ՍԻՐՈՅ ՅԱՃԱԽԱՆՔԸ
Կղզիի արծաթավառ ծովափի եզրին ընկողմանած,
Կ’ըմբոշխնէի մոգական տարփանքները աղջկան օտար,
Որ հեթանոս դիցուհիի մեղկութիւնը մարմնաւորած,
Յանձնուած էր այդ գիշեր սիրոյս խելագար...
Բազուկներուս մէջ կը խայտար հուրն իր սրբազան,
Որ տարերային գետի մը նման կը հոսէր երակներէս,
Իսկ ես, երկունքի այդ պահուն, հարբած իր սիրով մոգական,
Կը վերածնէի սիրոյ աւիշով վառ...
Չարչրկած գլուխս հանգչեցուցած իր մարմնին հոլանի,
Կ’ունկընդրէի խռովքը հոգիին, զարկերը սրտին.
Ու հոգիս հետզհետէ կը սուզուէր խո՜ր երազի
Մը ոլորտներուն մէջ, ու կ’երթար անհունին մէջ գալիքին...
1986