ՎԱՂԸ...
Իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ
Կայ պահ մը, գուցէ պահեր,
Զինք հարցադրող, սարսափեցնող:
Այդ պահը կ’ապրինք յաճախ.
Կը սոսկամ զիս դիմագրաւող գալիքէն՝
Անորոշին քուլաներուն մէջ թաքնուած:
Պիտի ուզէի ըլլալ տէրն անոր,
Ու ըլլալ անոր հերոսն իսկական,
Որ դէպքերը ընթանային այնպէ´ս՝
Ինչպէս մե՜նք կը ցանկայինք
Ու կը տենչայինք։
Աւա՜ղ, կանգնած հիմա ճշմարտութեան դիմաց,
Կը տեսնեմ հարցականը մեծագիր, որ
Արհամարհական կը կանգնի մեր դիմաց
Ու դաժան ապագայ մը կ’աւետէ...
Հաւատացէ՜ք, որ այս պահուն ես,
Կը սոսկամ վաղուան հարցականներէն,
Լինելութեան այն մե՜ծ հարցականէն
Որուն պատասխանը չունի ոչ ոք հիմա...
1984