ՎԱՂՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԻՆ

Գնահատել արժէքները շրջապատի

Առաքինութիւն է՝ քիչերուն միայն տրուած։

 

Հայրս կ’ըսէր՝ «Լաւին լաւ ըսել արդարութիւն է,

Եւ մենք ծարաւ ենք այդ արդարութեան»։

Իրօք, ծարաւ ենք արդարութեան,

Քանզի մեր եսը գերիվեր է միշտ եղած։

 

Պէտք է հաւատալ իրաւա՜մբ, որ

Արժանիին հատուցանելով՝

Կը բարձրանանք նաեւ մենք, գուցէ եւ աւելի՜

Ազնուութեան գերագոյն պատուանդանին։

 

Հասկին պէտք է ջրել, անսակարկ ու առա՜տ,

Ցորենի վաղուան հունձքին համար,

Այլապէս, վաղուան բերքը պիտի ըլլայ սակաւ,

Ու մեր երթը՝ տժգոյն ու աննշան...


2019