ՎԱՍՆ ՄԵՂԱՆՉԱՑ

Հուրի, սուրի եւ մահուան ճամբաներէն քալած,

Հաւատքի ու պայքարի ոդիսականը ցեղիս

Իրաւունք կու տայ դիմել մեղանչողներուն,

Որ պայքարի ձեռնոցը չնետենք վար, երբ ղօղանջը

Մէկուկէս միլիոնին անհուններէն կը գոռա՜յ «յիշեցէ՛ք մեզ»...

 

Երբ հեղուած արիւնը կը մնայ թա՜ց ու անհատո՛յց,

Եւ երկիրը մեր՝ բռնազաւթուա՜ծ,

Մեղանչելու իրաւունք չունի՛նք, ո՛չ, երբե՛ք,

Վասն մեր սրբազան դատին ու պայքարին,

Նահատակներու կտակին,

Յանուն անշեղ ապագային

Ու մեր ցեղի անհուն զոհաբերութեան,

Դարերէ ասդին։

 

Լուսանցքներուն ներքաշուած,

Թէ ուղիներու վրայ օտարացնող,

Համախմբուինք ոգիով, մարմինով

Մեր համազգային դրօշին տակ,

Ի սէր մեր նահատակներու կտակին՝

«Յիշել ու պահանջել»ու աղաղակող կանչին,

Ի խնդիր մեր ցեղի յարատեւութեան...

 

Իրաւունք չունի՛նք մեղանչելու, երբե՛ք,

Պիտի տոկանք, թէկուզ մեր ճանապարհն ըլլայ քարքարոտ,

Մեր պայքարը թուի դաժա՛ն, այլ ելք չկա՛յ,

Մենք պիտի յարատեւենք դեռ երկա՜ր...


2015