի, ինչպէս Լիբանանեան հայրենիքի անյուսալի իրավիճակը, ստորաքարշ արարածներ, մամոնայի երկրպագուներ, փառքի ու աթոռի վաշխառուներ, լեզուի ու ազգային արժէքներու փլուզումներ յաճախ փոթորիկներ կը ստեղծեն իր բանաստեղծ հոգիին մէջ, ցասումով ու մորոմքով կը լեցուի, ցնցումներ կʼապրի եւ իր սիրազեղ քնքուշ տողերը երբեմն դուրս կու գան գրական լուսանցքներէն եւ կը դառնան բողոքի կանչեր, նզովքի ցոլքեր ու հարցադրումներու շարքեր։
Բանաստեղծը տակաւին չունեցաւ հանդարտիկ պահ մը, որ իր օրհներգութիւններով, սիրերգութիւններով եւ գովերգութիւններով, որոնց փաստերը կը յորդին իր հանդարտ տողերուն մէջ, իր աշխարհը ստեղծէ եւ բաշխէ շրջապատին, սիրելիներուն ու բոլորին անխտիր։
Մանաւանդ վերջին երեսուն տարիներուն մեր երկրի երկնակամարին տակ ստեղծուած մթաստուեր վիճակը, իր հոգիին մէջ քանդումներ կը յառաջացնէ, հրդեհներ, շարժեր, արիւն ու աւեր, ծուխ ու մոխիր կը սփռէ, ամէն անկիւն ցաւ ու զրկանք, կորուստ ու սուգ կը տարածէ, սակայն այդ բոլորին մէջէն նման իր տիրոջ, հանդարտ շարժումներով, կոկիկ եւ պարզ, դուրս կու գայ բանաստեղծին երրորդ աչքը՝ սեւ ու ճերմակ, որուն բիբին մէջ հետզհետէ կը բոցավառի ճրագը լուսաւորչեան անմար կանթեղին…
Այս պահուն, գինձօնեան այս մթնոլորտին մէջ զքոյդ քեզ մատուցանելով, կը կրկնեմ. «Քալէ մարդկութեան յաւերժաքայլ ընթացքով դէպի ապագաները սրբահրաշ», սիրելի գրչեղբայր՝ Բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեան։
22 Փետրուար, 2023
Վարուժան արքեպիսկոպոս