ՍԿԻԶԲԸ ԱՒԱՐՏԻՆ
Խոնարհ հերոսներուն
Կը մեկնին հապճեպով, կը մեկնին փութով, ինչ-որ վախի արդիւնք կամ խուճապի մը հետեւանք: Անոնք լաւերն են, երիտասարդները՝ մատղաշ, պտուղին նման՝ անհաս. իրենց հետ կը մեկնին բարութիւնը, ազնուութիւնը եւ դարու ոգին, որովհետեւ, պարտամուրհակ մը կը ձգեն իրենց ետին. իրենց ցաւին ու տագնապին, իրենց դարու խեղճութեան ու ծաղրին ծանր բեռան գինը, զոր իրենցն էր, ճիտին պարտքը՝ զոր չկրցան վճարել ու թողուցին մնացողներուն, որ հատուցեն. իրենց ողջութեան մերժեցինք ձեռք երկարել, որ դուրս գային իրենց անելէն ու ողջակիզումէն. մերժեցինք դուրս բերել զիրենք իրենց տիղմէն ու փոսէն, վախով, որ գուցէ մե´նք այդ փոսին մէջ տապլտկինք: Անոնք գացին լո՜ւռ, առանց աղմուկի, լաւագոյնները՝ անճանաչելի, համեստները իրենց տեսակին. գացին գիշերուան աղջամուղջին մէջ երգելու իրենց սերունդի սոնաթան, արձագանգով մը համատարած, անհունին մէջ արձակուած ճիչով մը եղերական: Անոնք վճարեցին լռութեան գինը, անձնազոհութեան եւ բարութեան գինը, խոնարհ հերոսներ՝ որոնք շքանշաններու եւ պատիւներու չարժանացան, եկան ու գացին առանց փող ու թմբուկի, անյիշաչար այս ժամանակի տխուր երգը երգելու, կայծ տալու մոխրացող կրակին, որ քիչերու սիրտերը միայն ճենճերեց:
Բացէ´ք մամուլի տժգոյն էջերը փոշոտած գրադարանին ու թերթատեցէք թերթ առ թերթ. ամէն օր մէկը՝ հազարներու փաղանգին, ամէն օր նոր ճարճատուն փայտ մը կեանքի հնոցին ու կրակարանին, վառ պահող յիշատակը՝ սերունդին, որ արտորաց, զոհուեցաւ, նուիրաբերեց վասն հաւատի, վասն հայրենեաց, վասն իր ժողովուրդին, վասն այս ապերախտ մարդկութեան, որ կը գոյատեւէ մշտանորոգ արեան բոյրով ու մարդկային անվերջ ընծայումով, բայց չի´ յագենար, այլեւ կը յղփանայ ամէն օր աւելի, պղծութեամբ, ի տես իր յաղթանակներուն: Հիմա, փակեցէք էջերը մամուլին եւ նայեցէք դուրս լուսամուտէն՝ փողոցն ի վար թշուառ ամբոխին, որ խլեակի մը նման, զոհած պատիւ, ամօթ ու արժանապատուութիւն՝ կ᾿աղերսէ ողորմութիւն, օգնութի՜ւն՝ զինք կեղեքօղ դահիճներէն: Անոնց արեան գինով յղփացած այդ ջոջերը, իրենց լումաները թափած մայթեզրի փերեզակներուն, կը կեղեքեն՝ իրենց փառքն ու հարստութիւնը թիզելով. ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թքեր եմ ձեր տեսակին ու փրկութեան կոչին, որ պոռոտախօսութեամբ կը ցրէք աստ ու անդ, մարդոց երեսին օրնիբուն, բայց հակառակին կը ճգնիք:
Բայց ո՞վ ու ե՞րբ պիտի պահանջէ հաշիւ ձեր կեղեքումին, կեղծիքին ու թալանին համար, ո՜վ պիտի կանգնեցնէ ձեզ՝ դատաստանի եւ հաշուետուութեան, երբ լաւագոյնները կը մեկնին ու հազարներ կ᾿երթան իրենց գիշերային նինջին՝ անօթի ու ծարաւ, վաղուան տագնապը կլանած իրենց ողջ էութիւնն ու հոգին: Ե՞րբ պիտի հնչեն կոչնակները ու հրաւիրեն ձեզ վերջին դատաստանին, ձեզ՝ մերօրեայ մարգարէներն ու այրերը վերաբնակ. ձեր վճիռները դարձած են ամբոխին ճակատին գամուած մեխը, պարանոցներուն անցուած վերջին չուանը, անոնց ճակատագրին ուղեցոյցը: Այո՜, դուք ամէն տեղ էք, բոլոր ժամանակներուն մէջ, հոն ուր ողբ ու ատելութիւն, հոն ուր դառնութիւն, անէծք եւ թշուառութիւն կան, հոն էք ձեր տխրահռչակ տոմարներով ու հրովարտակներով, ձեր վճիռները կարդալու՝ անճար ու խեղճ ամբոխներուն: Ո՜վ չի գիտեր ձեզ. դուք հրէ´շն էք ու ճիւաղը, նորովի անուններով, տարբեր դիմաքանդակներով, բայց երբեմնի նոյն ծաղր ու քմայքով, նոյն ատելութեամբ լեցուած դէպի մարդկութիւնն ու գեղեցիկը, փառքի եւ աթոռամոլութեան նոյն մոլուցքով, գիտէք ընկճել ու տիրել, խաբել ու դարպասել, գիտէք շոյել բայց դաւել, ժպտիլ բայց հեգնել, ձեւացնել բայց հարուածել ու տապալել, կոխկռտել ու նզովել, այո՜ հանճար էք ցաւին ու ողբին երես դարձնող, փառամոլութեան անյագուրդ արքաները այս մարդկութեան:
Կը մեկնին լաւերը, կը մեկնին փութով, կարծէք իմաստութեան ու հասունութեան դափնեպսակը հագած, անհատոյց իրենց պարտամուրհակը մեզի կտակ ձգած: Բայց մենք տարբեր չենք անոնցմէ, ծանր այդ բերան տակ կքած էինք ու ենք նաեւ մենք, չենք գիտեր այդ անելէն դուրս գալու հնարքը, միջոցը, բացի խոնարհումէ ու համակերպումէ եւ օրուան աւարտին՝ բաժակ մը ցմրուր խմած լեղի արտասուքէն, որ մեր կոկորդն ի վար հոսող արեան գետեր են ու ցաւի ովկիանոսներ: Կը մեկնին լաւերը, կը մնան հազարներ՝ նոյն ցաւին ու վիշտին համակերպ:
Իսկ մենք կը խմենք դառնութեան այս բաժակէն, տիւ եւ գիշեր: Կը խմենք, մոռնալով որ մենք մա՜րդ ենք վերջապէս եւ ո´չ մարդկային խլեակներ: Կը խմենք այդ բաժակէն, որ մոռնանք որ մարդ էի՜նք եւ ոչ՝ խլեակներ։
Ո՞վ պիտի հնչէ կոչնակը այս գազազած մարդկութեան զգաստութեան:
Ե՞րբ է սկիզբը աւարտին:
2016
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 25-2016, էջ 19-20: